ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 27 Յուլիս 2009ի երեկոյեան դարձեալ ոտքի էր շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը: ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերու Յաղթանակի պարահանդէսն էր CBS Studio Center-էն ներս. անիկա երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուէր նոյն վայրին մէջ, մեծ թիւով ՀՄԸՄականներու եւ ՀՄԸՄասէրներու մասնակցութեամբ:
Ժամը 7-8 տեղի ունեցած հիւրասիրութենէն եւ յիշատակի նկարներէն ետք, ներկաները առաջնորդուեցան իրենց սեղանները: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներու նուագումով, որոնց յաջորդեց սեղաններու օրհնութիւնը՝ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ներկաները ողջունեց Էլիզպէթ Պօյաճեանը, որ ընդգծելով ՀՄԸՄի կարեւորութիւնը՝ ըսաւ. «ՀՄԸՄը այն եզակի կազմակերպութիւնն է, որ 91 տարիներէ իր վեր կը գոյատեւէ մարզական եւ ընկերային մաքուր միջավայրի մէջ, դաստիարակելով եւ ներշնչելով մեր մատղաշ սերունդները. հետեւաբար անփոխարինելի է ՀՄԸՄի դերը մեր ապագայ սերունդներու նկարագրի կերտման մէջ: ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ձեր բոլորին, ձեր յարատեւ աջակցութեան եւ քաջալերանքին համար, որ միշտ բարոյապէս եւ նիւթապէս զօրավիգ կանգնած էք այս կազմակերպութեան»:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց ծանօթ ՀՄԸՄական, Նաւասարդեան 29րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Չարլի Կալեան, որ առաջին հերթին ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Լոս Անճելըսի փոխգլխաւոր հիւպատոս տիար Մեսրոպ Շապոյեան, ծերակուտական Պրատ Շըրմըն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, ՀՕՄի եւ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, հովանաւորներ եւ բազմաթիւ հիւրեր: Յատկանշական էր ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու եւ յատկապէս երիտասարդութեան ներկայութիւնը:
Ապա, անդրադառնալով Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահներու ինքնութեան՝ բացատրեց, թէ անոնք եւ անոնց զաւակները երդուեալ ՀՄԸՄականներ են ու շուտով անոնց թոռները եւս պիտի հետեւին իրենց օրինակին:
«Մենք հպարտ ընտանիք մըն ենք, որուն իւրաքանչիւր անդամը ունեցած է իր ոսկեայ տարին, ըլլալով պատուոյ նախագահը խորհրդանշական Նաւասարդեան մարզախաղերուն», ըսաւ եղբայրը եւ աւելցուց, թէ պատուոյ նախագահները եկած են տարբեր երկիրներէ, տարբեր արհեստներու տէր անհատներ են անոնք, սակայն, «Բոլորիս հասարակ յայտարարը ՀՄԸՄն է եւ օրհնուած ենք մեր մէջ ունենալու հրաշալի անձնաւորութիւններ, որոնցմէ ոմանք առ յաւէտ բաժնուած են մեզմէ, սակայն անոնց յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր յիշողութեանց մէջ», հաստատեց եղբայրը՝ յայտարարելով անցեալի այն պատուոյ նախագահներուն անունները, որոնք այս տարի եւս Նաւասարդեան Մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են, յանձինս՝
* Աշխէն Փիլաւճեան
* Ալին եւ Անտի Անտոնեան
* Թամարա եւ Սարգիս Արեւեան
* Սրբուկ եւ Ժիրայր Սարգիսեան
* Մարինէ եւ Հրաչ Անտոնեան
* Ճէյն եւ Վաչէ Սողոմոնեան
* Վերժին եւ Շանթ Հայթայեան
* Էլիզապէթ եւ Յովսէփ Պոյաճեան
* Պայծառ եւ Վահագն Թովմասեան
* Հիւլի եւ Չարլի Կալեան
Եզրակացնելով՝ Չ. Կալեան ողջունեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը՝ ոչ միայն յաջող տարի մը ունենալուն համար, այլ նաեւ բոլորի երազը հանդիսացող ՀՄԸՄի նոր շէնքի իրականացման համար:
Ապա, բեմը յանձնեց Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Յովիկ Պետեւեանին, որ ներկաներուն ծանօթացուց «Տիպար ՀՄԸՄական-2009» տիտղոսին արժանացած եղբայր Զաքար Չորպաճեանի միութենական բեղուն գործունէութիւնը՝ յատկապէս ընդգծելով, թէ «Եղբօր համար ՀՄԸՄը կեանքի նպատակ դարձած է եւ իր համոզումով ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած սերունդները անկասկած լաւ հայեր կը դաստիարակուին»:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց եւ Շրջանային վարչութեան անունով յատուկ յուշատախտակով մը պարգեւատրեց զայն, տարիներու ընթացքին ՀՄԸՄին ցուցաբերած իր անհերքելի ներդրումին, միութենական օրինակելի կեցուածքին ու անվերապահ նուիրումին համար:
Պարգեւատրուելէ ետք, սրտի իր խօսքը փոխանցեց պարգեւատրեալ եղբայր Չորպաճեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ընծայուած պատիւին համար եւ իբրեւ տիպար ՀՄԸՄական, պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու իր ծառայութիւնը ՀՄԸՄի շարքերէն ներս:
«Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ծառայեցի ՀՄԸՄին եւ բարձրացուցի անոր անունը, իսկ այսօր արդէն ես եմ, որ բարձունքի վրայ եմ», ըսաւ եղբայրը:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ ծերակուտական Պրատ Շըրմընը, որ 13 տարիներէ ի վեր Սան Ֆերնանտօ հովիտը կը ներկայացնէ Ամերիկայի Ծերակոյտէն ներս, ու լուրջ աշխատանք կը տանի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայաստանի օգնութիւն տրամադրելու գծով:
Պ. Շըրմըն անդրադառնալով Պոլսոյ մէջ ՀՄԸՄի ստեղծման եւ Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄի տարած աշխատանքներուն՝ բարձր գնահատեց անոր առաքելութիւնը եւ յատկապէս Սան Ֆերնանտօ հովիտի Պըրմինկհամ Հայ սքուլի մէջ ամէն տարի իրագործուող եւ հազարաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ համախմբող Նաւասարդեան Մարզախաղերը, որոնք հարազատ թարգամնն են ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին: Ան նաեւ ուրախութեամբ ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետին յանձնեց 20 Յունիս 2009ին, Նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի Ուաշինկթըն Տի.Սի. եկած օրը Սպիտակ տան վրայ ծածանած ամերիկեան դրօշ մը եւ համապատասխան հաստատագիրը, առ ի գնահատանք անոնց նուիրական աշխատանքին:
Շրջ. վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Սթիւ Արթինեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները՝ ընդգծեց ՀՄԸՄի հետապնդած նպատակները ըսելով.
«ՀՄԸՄը աւանդոյթներու եւ յարատեւութեան վրայ հիմնուած է: Աւանդոյթները մեր մղիչ ուժն են, իսկ յարատեւութիւնը՝ հաստատակամութեան երաշխիքը: Այս է մեր յաջողութեան գաղտնիքը: Մեր հազարաւոր երեխաներուն համար ՀՄԸՄը ապահով վայր մը եւ մեր երկրորդ տունը հանդիսացաւ: Երկրորդ ընտանիքը: Մարզական, սկաուտական եւ դաստիարակչական ծրագիրները սերունդներու ծառայած են. մենք կը սորվեցնենք, մենք կ՛ոգեւորենք, մենք կը մղենք եւ մենք կը պատրաստենք մեր երիտասարդութիւնը ապագային համար»:
Ապա անդրադառնալով շրջանի ՀՄԸՄի արձանագրած պատմական յաջողութիւններուն՝ ան թուեց անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին արձանագրուած նուաճումները՝ շրջանի բնակավայրի իրականացումը, «Արարատ», «Ազատամարտ» եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ շրջանը նոր կեդրոններ ունենալու ուրախալի երեւոյթը:
«Այս տարի պատմական տարի է եւ այս պատմական նուաճումը կարելի չէր իրականութիւն դարձնել, առանց մեր նուիրեալ անդամներուն, ծնողներուն ու զօրակիցներուն: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր կարեւոր դերը ունեցաւ այս իրագործումներուն մէջ», նշեց ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետը: Այնուհետեւ անդրադառնալով անցեալի պատուոյ նախագահներու կարեւոր դերին Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեանց մէջ՝ եղբայր Արթինեան, ներկայացուց 34րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւս պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած անցեալի տասը նախագահները եւ տեսաերիզի ընկերակցութեամբ, առանձնաբար ներկայացուց անոնց ՀՄԸՄական գործունէութիւնը: Իսկ առ ի երախտագիտութիւն անոնց՝ ՀՄԸՄին հանդէպ ցուցաբերած նուիրումին, Շրջանային վարչութեան անդամներուն կողմէ անոնց յանձնուեցան տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերը խորհրդանշող եռագոյն երիզներով յուշամետալներ:
Ապա, Շանթ Հայթայեանի ընկերակցութեամբ, յուշատախտակով մը պարգեւատրուեցաւ տիկին Ալիս Անտոնեանը, որ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Գէորգ Անտոնեանի յիշատակին, ստանձնած էր հովանաւորութիւնը ՀՄԸՄի նոր կեդրոնի սրահին, երկուհարիւր հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարելով:
Գնահատագիրներու ստանձնումէն ետք, տիկին Անտոնեան յուզումնախառն զգացումներով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄին, իր ընտանիքին եւ յատկապէս հանգուցեալ ամուսնոյն յիշատակին ցուցաբերուած սէր ու յարգանքին համար: Ապա, ընդգծելով իր չորս զաւակներուն ՀՄԸՄի անդամակցութիւնը՝ ըսաւ. «Հալէպի օրերէն ամուսինս կը հաւատար հայկական կազմակերպութիւններուն եւ ի մասնաւորի ՀՄԸՄին»:
«…Մեր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն ՀՄԸՄի կեանքին մէջ բարգաւաճիլը, ՀՄԸՄի մաքուր, հայկական եւ ընտանեկան դաստիարակութիւն ստանալը, կը պարտիմ ամուսնոյս՝ Գէորգ Անտոնեանին: Մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ զաւակներուս եւ իրենց ընտանիքներուն, որոնք միասնաբար ՀՄԸՄի անդամներու աջակցութեամբ օգնեցին ինծի՝ ամուսնոյս երազը իրականացնելու համար: ՀՄԸՄին կը պարտինք մեր զաւակներուն հայ եւ տիպար քաղաքացի ըլլալու կերտումը: Այսօր այդ գաղափարը կը յաւերժացնենք երկու ընտանիքները իրարու միացնելով», եզրափակեց տիկին Անտոնեան:
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտէն ետք երեկոն խանդավառեց «Վահագն» նուագախումբը, որուն հրամցուցած հայկական երգերը եւ շուրջպարերը իմաստաւորեցին ու Նաւասարդեան մթնոլորտը կենդանացուցին բացօդեայ այդ տարածքէն ներս:
Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:
Նաւասարդեան նորանոր յաղթանակներ նուաճելու վճռակամութեամբ, ներկաները մեկնեցան տուն, յաջորդ օրն իսկ դարձեալ տեսնուելու եւ Նաւասարդեան նոր նուաճումներուն ականատեսը դառնալու հաստատակամութեամբ: