Երբեմն խոհանոցէն ներս կամ տան մէջ որոշ «աւեր»ներ կը գործուին կամ ժամանակի ընթացքին կը յառաջանան որոշ մաշումներ կամ կեղտեր, որոնց մաքրելը շատ դժուար է, կամ ալ անոնց մաքրութեան համար յատուկ դեղեր գնելը ծախսալից է: Հետեւաբար որոշ պարզ, յարմար եւ բնական միջոցներով կատարուած մաքրութիւնը գերադասելի է: Ուրեմն հետեւինք…
1- Կերպընկալ (plastic) ամանները, որոնք կը գործածուին աւելցած ճաշերը պահելու, երբեմն շատ ուժեղ հոտ կը պահեն իրենց մէջ: Կարելի է օրաթերթ դնել այդ նոյն «թափըրուէր»ին մէջ եւ բերանը գոց պահել մինչեւ առաւօտ: Հին հոտը կը դառնայ երէկուան լուրը…
2- Ինքնաշարժերու յատուկ մաքրութեան դեղերէն (car wax) կարելի է օգտագործել՝ փայլեցնելու համար ծորակները, լուացարանները եւ նոյնիսկ լոգանքի դուռը, որուն վրայի ջուրին եւ օճառին հետքերը կ՛անհանգստացնեն բծախնդիր տանտիկիններուն յարատեւ պրպտող աչքերը: Արդիւնքը՝ փայլուն բաղնիք մը ամբողջ շաբթուան տեւողութեան:
3- Տապկելու ձէթը կարելի է օգտագործել ապակեղէնին վրայ կպչուն թուղթերու հետքերը վերացնելու համար: Քիչ մը ձէթ դրէք sticker-ին վրայ եւ ապա թուղթէ թաշկինակով (paper towel) շփեցէք, օճառով ու ջուրով լաւ լուացէք:
4- Գաւաթներուն տակ դրուող պնակները կրնաք օգտագործել նաեւ խոհանոցէն ներս ձէթի փոքր շիշին տակ դնելու կամ մեղրի շիշին տակ դնելու: Այսպիսով պահարանը մաքուր պիտի մնայ եւ պէտք չունիք զայն ամբողջութեամբ մաքրելու ձէթի կամ մեղրի իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք, անկէ ծորած կաթիլները անհետացնելու համար:
5- Աղը. Մեր ճաշերուն ու իւրաքանչիւր պատառին համ ու հոտ տուող աղը նաեւ օգտագործեցէք հետքեր վերացնելու համար: Օրինակ, հաւկիթէն հոսած կաթիլին վրայ լեցուցէք աղը, ապա քանի մը վայրկեան ետք սրբեցէք թուղթէ թաշկինակով եւ կը վերանայ անոր հետքը:
6- Baking Soda: Այս նիւթը կ՛օգտագործուի կարկանդակները աւելի յաջող կերպով պատրաստելու համար: Այս պարագային նաեւ խորհուրդ կու տանք, փոխանակ քիմէական վնասակար նիւթեր սպառելու, կարելի է տան մէջ արծաթեղէններու փայլքը վերադարձնելու համար օգտագործել այս շատ տարրական եւ աժան նիւթը: Կաթսայի մը յատակը դրէք ալամինիում թուղթ, ապա վրան աւելցուցէք 4 գաւաթ եռացած ջուր: Մէջը դրէք 1/4 գաւաթ B.S. եւ քանի մը թէյի դգալ աղ: Ծածկուած պահեցէք քիչ մը եւ ապա լուացէք ու սրբեցէք զայն:
7- Լիմոն. Կիտրոնը իր անուշ հոտով, թթու հաճելի համով եւ օգտակար յատկութիւններով օժտուած ըլլալուն կողքին, նաեւ ունի մաքրող յատկանիշներ: Կանաչեղէն ջարդելու տախտակին վրայ եթէ հետքեր կամ ոչ շատ հաճելի հոտ կայ, զայն լաւ մը շփեցէք կիտրոնով: 40-50 վայրկեան պահեցէք եւ ապա լաւ մը լուացէք զայն: Մաքուր հոտը եւ երեւոյթը պիտի գրաւէ ձեզ:
8- Լուսամփոփը մաքրելու համար օգտագործեցէք հագուստներուն վրայ դարձող կպչուն գլանը: Ժամանակի ընթացքին լուսամփոփին վրայ նստած փոշին ամբողջութեամբ կրնայ վերանալ այս ձեւով:
9- Lemonade kool-aid: Լիմոնի օշարակին փոշին կարելի է օգտագործել ամաններու լուացարանը մաքրելու համար: Տուփը պարպեցէք լուացքի փոշիին տեղը եւ թող լուացարանը իր պարապ վիճակին մէջ աշխատի սովորական իր ընթացքով: Լիմոնի թթուն ամբողջութեամբ պիտի մաքրէ ջուրի հետքերը:
10- Կաշիէ կօշիկները փայլեցնելու համար բուսական ձէթ օգտագործեցէք: Կօշիկը մաքրեցէք խոնաւ լաթի կտորով եւ ապա կաթիլ մը բուսական ձէթ դրէք փափուկ կտորի մը վրայ եւ լաւ շփեցէք զայն: Արդիւնքը պիտի վայելէք:
——————————————————————————————————————-
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Սալմոն Ձուկը Եւ Տիժան Մանանեխով Աղցանը
Բաղադրութիւն
3 ապուրի դգալ ձիթաիւղ
1 1/2 ա. դգալ լիմոնի հիւթ
1 1/2 ա. դգալ ջարդուած chives
1 թ. դգալ մեղր
1/2 թ. դգալ տիժան մանանեխ
1 1/4 բաունտ սալմոն ձուկի ֆիլէ
1 տուփ (12 օզ.) պատրաստ հազարով աղցան
1 գաւաթ կարմիր, առանց կուտի կիսուած խաղող
1/4 գաւաթ մանրուած եւ խարկուած ընկոյզ
Թարմ լիմոնի շերտեր՝ chives զարդարելու համար
Պատրաստութիւն
1- Ձէթը, լիմոնի հիւթը, chives, մեղրը եւ մանանեխը դրէք փոքր, ապահով կափարիչով շիշի մը մէջ եւ լաւ մը ցնցեցէք մինչեւ իրարու հետ մաիտարր թացան մը պատրաստուիլը:
2- Փուռը տաքցուցէք broiler-ի վիճակին: Ձուկը կտրեցէք չորս կտորներու՝ իւրաքանչիւրը մէկ անձի յարմար չափով: Փուռի ամանին տակը ձէթ դրէք եւ ապա կտորներուն վրայ թեթեւ քսեցէք աղցանի թացանը եւ եփեցէք փուռին մէջ, կրակէն 4 ինչ հեռաւորութեամբ եւ մօտաւորապէս 10 վայրկեան, կամ մինչեւ ձուկին եփիլը:
3- Թացանը պարպեցէք աղցանին վրայ եւ լաւ մը խառնեցէք: Լեցուցէք չոր պնակներու մէջ հաւասարապէս եւ վրան դրէք խաղող ու ընկոյզ հաւասար չափով:
4- Պատրաստուած ձուկի կտորները դրէք իւրքանչիւր աղցանին վրայ եւ հիւրասիրեցէք՝ լիմոնի շերտերով ու խաղողով զարդարելէ ետք: