ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Չորեքշաբթի, Յուլիս 8ին ստորագրեց այն օրէնքը, որուն համաձայն, զինուորականներ այսուհետեւ պիտի դատուին քաղաքային ատեաներու մէջ, եթէ հակասահմանադրական յանցանքներ գործեն։
Ինչպէս ծանօթ է, այս նիւթը վերջերս տեղի տուած էր ծանր բանավէճերու, յատկապէս՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը տապալելու ու Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի շարժումը չէզոքացնելու մասին պատրաստուած դաւադրական )կեղծ կամ վաւերական) ծրագրի յայտնաբերումին պատճառով: Այս յայտնաբերումէն ետք էր, որ կառավարութիւնը միջոցներու դիմած էր, որպէսզի պատասխանատու սպաները դատուին քաղաքային եւ ոչ թէ զինուորական ատեաններու մէջ։
Կառավարութիւնը կը պնդէր, թէ չկայ օրէնք մը, որ արգելք ըլլայ զինուորականներու քաղաքային ատեանի մը մէջ դատուելուն. անկէ ետք խորհրդարանը վաւերացուց դատական նոր օրէնքը, որով