ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան իր տուած այցելութենէն ետք, Միլլի Մէճլիսի պատգամաւոր, Դեմոկրատական բարեփոխումներու կուսակցութեան նախագահ Ասիմ Մոլազատէի հաւատքը ԼՂՀ հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով լուծման նկատմամբ աւելցած է: Ըստ «Թրենտ» օրաթերթին, Շաբաթ, 4 Յուլիսին պատգամաւորը յայտնած է, թէ Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ իր կատարած հանդիպումներէն, ինչպէս նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ երկխօսութենէն ետք, ան եկած է այն եզրակացութեան, որ խաղաղութեան հաստատման ճանապարհներու որոնման գործընթացին մէջ կատարուած է մեծ աշխատանք, եւ ներկայիս հսկայական ներուժ կայ՝ հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար: «Ես կը կարծեմ, որ նման այցելութիւններ յատուկ նշանակութիւն պիտի ունենան խաղաղութեան հասնելու գործին համար», ըսած է պատգամաւորը:
Նշենք, որ Յուլիս 3ին Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի եւ Ատրպեճանի դեսպաններ Արմէն Սմբատեանի եւ Փոլատ Պիւլպիւլօղլիի, նաեւ Ռուսիոյ մշակոյթի գործակալութեան ղեկավար Միխայէլ Շուիտքոյի հանդիպումը՝ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Ատրպեճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են 6 ներկայացուցիչներ, ներառեալ՝ 2 պատգամաւոր։ Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը մեկնած է Երեւան եւ հանդիպած Հայաստանի նախագահին հետ: Նոյն օրը խումբը մեկնած է Պաքու եւ հանդիպած նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Ըստ պատգամաւորին, մինչեւ տարեվերջ հնարաւոր է լուրջ յառաջընթաց ԼՂՀ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին գծով:
«Նախապէս նման հնարաւորութիւն երբեք չէ եղած: Այսպիսի հանդիպումներ ԼՂՀի եւ Հայաստանի մէջ կարելի է դարձեալ կազմակերպել: Ես կը կարծեմ, որ անոնք կարելի է իրականացնել ընդլայնուած կազմով, գործընթացը դարձնել առաւել արդիւնաւէտ՝ խորհրդարանի, քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու մակարդակով: Այդ պարագային մենք նոյնիսկ կրնանք պետութիւններու պաշտօնական դէմքերու աջակցութիւնը ստանալ», ըսած է ան:
Պատգամաւորին կարծիքով, նման հանդիպումներուն արդիւնաւէտութիւնը անպայման կ՛արագացնէ երկիրներու պաշտօնատար անձանց կողմէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը: