Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ընտանեկան թէ անհատական երջանկութիւնը կեանքը երկարելու յատկութիւն ունի: Իւրաքանչիւր անհատ իր յիշատակներուն մէջ պահած է իր կեանքի ամէնէն գեղեցիկ օրերը եւ ժամերը: Զանոնք վերյիշելով՝ ենթակային դէմքին վրայ կը գծագրուի նոյն ժպիտը եւ ուրախութիւնը, զորս ապրած էր տարիներ առաջ այդ տուեալ պահուն:
Երջանկութեան համար կարեւոր ցուցմունքներ կատարած են փիլիսոփաներ եւ տակաւին կը կատարեն այսօր եւս մեծ մարդիկ: Երջանկութեան որոնումներ կատարած են պատմութեան մէջ արուեստագէտներ: Երջանկութեան համար մարդիկ զոհողութիւններ յանձն առած են եւ ապրած ու վայելած են այդ գեղեցիկ պահերը: Կ՛ըսեն, թէ երջանիկ կեանք գոյութիւն չունի, այլ գոյութիւն ունին երջանիկ օրեր: Ուրեմն պատառիկներ են մեր կեանքին մէջ անոնք, որոնց յարգը պէտք է գիտնալ՝ այդ պահը իր ամբողջութեան մէջ ապրելով եւ ապրեցնելով մեր սիրելիներն ու սրտակիցները:
Անշուշտ մեր կեանքին մէջ կան շատ պահեր, երբ դժուար է նկատել ուրախութիւն, երբ կեանքին ու աշխարհին գեղեցկութիւնը կը մոռնանք գերճնշուած ու լարուած մեր վիճակին պատճառով: Բնութեան մէջ կրնանք գտնել այդ կորսուած երջանկութիւնը: Բնութեան իւրաքանչիւր տարրը վայելելով, կը հագենան ուրախութեան ծարաւ մեր հոգին ու էութիւնը: Սիրած անձին հետ ժամեր անցնելով՝ մեր երջանկութիւնը կը վերագտնենք: Բարիք մը կամ ծառայութիւն մը կատարելով՝ մեր հոգին կը լեցուի ու բերկրանքով կը խայտայ: Մէկ խօսքով, զանազան ձեւերով կարելի է այդ երջանկութիւնը վերապրիլ ու արբենալ անոր գոյութեամբ:
Ամէնօրեայ մեր հեւքին մէջ կարեւոր նշումներ կամ սրբագրութիւններ կատարելով ալ կրնանք այդ սպառիչ ճնշումէն ու լարուածութենէն թեթեւանալ եւ ապրիլ երջանիկ մինչեւ մեր կեանքին վերջին շունչը: Ուրեմն, եկէք չհեռանանք կեանքի այս շատ կարեւոր մասնիկէն, աւելին՝ կեանքի իմաստէն՝ երջանկութենէն:
Մասնագէտներ կարգ մը թելադրանքներ կը կատարեն միշտ եւ յաճախ երջանիկ ապրելու համար: Հետեւինք անոնց եւ երջանկութեան ուղին հարթենք մեր կեանքի ճանապարհին վրայ:
1- Գործի մէջ թեթեւ եւ կարճ միջոցով հանգիստ գտէք: Իւրաքանաչիւր 20 վայրկեանին կարելի է 1-2 վայրկեան թեթեւ մկանային հանգիստ մը կատարել, նոյնիսկ գրասեղանին քով: Այս շարժումը կամ ձեւը կրնայ շատ արդիւնաբեր ըլլալ եւ ենթական անոր բարիքները կ՛ապրի ամբողջ կեանքի տեւողութեան: Խորունկ շնչառութիւն փորձեցէք նաեւ այս միջոցին: Իւրաքանչիւր 1 թիւ հաշուելուն ներշնչեցէք, ձեր որովայնը ամբողջութեամբ լեցնելով, եւ ապա 2 թիւով արտաշնչեցէք եւ դուրս հանեցէք այդ ճնշումը, որ ժամանակի ընթացքին կրնայ փճացնել ձեզ:
2- Վատ րոպէները կարելի եղած չափով լաւ «կազմակերպեցէք»: Այն պահուն, երբ պիտի պոռթկաք, աւելի լաւ է քիչ մը մտածել եւ ապա արտայայտուիլ: Պոռթկումը կրնայ իր իմաստը ունենալ եթէ ձեւաւորուած է եւ նպատակադրուած:
Այս իմաստով, կարեւոր է՝
ա) Ձեր գանգատները նպատակասլաց պէտք է ըլլան եւ ուղղուած ըլլան որոշ անձի մը, որ շահագրգռուած է հարցերդ լսելով: Միայն վստահ եղէք, որ ամէն անգամ նոյն անձը չըլլայ այդ գանգատ լսողը:
բ) Յստակ թող ըլլայ ձեր ըսածը: Ոչ թէ անորոշ եւ շատ տարածուած, այլ յստակ եւ ուղիղ ըլլայ ձեր մտքին մէջ դարձածը:
գ) Շինիչ թող ըլլայ տրուած գանգատը: Միայն ընդհանուր պարունակին մէջ գանգատ ներկայացնելով չես կրնար յառաջանալ կամ ճիշդ ուղին հասնիլ: Գանգատը դրական բաժին մը պէտք է ունենայ:
դ) Ճակատամարտներդ որոշէ եւ ըստ այնմ պատրաստէ: 10 ճակատի վրայ չես կրնար պատերազմիլ: Ֆիզիքապէս իսկ անհնար է նման պարագայ մը: Ինչքան ալ արդարացի ըլլայ գանգատը, անիկա իր զօրութիւնը կը կորսցնէ, երբ ճշդուած թիրախ մը չի հարուածեր:
3- Ժպտացէք… Կեանքի մեծագոյն փիլիսոփայութիւնը, որ շատ յաճախ կը մոռնանք այս իրարանցումին մէջ: Ընկերային գիտութեանց մասնագէտ մը իր 30 ամբողջական ուսումնասիրութիւնները կատարելէ ետք կը հաստատէ, թէ ժպիտը կը զօրացնէ մեր մարմինին դիմադրողականութեան համակարգը, առողջ մարդիկ հիւանդութիւններէն հեռու կը պահէ եւ այս պատճառով, կեանքի տարիներդ կը կուտակէ բաւարար եւ յաւելեալ տարիներով: Լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլայ՝ կատարել այն, ինչ կը պահանջէ մեր ամբողջական կեդրոնացումը:
4- Լիաթոք խնդացէք: Խնդալով մեր մարմինը աւելի լաւ եւ առողջ կը դառնայ: Բարձրաձայն խնդալը ոչ միայն մեզ լաւ կը զգացնէ, այլ նաեւ կրնայ՝
ա) Մարմինի դիմադրողական համակարգը կը զօրացնել.
բ) Տրամադրութիւնը բարելաւել.
գ) Ցաւերը մեղմացնել.
դ) Կեանքի հանդէպ մօտեցումդ եւ նայուածքդ բարեփոխել.
5- Դեղօրայքը դադրեցուցէք: Երբ գերճնշումի դարմանումին համար դեղօրայք պատուիրած է մասնագէտ բժիշկը, պէտք է զայն օգտագործել: Ժամանակի ընթացքին այդ դեղերու գործածութեամբ ե՛ւ աւելի լաւ կը զգայ ենթական, ե՛ւ այդ գերճնշումի ու լարուածութեան բոլոր ախտանշանները կը վերանան. անհրաժեշտ է դադրեցնել դեղօրայքի գործածութիւնը: Այս պարագային, շատ կը նպաստէ զիրար համոզելն ու քաջալերելը, որպէսզի ժամանակի ընթացքին ամէն մարդ իր կարգին զերծ մնայ այդ փորձութենէն: Հարկ է նշել, թէ դեղօրայքը միայն պէտք է դադրեցնել բժշկական թելադրանքով, անպայմա՛ն:
6- Շաբաթական առնուազն 20 վայրկեան մարզանք ըրէք: Յստակօրէն գիտենք, թէ հետեւողական մարզանքը կը պայքարի գերճնշուածութեան դէմ: Շաբաթը գոնէ մէկ անգամ, 20 վայրկեան տրամադրեցէք մարզանքի: Որեւէ մարզանք կրնայ մեր տրամադրութիւնը փոխել, լարուածութիւնը եւ ճնշուածութիւնը նուազեցնել եւ մանաւանդ՝ ուրախութիւն ու եռանդ պարգեւել մեր էութեան: Այս պարագային, պարտէզի կամ տան աշխատանքներ ալ կրնան նոյն պարտականութիւնը կատարել:
Յաջորդ թիւով կը ներկայացնենք այլ միջոցներ՝ որոշ չափով ուրախ ապրելու եւ գերլարուածութենէն հեռու մնալու համար: