ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ, ԵՈՎԱՆՈՎԻՉ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ԵՐԵՒԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Ազգային Առաջնորդարանը Ուրբաթ, 26 Յունիս երեկոյեան հիւրընկալեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մէրի Եովանովիչը, որ կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուէր ու փափաք յայտնած էր այցելելու Ազգային Առաջնորդարան, ապա նաեւ խօսք առնելու ժողովրդային հաւաքի մը առջեւ։
Պաշտօնական հիւրընկալումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, իսկ ժողովրդային հանդիպումը՝ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Դեսպան Եովանովիչ Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեց երեկոյեան ժամը 6ին եւ դիմաւորուեցաւ Առաջնորդ Մուշեղ Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան եւ միութենական ներկայացուցիչներու կողմէ։ Ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, փոխ գլխաւոր հիւպատոս Մեսրոպ Շապոյեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Վահէ Եագուպեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան, Կրօնական Ժողով ու Ազգային Վարչութեան անդամներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան երէց անդամներէն Եփրեմ Արք. Թապագեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներ, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Հայ Դատի գրասենեակի ու Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչներ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ու յանձնախումբերու դիւաններու ներկայացուցիչներ։
Սիրալիր դիմաւորումէ ետք, դեսպանը առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին հետ, անոր գրասենեակին մէջ, ապա ծանօթացաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Մատրան ու բաժանմունքներուն, հուսկ՝ սրահին մէջ սեղանակից եղաւ Առաջնորդ Սրբազանին եւ կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներուն։
Ընթրիքն ու խօսակցութիւնները անցան մտերմիկ ու սրտբաց մթնոլորտի մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը, սեղաններու օրհնութիւնը կատարելով, ողջոյնի խօսք ուղղեց դեսպանին ու ներկաներուն, վեր առնելով ստեղծուած առիթին կարեւորութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Եովանովիչի, որ այս պահը տրամադրած է հանդիպում ունենալու գաղութիս ներկայացուցիչներուն հետ, եւ յոյս յայտնեց, որ այս ծանօթութիւնը իր նպաստը ունենայ գործակցութեան սերտացման ու Հայաստանի ու Արցախի մասին հասարակաց շահագրգռութեանց խորացման։ Ան մաղթեց, որ բարձրեալն Աստուած դեսպանին ընծայէ կարողութիւնը լաւագոյնս ծառայելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ պահպանէ մեր կարողականութիւնները՝ գերագոյն նպատակներուն հասնելու համար։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Կարօ Յակոբեան, նշելով, որ ընթրիքի այս պահը իւրայատուկ առիթ ստեղծած է Առաջնորդ Սրբազանին ու դեսպան Եովանովիչի շուրջ համախմբելու, մեր գաղութի հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները։
«ԱՐԴԱՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄԻ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ»
Ընթրիքի աւարտին, ողջոյնի ու սրտի խօսք արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան։ Ան առաջին հերթին ողջունեց դեսպան Եովանովիչը, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ հանդիպումի այս առիթը ստեղծած է, ապա անդրադարձաւ այն կացութիւններուն ու վիճակներուն, որոնք ստեղծուած են հայութեան մէջ, ի տես Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վարիչներու կեցուածքներուն։ Ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան անմիջական ու երկարատեւ հետեւանքներուն՝ մարդկային կորուստին ու ձուլումի վտանգներուն, որոնք ծանր անդրադարձ կ՚ունենան հայ ժողովուրդին վրայ։
Տոքթ. Վ. Յովսէփեան խօսեցաւ այս կացութիւններուն դէմ պայքարի ճամբուն մէջ հայութեան դիմագրաւած կացութիւններուն, յոյսերուն ու յուսախաբութիւններուն մասին, որոնք կը ստեղծուին հզօր պետութեանց ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան վարիչներուն կեցուածքներուն ելեւէջներով։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ նախագահ Օպամայէն ու օրէնսդիր իշխանութիւններէն հայութեան ակնկալութիւններուն մասին, յոյս յայտնելով, որ դեսպանը այդ բոլորը կը փոխանցէ պետական անձնաւորութեանց ու իր նպաստը կը բերէ արդարութեան ուղիին վերահաստատման։
Ընթրիքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց դեսպան Եովանովիչի։ Յիշատակի նուէր մը յանձնեց նաեւ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչը։ Ազգ. Առաջնորդարանի մուտքին խմբանկար մը ունենալէ ետք, ներկաները ուղղուեցան Ազգ. Ֆերահեան վարժարան, մասնակից ըլլալու համար ժողովրդային հաւաքին։
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Աւելի քան 350 հայորդիներ համախմբուած էին «Աւետիսեան» սրահին մէջ, լսելու համար դեսպան Եովանովիչն ու զիրենք մտահոգող հարցումներ ուղղելու անոր։
Հանդիսավարն էր Ազգ. Վարչութեան անդամներէն իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան։ Ան առաջին հերթին հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի կատարէ բացման աղօթքը եւ արտասանէ ողջոյնի խօսքը։
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակումէն ասդին, Եովանովիչ վստահաբար առիթը ունեցած է ծանօթանալու հայութեան հարցերուն ու մշակոյթին։ Ան անդրադարձաւ այն հզօր կապերուն, որոնք արտերկրի հայութիւնը կը կամրջեն մայր հայրենիքին հետ, անոր հարցերով կը տագնապեցնեն ու կը յուզեն բոլորը։ «Մեծ ակնկալութիւններ ունինք, որ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը անհրաժեշտ կարեւորութեամբ նկատի կ՛ունենայ ամերիկահայերու մտահոգութիւններն ու մտասեւեռումները՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացման, ինչպէս նաեւ մարդկային հարցերու եւ արդարութեան հաստատման մէջ», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, յիշեցնելով, որ այդ մտահոգութիւնները կը բխին Ցեղասպանութեան ճանաչման սպասումէն, Հայաստանին արտաքին օժանդակութեանց հայթայթումէն, Հայաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական յարաբերութիւններու ընթացքէն, Արցախի ու æաւախքի ծանօթ կացութիւններէն։ «Կը յուսանք որ դուք եւ ամերիկեան կառավարութիւնը նկատի ունենաք այս հարցերը եւ հետամուտ ըլլաք արդարութեան հաստատման», շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, միաժամանակ նկատել տալով, որ յառաջդիմութիւնը յաճախ իրականացած է այնպիսի անձերու կողմէ, որոնք ոչ-ընթացիկ ու ժողովրդականութիւն վայելող կեցուածք որդեգրած են։ Ան եզրափակեց յոյս յայտնելով, որ ստեղծուած գործակցութիւնը կը շարունակուի ու աւելի եւս կը զարգանայ, ի խնդիր մեր դատի յառաջդիմութեան ու Հայաստանի կացութեան բարեշրջման, «որովհետեւ միայն արդարութիւնն է որ դարման կը բերէ ու միայն ազատութիւնն է որ կը պահպանէ ժողովրդավարութիւնը»։
Այնուհետեւ, հանդիսավարը հակիրճ կերպով ներկայացուց դեսպանին ասպարէզն ու վաստակը ընդգծելով, որ առաջին անգամ ըլլալով է որ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան մը առիթ կը ստեղծէ այս երկրի հպատակ հայերու հետ դէմ առ դէմ հանդիպումի մը ու սրտբաց զրոյցի։ Ապա, ան հրաւիրեց դեսպանը արտասանելու իր խօսքը։
Դեսպան Եովանովիչ գոհունակութիւն յայտնեց հիւրընկալման համար, մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազանին, որ կարելի դարձուց այս հանդիպումը։ Ան յայտնեց, որ Լոս Անճելըսը իր ներկայ շրջապտոյտին վերջին հանգրուանն է, ուրկէ պիտի ուղղուի Սպիտակ Տուն ու իր լսած մտահոգութիւններուն մասին պիտի տեղեկագրէ պետութեան վարիչներուն։
Հիւր դեսպանը այնուհետեւ երկարօրէն խօսեցաւ Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու յարաբերութեանց ու գործակցութեան դաշտերուն մասին։ Ան նկատել տուաւ, որ Ուաշինկթըն Հայաստանի հետ իր գործակցութեան համար հիմնական նպատակ ունի տնտեսութեան ու ժողովրդավարութեան բարելաւումը, Հայաստանի գերիշխանութեան ամրապնդումը. այդ նպատակով մշակուած են ծրագիրներ, որոնք կը գործադրուին հանգրուանաբար ու մէկէ աւելի ոլորտներու մէջ։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը հիմնական նպատակ է, սակայն այդ ճամբուն վրայ կան որոշ դժուարութիւններ, ընտրութեանց ընթացքին նկատուած խախտումի երեւոյթներն ու կաշառակերութիւնը կը հանդիսանան խոչընդոտող ազդակներ։ Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը գործէ թափանցիկ կերպով ու ժողովուրդին հաշիւ տալու տրամաբանութեամբ, իսկ մամուլը աշխատի աւելի անկախ կերպով, ժողովրդավարութիւնը տարածելու մօտեցումով։ Հիւր դեսպանը նկատել տուաւ, որ Հայաստան կը դիմագրաւէ տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներ, աղքատութեան դարմանումը կարեւոր նպատակակէտ է, իսկ ամերիկեան կառավարութեան կողմէ քաջալերուող ծրագիրները կը նպատակադրեն սեփական մարզը դարձնել աւելի մրցունակ, տրամադրուող վարկերը կը միտին նպաստել ընկերութեան ու հաւաքականութեան վիճակին բարելաւման։ Ըստ դեսպան Եովանովիչի, ամերիկեան կառավարութեան կողմէ տրամադրուած այն նպաստները, որոնք կը ծառայեն ենթակառոյցի ու ընկերային ծառայութեանց բարելաւման, իրենց դրական անդրադարձը կ՚ունենան Հայաստանի ժողովուրդի կենսամակարդակին վրայ։ Ան հաւաստեց, որ այդ նպաստները իրենց դերը ունեցած են ծանր տարիները դիմակալելու մէջ, սակայն ընդունեց նաեւ, որ դեռ շատ բան կայ ընելիք։
Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մասին, դեսպան Եովանովիչ յայտնեց, թէ հիմնական նպատակ է յարաբերութեանց բնականոնացումը եւ սահմաններուն բացումը. ան ընդունեց, որ այս գծով կը տիրէ որոշ թերահաւատութիւն, սակայն անհրաժեշտ է այս առաջադրանքները հետապնդել դրապաշտ մօտեցումով։ Յարաբերութեանց բնականոնացման պարագային, ըսաւ ան, երկու կողմերն ու ամբողջ շրջանը, մինչեւ անգամ Միացեալ Նահանգներ պիտի օգտուին, Հայաստան կրնայ դառնալ շրջանի առեւտրական մէկ կարեւոր կեդրոնը, իսկ սահմաններու բացման պարագային, անմիջական օգտուողները պիտի ըլլան սահմանային գօտիի բնակիչները։ Ան ընդգծեց, որ սահմաններու բացումը պէտք չէ կապուի որեւէ նախապայմանի, պէտք է իրականանայ տրամաբանական ժամանակի մը մէջ, իսկ նման իրագործում իր անդրադարձը պիտի ունենայ մէկ կողմէ՝ Արցախի հարցին արդար լուծման ու միւս կողմէ՝ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման։ Դեսպան Եովանովիչ նկատեց, որ այս ուղղութեամբ որոշ շարժում կայ եւ յոյս յայտնեց, որ յաւելեալ յառաջխաղացք արձանագրուի։
Դեսպանը հասկացողութիւն ցուցաբերեց այն դժգոհութիւններուն ու յուսախաբութեան մասին, որ ստեղծուեցաւ հայկական շրջանակի մէջ, Ցեղասպանութեան մասին նախագահ Օպամայի ապրիլեան յայտարարութեան առիթով, սակայն նաեւ նկատել տուաւ, որ Օպամա ոեւէ նախագահէ աւելի յառաջ գացած է (հայութեան ակնկալութեանց գծով) կեցուածքի արտայայտութեանց մէջ եւ թէ՝ անոր մօտեցումը յստակ է։ «Պէտք չէ անցեալը մոռնալ, սակայն պէտք է ապագային նայիլ ու նպատակ ընել Հայաստանի ապահովութեան ու բարգաւաճման խնդիրները», աւելցուց ան, հաւաստելով, որ շրջանի հարցերուն լուծումն ու կայունութեան ամրապնդումը տնտեսապէս ու քաղաքականապէս պիտի նպաստեն Հայաստանի ժողովուրդին։
Իր խօսքի վերջին բաժինով, դեսպան Եովանովիչ անդրադարձաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց. ան հաւաստեց, որ կապերը սերտ են, Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ Հայաստանի ու ընդհանուր առմամբ Կովկասի ապահովութեան ու կայունութեան պահպանումին, որ առաջնահերթութիւն կը վայելէ։
Հետեւեցաւ հարց-պատասխանի պահ մը։ Հանդիսավարը՝ Տիար Լ. Կիրակոսեան ներկաներէն ստացաւ գրաւոր հարցումներ, զորս համախմբելով ու համադրելով՝ փոխանցեց դեսպանին, միաժամանակ կատարելով տեղին մեկնաբանութիւններ ու տալով լրացուցիչ բացատրութիւններ։ Հարցումներուն գլխաւոր նիւթերն էին Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Հազարամեակի Մարտահրաւէրին ծիրին մէջ Հայաստանի տրամադրուած նպաստին կրճատման հաւանականութիւնն ու ամերիկեան խորհրդարանին եւ գործադիր իշխանութեան տեսակէտներուն տարբերութիւնը, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի տրամադրուած ամերիկեան նպաստին անհամաչափութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ Ազրպէյճան ունի քարիւղի հարստութիւններ, մինչդեռ պաշարուած Հայաստանը ենթակայ է ճնշումներու, եւ, վերջապէս՝ Արցախի հարցին լուծման կարելիութիւնները։ Դեսպանը երկարօրէն պատասխանեց հարցումներուն, ընդհանուր առմամբ բացատրելով Ուաշինկթընի տեսակէտներն ու ի գործ դրած ճիգերը։
Ժողովրդային հաւաքը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին աղօթքով։