ՌՈԶԱ ՉԻԼԻՆԳԱՐԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Կլէնտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի յատուկ յառաջացուած յանձնախումբին, Կիրակի, 31 Մայիս 2009ի առաւօտեան ժամը 11ին, Պըրպէնքի «Քասթըուէյ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարնանային խրախճանք» մը:
Սրահ մուտք գործող մայրերն ու հրաւիրեալները ստացան աւանդական Համբարձման տօնի խորհուրդներէն մէկը՝ «վիճակ»՝ կցուած գեղեցիկ յուշանուէրներու, իսկ սրահի մէկ անկիւնին մէջ զետեղուած էին կրպակներ, ուր յօգուտ մասնաճիւղին կը վաճառուէին կնոջական զանազան գեղագիտական առարկաներ:
Յանձնախումբին անունով ներկաները ողջունեց Սեդա Յակոբեանը: Ան ներկայացուց իր տեսակին մէջ իւրայատուկ օրուան յայտագիրը, որ կը բաղկանար կնոջական ճաշակն ու վայելչութիւնը արտայայտող գլխարկներու ցուցադրութենէ եւ բանախօսութենէ:
Սեդա Յակոբեան ապա հրաւիրեց «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Պոզոյեանը:
Մայիս ամսուան վերջին օրը, 31ին, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը ուզած է մայիսեան բոլոր տօները միասնաբար տօնել ու այդ տօնակատարութեան ճամբով փոխանցել անոնց խորհուրդը հաւաքաբար: Պոզոյեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց մասնաճիւղի բոլոր հովանաւորողներուն, որոնք սիրով միշտ նեցուկ կանգնած են «Սիփան»ի ծրագիրներուն:
Ապա, Պոզոյեան գնահատելով բոլորին ներկայութիւնը՝ յատկապէս նշեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանի, ՀՕՄի շրջանային վարչութեան անդամներու, Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Լորա Ֆրիտմընի, Կլէնտէյլի կիներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի ատենապետուհի Փոլա Տըվայնի եւ Համազգային մշակութային միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամ Մանուշակ Մարգարեանի ներկայութիւնը:
Լենա Պոզոյեան իր խօսքին մէջ հպարտութեամբ շեշտեց, որ տարուէ տարի կ՛աւելնայ «Սիփան» մասնաճիւղի անդամներուն թիւը: Ան խօսեցաւ նաեւ մասնաճիւղի հովանաւորած շաբաթօրեայ վարժարանի գործունէութեան նպատակներուն մասին, ընդգծելով, որ վարժարանին մէջ կը սորվին տարբեր տարիքի 75 աշակերտներ, որոնցմէ տասն այս տարի պիտի աւարտէ կրթական ծրագիրը:
Ապա խօսելու հրաւիրուեցաւ Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Լորա Ֆրիտմընը, որ ողջունելով ներկաները՝ անոնց փոխանցեց այդ պահուն յառաջացած իր զգացումներն ու տպաւորութիւնները եւ դիտել տուաւ, որ տնտեսական ներկայ ծանր իրավիճակի լոյսին տակ, առաւել կարեւոր կը դառնայ «Սիփան» մասնաճիւղի հասութաբեր ու հասարակութեան օգուտ բերող աշխատանքը, յատկապէս կրթական ու մշակութային ոլորտներուն մէջ: Տիկին Ֆրիտմըն կարեւոր նկատեց նաեւ հայ համայնքի ու քաղաքապետարանի միջեւ սերտ կապ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ պաշտպանել համայնքին իրաւունքները, իր օժանդակութիւնը բերելով քաղաքի բարգաւաճման, բարոյական եւ նիւթական իմաստով: Ան խոստացաւ սատար հանդիսանալ մասնաճիւղի ծրագիրներու իրականացման:
Ապա հայկական երաժշտութեան ունկնդրութեամբ եւ կէսօրուան ճաշի հիւրասիրութեամբ ստեղծուեցաւ ընտանեկան մտերմիկ մթնոլորտ մը եւ ներկաներէն շատեր կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ՝ յօգուտ ազգային, կնոջական այս կազմակերպութեան:
Մթնոլորտը իր մեներգներով խանդավառեց քաղցրաձայն երգչուհի Վարուհի Շահինեան՝ ներկայացնելով հայկական ժողովրդային երգեր, երգեհոնի վրայ ընկերակցութեամբ Արմէն Բաբայեանի, արժանանալով ներկաներուն ծափերուն:
æերմ ու մտերմիկ մթնոլորտը այնքան խանդավառեց ներկաները, որ անոնք սկսան մասնակցիլ երգեցողութեան եւ մտան պարային հրապարակ: Ապա անոնց միացան «Անուշ» պարի դպրոցին սաները, որոնք ներկայացուցին հայկական ժողովրդային պարերու շարք մը, իսկ Սայեաթ Նովայի պարեղանակով ելոյթ ունեցաւ մենապարուհի Էմինէ Իսայեան:
Սեդա Յակոբեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսուհին՝ ընկհ. Ռոզաննա Ուլիկեանը՝ փոխանցելու համար ամսուան խորհուրդը՝ Մայիսեան ոգեկոչումը: Ան իր խօսքին սկզբնաւորութեան խոստովանեցաւ, թէ իրեն ըսելիք չմնաց, որովհետեւ հոն արդէն իսկ գերիշխած էր հայ խօսքը, երգը, պարն ու երաժշտութիւնը, որոնք հայապահպանման ու հայութեան մասին քարոզչութիւնը տարածելու լաւագոյն միջոցները կը նկատուին:
Ապա բանախօսուհին 10 վայրկեանի ընթացքին ներկայացուց հայ ժողովուրդը, իբրեւ հնագոյն, աստուածատուր ժողովուրդ մը, որ դարերու ընթացքին ստեղծած է իր աւանդութիւններն ու պատմութիւնը, որոնք այնուհետեւ փոխանցուած են սերունդէ սերունդ:
Ան գեղեցկօրէն եւ հաճոյքով ներկայացուց Համբարձման տօնը, որ այս տարի կը զուգադիպէր Հինգշաբթի, Մայիս 31ին, ապա անոր քրիստոնէական ու հեթանոսական- բնապաշտական երկու երեսները ու անկէ բխած խորհուրդները, նաեւ Մայիսը՝ Մայրերու տօնը՝ զայն կապելով Անահիտ չաստուածուհիին, իբրեւ սիրոյ, մայրութեան ու պտղաբերութեան խորհուրդ:
Ընկհ. Ռոզաննա իր ոսպնեակը ուղղեց հայ մօր, հայ կնոջ՝ հայոց պատմութեան էջերուն ընդմէջէն. հեթանոս ժամանակներէն Վարդանանցի Աւարարայրի ճակատարատը, Մայիս 26ին, Տղմուտ գետի ափին, երեւան հանեց փափկասուն տիկնաց դաստիարակիչ դերը: 1915ի Եղեռնէն մարտիրոսացած հայ մօրմէն վերածնած, միութենական-ընկերային կեանքին մէջ ընդգրկուած, ազգի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերած, որոնց շարքին 1918ի Մայիս 28ին անկախութիւն ապահոված Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերը, 1991 Սեպտեմբերի անկախութիւնը, Արցախի հերոսամարտը, ներառեալ Մայիս 9ն՝ Շուշիի ազզատագրումը:
Ապա եզրափակելով, ան հայեացքը ուղղեց արտերկրեայ հայ համայնքներուն դերին ու նշանակութեան, հայրենիքի ամրապնդման մէջ անոնց բերած նպաստին, կարեւորութեամբ շեշտելով ՀՕՄի մեծ ընտանիքին առաքելութիւնը հայակերտման ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական արժէքներու պահպանման մէջ:
Բանախօսութենէն ետք, երգչուհի Վարուհի Շահինեան ներկայացուց իր յայտագրին երկրորդ բաժինը:
Ապա, հազուադէպօրէն նկատուած ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց գլխարկներու մրցոյթը, որմէ ետք դատական կազմը ընտրեց երկու յաղթականներ, մէկը միայն լաւագոյն գլխարկի, իսկ միւսը՝ տարազի ու գլխարկի համադրութեան համար, եւ տրուեցան նուէրներ:
Հին օրերու շունչով վերանորգուած ներկաները հոգեկան գոհունակութեամբ հրաժեշտ առին սրահէն՝ յաջողութիւն մաղթելով շրջանին մէջ իրագործուած հայանպաստ գործունէութեան: