ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ՝ Ռուսիոյ նախագահին ներկայութեամբ: Ռուսիոյ նախագահի օգնական Սերգէյ Պրիխոդկօ անդրադառնալով այս հանդիպան՝ յայտնեց. «Մենք կ՛աշխատինք Մոսկուայի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու ոչ պաշտօնական հանդիպման նախապատրաստման ուղղութեամբ: Հնարաւոր է նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպում»:
Ըստ Պրիխոտկոյի, Ս. Փեթերզպուրկի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու ոչ-պաշտօնական շփումը՝ Յունիսին, ինչպէս նաեւ նախորդ եռակողմ հանդիպումը Մոսկուայի մէջ, իրենց արդիւնքները սկսած են տալու:
Նշենք, որ նոյն Մոսկուայի մօտալուտ հանդիպման անդրադառնալով՝ երէկ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ նախագահներու հանդիպումը ցոյց պիտի տայ, որ՝ յառաջխաղացման հնարաւորութիւն կրնա՞յ ըլլալ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ, թէ ոչ:
Մամետեարով ըսած է նաեւ, որ «Այսօր Պաքուի մէջ պիտի հանդիպինք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ, որոնք երէկ գտնուած են Երեւան: Կը խօսինք անոնց հետ ու կը տեսնենք, թէ ի՛նչ նորութեամբ անոնք եկած են», յայտնած է նախարարը:
«Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի սահմանումը շատ կարեւոր ու լուրջ հարց է: Ղարաբաղը Ատրպէյճանի բաղկացուցիչ մասն է, որուն իրաւական կարգավիճակը պէտք է սահմանէ Ատրպէյճանը», յայտնած է արտաքին գործոց նախարարը:
«Հարցը այն է, թէ ե՞րբ պիտի սահմանուի այդ կարգավիճակը», աւելցուցած է Մամետեարով՝ նշելով, որ «Ատրպէյճանցի վերաբնակները պէտք է վերադառնան Ղարաբաղ, այլապէս՝ մեզի համար դժուար պիտի ըլլայ սահմանել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը»: