ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը հաղորդեն, թէ բաւարար աշակերտներու չգոյութեան պատճառով, որոշուած է յառաջիկայ տարեշրջանին 12 յունական ու մէկ հայկական վարժարաններ փակել:
Այս որոշումը, որուն շնորհիւ կառավարութիւնը տարեկան մէկ միլիոն տոլար պիտի խնայէ, 34էն 21ի կ՛իջեցնէ Թուրքիոյ տարածքին գործող փոքրամասնական դպրոցներուն թիւը:
Փակուած հայկական վարժարանը Շիշլիի մէջ կը գործէր:
Փոքրամասնական վարժարանները փակելու այս որոշումը այլ փաստ մըն է, թէ խտրականութեանց զոհ դարձած Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց վիճակը չի բարելաւուիր, հակառակ այդ նպատակով Եւրոմիութեան եւ այլ մարմիններու բանեցուցած ճնշումներուն, եւ այդ իսկ պատճառով, փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները կը հեռանան երկրէն: