ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ ԱԳՆ տեղեկատուական վարչության Յուլիս 6ին տարածած մեկնաբանութեան մէջ ըսուած է,– «Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ ցուցադրեց բարի կամքի դրսեւորում` համաձայնելով հիւրընկալել Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ստեղծագործական մտաւորականութեան ներկայացուցիչներուն Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ ՀՀ եւ ԱՀ դեսպաններ Արմէն Սմբատեանի եւ Փօլատ Պիւլպիւլօղլուի, ինչպէս նաեւ մշակոյթի եւ կինոմոտոգրաֆիայի Ռուսաստանի դաշնային գործակալութեան ղեկավար, ՌԴ ԱԳՆ յատուկ յանձնարարութիւններու գծով դեսպան, ՌԴ նախագահի մշակոյթի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Միխաիլ Շվիդկոյի առաջնորդութեամբ, դրանով իսկ վերահաստատելով ղարաբաղեան խնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի հանդէպ իր սկզբունքային հաւատարմութիւնը»։
Անիկա նուիրուած է հայ եւ ատրպեճանական ժողովուրդներու ստեղծագործական մտաւորականութեան վերջին նախաձեռնութեան վերաբերյալ ԶԼՄ մէջ յայտնուած ատրպեճանական կողմի, ինչպէս նաեւ Ատրպեճանի Հանրապետութեան պաշտօնատար անձանց մեկնաբանութիւններուն մէջ եւ արտայայտած կարծիքներուն, ուր «խեղաթիւրուած մեկնութիւն է տրւում տեղի ունեցած իրադարձութիւններին»:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան վարչութիւնը կը նշէ, որ ատրպեճանական պատուիրակութեան այցի երթուղիին եւ կազմի կապակցութեամբ որոշ տարաձայնութիւններուն հետ կապուած Ղարաբաղեան կողմի պահանջով՝ փոխուած է ոչ միայն երթուղին, այլեւ ընդգծուած հակաղարաբաղեան եւ հակահայկական կեցուածքի պատճառով պատուիրակութեան կազմէն հանուած են Ատրպեճանի Միլլի մեջլիսի պատգամաւոր Խավվա Մամեդովան եւ պատուիրակութեան անդամ Չինգիզ Իսմաիլովը:
«Նկատի ունենալով այս այցի հանդեպ ադրբեջանական կողմի շահագրգռուածութիւնը, դժուար չէ ենթադրել, որ պաշտօնական Պաքուն ուղիներ է որոնում արմատական փոփոխութեան ենթարկել բանակցային գործընթացի ձեւաչափը եւ առանց միջնորդների անմիջական բանակցութիւններ վարել ԼՂՀ ղեկավարութեան հետ, ինչին այլընտրանք չկայ: Հաշուի առնելով նման փոխադարձ այցերի ազդակները, միտուած հակամարտութեան մէջ յայտնուած հասարակութիւններում լարուածութեան թուլացմանը, միջոցառումն արժանի է ուշադրութեան:
Սոյն այցը ուշագրաւ է նաեւ մասնաւորապէս այն առումով, որ Ադրբեջանի մտաւորականութեան ներկայացուցիչները լինելով մեր երկրում, մի աւելորդ անգամ եւս համոզուեցին, որ գործ ունեն կայացած պետութեան հետ, ուր անկախ հանրապետութեան հռչակումից յետոյ ընկած ժամանակահատուածում, յաղթահարելով Ադրբեջանի կողմից սանձազերծած ագրեսիայի, պարտադրուած պատերազմի ու նաեւ շրջափակման հետեւանքով առաջացած դժուարութիւններն ու արգելքները, բոլոր ոլորտներում աննախադէպ ծաւալով առաջընթաց է գրանցուել, որի արդիւնքում լաւագոյն նախադրեալներ են ստեղծուել ԼՂՀ անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացում»,- ըսուած է ԼՂՀ ԱԳՆ տեղեկատւութեան վարչութեան մեկնաբանութեան մէջ: