Յունիս 19ին, Սան Կապ-րիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Բագրատունի եւ վարչութեան անդամ Ճէք Հաճինեան հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Չարլզ Քալտէրոնի հետ՝ շնորհակալութիւն յայնելով խորհրդարանէն ներս հայութիւնը մտահոգող, ինչպէս նաեւ Մոնթեպէլլոյի միացեալ կրթաշրջանէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցման հարցերուն անոր ցուցաբերած օժանդակութեան:
Քննուած են նաեւ շրջանի հայութեան քաղաքական մասնակցութիւնը աւելի աշխուժացնելու կարելիութիւնը:
Իր կարգին, Քալտէրոն շրջանի «Մեսրոպեան» վարժարանէն ուսանողներ հրաւիրած է մասնակցելու յառաջիկայ տարի կայանալիք իր գրասենեակի վարժողական ծրագիրին: