Երկու ամիսներու մարզական մրցակցութիւններէ ետք, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերը եզրափակուեցան Ամերիկայի Անկախութեան օրուան զուգադիպող 2-5 Յուլիսի շաբաթավերջին, Վան Նայսի Պըրմինկհամ Հայ սքուլի շրջափակէն ներս Նաւասարդեանի առիթով կազմակերպուած չորսօրեայ փառատօնով, որ այդ օրերուն մարդկային հեղեղի վերածուած էր հազարաւոր հայորդիներու քաջալերական մասնակցութեամբ:
«Նաւասարդեան՝ ընտանեկան աւանդ» կարգախօսով առաջնորդուող եւ լայն ժողովրդականութիւն վայելող այս մարզախաղերը Նաւասարդեանի անցեալի պատուոյ նախագահներու հովանաւորութիւնը կը վայելէին:
Հայոց պատմութեան անցեալի փառահեղ օրերը գաղութէն ներս վերակենդանացնող երիտասարդական այս մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 5 Յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 5ին, նոյն վարժարանի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, մասնակցութեամբ հազարաւոր ծնողներու, ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու:
Իրենց տեղերը գրաւած հանդիսատեսները կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ Նաւասարդեան շապիկներով հիւրընկալուեցաւ:
Շրջանի Սկաուտական խորհուրդի կազմի առաջնորդութեամբ եւ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանի գլխաւորութեամբ մարզադաշտ առաջնորդուեցան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահներ եւ «Տիպար ՀՄԸՄական» Զաքար Չորպաճեանը, իր կնոջ՝ Մարիին հետ:
Հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեցին Նորա Չափարեան (հայերէն) եւ Վաչէ Թովմասեան (անգլերէն), որոնք դաշտ մուտք գործող պատուիրակութենէն անկախ, ծանօթացուցին պատուոյ հարթակի վրայ տեղ գրաւած եւ այլ պաշտօնական հիւրեր, որոնց կարգին էին ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, ՀՀ փոխհիւպատոս Մեսրոպ Շապոյեան, ՀՄԸՄի նուիրատու տիկին Ալիս Անտոնեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տենիս Զէյն, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, ՀՕՄի եւ Համազգայինի Շրջ. վարչութեանց, ՀԵԴի Կեդր. վարչութեան, Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի Երիտասարդաց միութեան ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄի Հունգարիոյ մեկուսի շրջանի ատենապետ Նիկողոս Յակոբեան, շրջանի ՀԲԸՄի ատենապետ Պերճ Շահպազեան, Կլէնտէյլի Հանրային վարժարաններու ուսումնական խորհուրդի փոխնախագահ Կրէկ Գրիգորեան եւ այլ հիւրեր:
Նախքան պաշտօնական յայտագրի սկսիլը, ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած բոլոր ՀՄԸՄականներուն:
Շրջանային խմբապետուհի Թալին Հինտոյեան պատուոյ նախագահներու եւ Շրջ. վարչութեան ատենապետի արտօնութիւնը ստանալէ ետք, հանդիսութիւնը սկսաւ Դրօշակի արարողութեամբ:
Շրջանային վարչութեան փողերախումբի առաջնորդութեամբ, ՀՄԸՄի դրօշակախումբը յաղթանակի հաստատակամութեամբ մարզադաշտ ներկայացաւ Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄի եւ Նաւասարդեան դրօշներով, բարեւեց պատուոյ հիւրերուն եւ հետեւեցաւ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներու նուագումին, զոր դարձեալ կատարեց Շրջ. վարչութեան փողերախումբը՝ գլխաւորութեամբ Օսկան եւ Ռազմիկ Արիսեան եղբայրներուն:
Շրջ. վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Սթիւ Արթինեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները թուարկեց Նաւասարդեանի յաջողութիւնները, որոնք հիմնուած են աւանդոյթներու եւ յարատեւութեան վրայ եւ մղիչ ուժը կը հանդիսանան այս մեծ կազմակերպութեան՝ հաստատակամութիւն փոխանցելով անոր շարքերուն:
Իսկ ընդգծելով պատուոյ նախագահներու կարեւոր դերը Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեան մէջ, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց եւ յատկապէս նախորդ տարուան Վահագն եւ Պայծառ Թովմասեաններուն, որոնք 2008 տարեշրջանը յիշատակելի դարձուցին, նաեւ ներկայացուց նախորդ տարիներու բոլոր պատուոյ նախագահները՝ գնահատելով անոնց ներդրումը Նաւասարդեանի կազմակերպման եւ ընդհանրապէս ՀՄԸՄէն ներս:
Ապա անդրադառնալով շրջանի ՀՄԸՄի արձանագրած պատմական յաջողութիւններուն՝ եղբայրը թուեց վերջին տարիներուն արձանագրուած նուաճումները, որոնց յատկանշականներէն էին՝ շրջանի բանակավայրի իրականացումը, «Արարատ», «Ազատամարտ» եւ Լոս Անճելըս մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ նոր կեդրոններ ունենալու ուրախալի երեւոյթը:
«Այս տարի պատմական տարի է եւ այս պատմական նուաճումը կարելի չէր իրականութիւն դարձնել առանց մեր նուիրեալ անդամներուն, ծնողներուն ու զօրակիցներուն: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր կարեւոր դերը ունեցաւ այս իրագործումներուն մէջ», ըսաւ եղբայրը եւ անգամ մը եւս յայտարարեց անունները անցեալի այն պատուոյ նախագահներուն, որոնք այս անգամ ստանձնած էին 34րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը՝ անսահման շնորհակալութիւններ փոխանցելով անոնց:
Ակնարկուած նախագահներն էին՝ Աշխէն Փիլաւճեան, Անտի եւ Ալին Անտոնեան, Սարգիս եւ Թամարա Արեւեան, Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան, Հրաչ եւ Մարինէ Անտոնեան, Վաչէ եւ տոքթ. Ճէյն Սողոմոնեան, Շանթ եւ Վերժին Հայթայեան, Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան, Չարլի եւ Ճիւլի Կալեան, Վահագն եւ Պայծառ Թովմասեան:
Ապա, եղբայրը յայտարարեց ուրախալի լուր մը, թէ՝ տիկին Ալիս Անտոնեան, իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Գէորգ Անտոնեանի յիշատակին, ստանձնած է հովանաւորութիւնը ՀՄԸՄի նոր կեդրոնի սրահին եւ այս առիթով երկուհարիւր հազար տոլար կը նուիրէ ՀՄԸՄին: Ուրախալի այս յայտարարութիւնը մեծապէս ոգեւորեց ներկաները, որոնք երկարաշունչ ծափողջոյններով ընկալեցին զայն:
Եղբայրը նաեւ բարձր գնահատեց Անտոնեան կրթաթոշակի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ «Լոս Անճելըս Լէյքըրզ»ի մարզիկներու կողմէ ստորագրուած պասքէթպոլի գնդակի մը նուիրումը ՀՄԸՄին:
Յատկանշական այս նուիրատուութեան առիթով, Արթինեան բեմ հրաւիրեց տիկին Ալիս Անտոնեանը եւ յուշատախտակով մը գնահատեց զայն:
Տիկին Անտոնեան մեծապէս տպաւորուած ընծայուած պատիւին համար՝
իր շնորհակալութիւնները յայտնեց ՀՄԸՄին ըսելով. «Մեծ գոհունակութեամբ կը միանամ ՀՄԸՄի ընտանիքին, իրականացնելու համար ամուսնոյս նպատակը, որ աջակցիլն է հայ կազմակերպութիւններուն եւ մանաւանդ ՀՄԸՄին, որ միշտ վառ կը պահէ հայ մշակոյթը հայ երիտասարդութեան կեանքին մէջ՝ միշտ վեր պահելով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը»:
ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան պատգամը փոխանցեց վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, որ հաստատելով Նաւասարդեանի մարզախաղերու յաջող ընթացքը՝ շնորհաւորեց զայն կազմակերպող բիւրաւոր կամաւորները, որոնց նուիրեալ աշխատանքին շնորհիւ ՀՄԸՄը կ՛արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը:
«Մենք բոլորս մաս կը կազմենք այս հսկայ ընտանիքին, որ տարածուած է աշխարհի բոլոր կողմերը, ուր որ հայ կայ: Հպարտութեամբ կ՛ուզեմ յիշեցնել ձեր բոլորին, թէ քանի մը ամիս առաջ, հեռաւոր Մոսկուայի մէջ ՀՄԸՄը ունեցաւ իր 100րդ մասնաճիւղը: Ձեզի կը վստահեցնեմ, թէ հո՛ն, ուր ՀՄԸՄ կայ, հոն հայ երիտասարդութեան դաստիարակութեամբ զբաղող կամաւորներ կան», ըսաւ եղբայրը եւ եզրակացնելով՝ յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄի ապագայ գործունէութեանց:
Հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ շնորհաւորելով Նաւասարդեան տողանցքն ու արձանագրուած յաղթանակները՝ ընդգծեց, թէ անոնք ՀՄԸՄին չեն պատկանիր, այլ հայութեան բոլոր միաւորներուն, «որոնք իրենց աչքերը յարած են ու սեւեռած կը պահեն ՀՄԸՄի եռագոյն դրօշին, յաղթանակ պահող վահանին, տոգորուած են «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» պատգամով»:
Ապա ողջունելով ներկաները ՀՄԸՄին հանդէպ ունեցած իրենց մնայուն նուիրումին ու զօրակցութեան համար, անդրադարձաւ Արամ Ա. վեհափառի կողմէ 2009ն Երիտասարդութեան տարի հռչակուած ըլլալու իրողութեան եւ վստահեցուց, թէ՝ «Նաւասարդեան խաղերն ու յատկապէս այսօրուան տողանցքը գործնական արտայայտութիւններ են մեր ընտանեկան ու հաւաքական կեանքին մէջ երիտասարդ սերունդի ներկայութեան, խանդին ու մասնակցութեան»:
Ապա կոչ ուղղելով ներկայ ՀՄԸՄականներուն, ծնողներուն ու հայ ժողովուրդի զաւակներուն՝ ըսաւ. «Երիտասարդութեան տարուան առիթով, բազմապատկենք մեր նոր սերունդներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան տրամադրուած ճիգերը: Հայ մանուկն ու պատանին, գիտութեան ու ֆիզիքական աճումի կողքին, պէտք ունին հոգեկան ու մտային սնունդի, որ զինք պիտի առաջնորդէ դէպի մարդկային ու ազգային արժէքներու բարձունքները: Հայ մնալու եւ իբրեւ հայ մարդ զարգանալու համար, նորահաս սերունդը պէտք ունի մեր եկեղեցական ու ազգային ժառանգութեանց աւիշին, անոնց ճանաչողութեան՝ այդ բոլորը իր սեփական հարստութիւնը նկատելու գիտակցութեան»:
Եզրակացնելով իր իմաստալից պատգամը՝ սրբազան հայրը յորդորեց երիտասարդութեան ըսելով. «Ո՛վ հայ երիտասարդ. դուն անքակտելիօրէն կապուած ես մեր ժողովուրդի արմատներուն ու այսօրուան կեանքին. քու իրաւունքն է մեր ազգային ժառանգութիւններն ու աւանդները մարմնաւորել քու սեփական կեանքիդ մէջ: Այս նպատակին հասնելու համար, ծնողքդ ու ընտանիքդ, եկեղեցիդ, ՀՄԸՄը եւ մեր կազմակերպութիւնները քու կողքիդ են ու պատրաստ են ուղղութիւն տալու քայլերուդ, գործիդ: Բոլորս ձեռք ձեռքի պիտի տանք այսօրուան ու վաղուան սերունդները դաստիարակելու աշխատանքին մէջ, զիրար պիտի ամբողջացնենք մեր ժողովուրդը յաւերժութեան տանող դրօշարշաւին մէջ, յանուն հայութեան, յանուն Հայաստանին եւ յանուն Արցախին»:
Առաւել իմաստաւորելով «Երիտասարդական Տարի»ն՝ բեմին առջեւ խմբուեցաւ
Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի Երիտասարդաց միութեան եւ ՀՄԸՄի արի-արենոյշներէ կազմուած խումբ մը, որ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով միասնաբար արտասանեց «Աղօթք Երիտասարդներուն» աղօթքը, խնդրելով Աստուծմէ, որ հեռու պահէ հայ երիտասարդութիւնը ծուլութենէ եւ դատարկաբանութենէ, ինչպէս նաեւ՝ «չար ընկերներէ, չար օրինակներէ, բոլոր տեսակի մարմնական թուլութիւններէ, եւ տեսանելի ու անտեսանելի վտանգներէ եւ բարոյական փորձութիւններէ»:
Առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցող երիտասարդներու միացեալ այս աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ այնքան սպասուած շքերթը: ՀՄԸՄի նուագախումբի հրամցուցած ազգային ու յեղափոխական ոգեւորիչ քայլեղանակներով տողանցեց շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը: Յաջորդաբար մարզադաշտ ներկայացան շրջանի 17 մասնաճիւղերու վարչականները, յանձնախումբերը, արի-արենոյշները, երէց պարմանուհիներն ու յատկապէս հայութիւնը յուսադրող փոքրիկ գայլիկ-արծուիկները: Իր ենթայանձնախումբերով տողանցեց նաեւ ՀՄԸՄի Թքոյա բանակավայրի կամաւոր յանձնախումբը:
Ոգեւորութեամբ տողանցեց ՀՄԸՄի ողջ ընտանիքը: Տողանցեց հպարտ, ինքնավստահ ու յաղթական: Տողանցեց նաեւ մարզախաղերուն հիւրաբար մասնակցող հեռաւոր Աւստրալիոյ պասքեթպոլի մանչերու խումբը՝ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով մարզադաշտէն ներս:
ՀՄԸՄի առաքելութեան հաւատարիմ տողանցողները հաստատակամութեամբ բարեւեցին պատուոյ հիւրերուն ու զիրենք խրախուսող ծովածաւալ բազմութեան, պատուոյ հարթակին առաջ ստանձնեցին իրենց ախոյեանութեան բաժակները եւ ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյններուն եւ ուրախ բացագանչութիւններուն արժանանալով՝ գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտին վրայ:
Օրուան խօսնակները հպարտանքով ներկայացուցին տողանցող մասնաճիւղերը եւ յայտարարեցին անոնց արձանագրած յաջողութիւններն ու Նաւասարդեան յաղթանակները:
Հանդիսութեան աւարտէն ետք, ներկաները փութացին փառատօնի շրջափակը եւ մասնակից դարձան Նաւասարդեան փառատօնի վերջին յայտագիրին, որուն եզրափակումը կատարեց ազգային եւ յեղափոխական երգերու լաւագոյն մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանը: Նաւասարդեան խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ կէս գիշեր:
ՀՄԸՄով վերանորոգուած ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան տուն, անգամ մը եւս ՀՄԸՄի հպարտանքն ու վեհութիւնը ապրելով: