
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ Ուրբաթ, 26 Յունիսի երեկոյեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան, եղաւ առաջնորդ սրբազան հօր ընթրիքին հիւրը՝ ներկայութեամբ թեմիս ժողովականութեան ու միութենական ներկայացուցիչներու: Ապա նաեւ Ազգ. «Ֆերահեան» վարժարանին մէջ, ան ներկայ գտնուեցաւ ժողովրդային հաւաքի մը, որ յատկացուած էր հայութիւնը յուզող այժմէական հարցերու՝ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեան ու գործակցութեան լոյսին տակ:
Պաշտօնական հիւրընկալումը տեղի ունեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Հիւր դեսպանը, առաջին հերթին, առանձին հանդիպում մը ունեցաւ առաջնորդ սրբազանին հետ, անոր գրասենեակին մէջ, ապա սրահէն ներս հիւրընկալուեցաւ ընթրիքով։ Ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վահէ Եագուպեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան, թեմիս Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ այլ անդամներ, հայկական միութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ու Ազգ. առաջնորդարանի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ եւ Հայ Դատի գրասենեակի անդամներ: Արտասանուեցան ողջոյնի ու սրտի խօսքեր:
Աւելի ուշ, հիւր դեսպանն ու հիւրընկալներ ուղղուեցան Ազգ. «Ֆերահեան» վարժարանի սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաքը, որուն հանդիսավարն էր Ազգ. վարչութեան անդամներէն իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեանը։
Դեսպան Եովանովիչ ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց ու գործակցութեան դաշտերուն մասին՝ վեր առնելով միջպետական գործակցութեան դաշտերն ու անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բարեշրջման ճիգերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի վերաբերող հարցերուն։ Դեսպանը նաեւ պատասխանեց հանդիսավարին կողմէ համադրուած հարցումներուն, որոնք գրաւոր կերպով ներկայացուեցան ներկաներուն կողմէ։
Հարցումները կը բխէին Հայաստանի տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութեանց կրճատումի հաւանականութենէն, Արցախի ու ընդհանրապէս կովկասեան իրադարձութիւններէն, եւ բնականաբար՝ Ցեղասպանութեան ու հայութեան իրաւունքներու ճանաչման ակնկալութենէն։
Աւարտին, դեսպան Եովանովիչ նաեւ առիթ ունեցաւ մտերմիկ զրոյցներ ունենալու ներկաներուն հետ։ (Մանրամասնութիւնները հետագային):