ՊԱՔՈՒ.-Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսքի Պաքու իր այցելութեան նախօրեակին ատրպեճանական «Թուտէյ.ազ» կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Լեհաստանը կողմնակից է ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, սակայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի ծիրէն ներս։
Լեհաստանի նախագահը յայտնած է. «Ես բազմաթիւ անգամ արտայայտուած եմ ի նպաստ պետութիւններու, որոնց շարքին Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան օգտին։ Իրապէս կը հաւատանք, որ այս տագնապը կրնայ միայն այս հիմամբ լուծուիլ։ Յոյսով եմ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, որ տարիներէ ի վեր աշխոյժ կերպով տագնապի խաղաղ լուծման համար աշխատանք կը տանի, ի վերջոյ կը յաջողի հասնելու շօշափելի եւ դրական արդիւնքներու»։
Քաչինսքի նաեւ ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր սենարիոները պէտք է հիմնուին հողային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ։ «Լեհաստանը կ՛աջակցի Ատրպէյճանին՝ իր հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելու ջանքերուն», ըսած է ան։
Նշենք, որ Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսկի երկօրեայ պաշտօնական այցով երէկ՝ Հինգշաբթի 2 Յուլիսին ժամանած է Պաքու: