Կիրակի, 19 Յուլիսը Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան եւ Վարդավառի տօնն է։ Այս առիթով, Նորթ Հոլիվուտի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքը պիտի ապրի պատմական օր մը՝ ընդունելով առաջնորդ սրբազան հօր անդրանիկ այցելութիւնը։
Արդարեւ, այդ օրը, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ մէջ ու պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Պատարագը տեղի պիտի ունենայ կէսօրէ ետք ժամը 2ին։ Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ St. Paul Assyrian Chaldean Catholic Church, 13050 Vanowen Street, N. Hollywood: Յաւարտ պատարագին, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ պատշաճ յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.