ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ Կարէն Նազարեան արձակուած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարտականութիւններէն եւ զայն փոխարինող նշանակուած է Գրիգոր Առաքելեանը:
Առաքելեան ծնած է 1948ին, Իրանի Թաւրիզ քաղաքը: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինի իրանագիտութեան ճիւղը:
Ան կը տիրապետէ ռուսերէն, պարսկերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: