ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բռնց-քամարտի միջազգային համադաշնութեան՝ IBFի, առաջին միջին (մինչեւ 73 քկ.) ծանրութեան կարգի աշխարհի ախոյեան, Հայաստանի մարզիկ Արթուր Աբրահամը, Յունիս 27ին, Պերլինի «Մաքս Շմելինկ հոլ» մարզասրահին մէջ, աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մրցամարտին ընթացքին, 10րդ փուլին զգետնումով յաղթեց ազգութեամբ թուրք մարզիկ Մահիր Օրալին:
Վերջինս, ինչպէս Ա. Աբրահամը, կը բնակի Գերմանիոյ մէջ եւ 11րդ անգամ նուաճած է աշխարհի ախոյեանի կոչումը ու 10 անգամ պաշտպանած է զայն: Ամբողջ մրցամարտին ընթացքին հայ մարզիկի առաւելութիւնը ակնյայտ էր. ան փուլէ փուլ կը «քայքայէր» մրցակիցին դիմադրութիւնը՝ վերջապէս զգետնելով զայն: