ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Ռուհի Աչիկէօզ ատրպեճանական »Թուտէյ.ազ« կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, թէ ան Թուրքիա պիտի երթայ միայն, եթէ բացուի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը։
Երեսփոխանը ըսած է. »Կը կարծեմ, որ Հայաստանի նախագահը պէտք է օժանդակէ մեզի հասարակաց հարցերը լուծելու համար, որովհետեւ կը հասկնայ այն իրողութիւնը, թէ՝ Ղարաբաղի տագնապին անլոյծ ըլլալը կը վնասէ Հայաստանին եւ Հայաստանի բնակչութեան, միաժամանակ կը վատթարացնէ Հայաստան-Թուրքիա արդէն իսկ բարդ յարաբերութիւնները: Այս հարցերը պէտք է լուծուին։ Կը յուսամ, որ Սարգսեան պիտի նպաստէ այս հարցերու լուծման։ Ապտուլլահ Կիւլի Երեւան այցելութիւնը անշուշտ միայն ֆութպոլի մրցում դիտելու առնչուած չէր։ Այցելութիւնը բոլոր հարցերուն լուծման, առաջին հերթին՝ Ղարաբաղի տագնապի լուծման, առաջին քայլն էր«։
Աչիկէօզ աւելցուցած է, որ նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը »երկկողմանի յարաբերութիւններուն համար նպաստաւոր պիտի չըլլայ։ Սարգսեանի յայտարարութիւնը, որ պայմաններ կը ճշդէ, հարցերու լուծման մեծագոյն արգելքներէն մէկն է«։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.