ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաղտատի մէջ Իրանի դեսպանը Հինգշաբթի յայտնած է, թէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու կողմէ ձերբակալուած իրանցի հինգ դիւանագէտներ յանձնուած են Իրաքի իշխանութիւններուն եւ շուտով պիտի փոխանցուին Իրաքի մէջ իրանեան դեսպանատան:
Խումբ մը իրանցի դիւանագէտներ հիւսիսային Իրաքի Արպիլ քաղաքին մէջ ձերբակալուած էին 2007ին, այն ամբաստանութեամբ, թէ անոնք Իրաքի մէջ ըմբոստներուն կ՛օժանդակեն։ Անոնցմէ երկուքը նոյն տարուան ընթացքին ազատ արձակուեցան։ Իրան ըսած էր, թէ անոնք դիւանագէտներ ըլլալով՝ պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին: