ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Չորեքշաբթի օր, «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած «Օ.Թի.Վի.»ի, «Ազդակ»ի եւ «Վանայ Ձայն»ի միացեալ հարցազրոյցին ընթացքին, գնահատելով ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ 10-11 Յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի արդիւնքները՝ յայտարարեց, որ այս խորհրդաժողովը երկու ձեռքբերումներ ունեցաւ։ Առաջինը այն էր, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին քանի մը կուսակցութիւններ, երկրորդ՝ 10 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը տարբեր տեսակէտ յայտնեց պաշտօնական Երեւանէն։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ստեփանակերտի խորհրդաժողովի քննարկումներուն լոյսին տակ եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, ի՞նչ դրդապատճառներ Դաշնակցութիւնը մղեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հրաժարականը պահանջելու, եւ անկէ առաջ՝ համաձայնական կառավարութենէն դուրս գալու՝ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, թէ համաձայնական կառավարութենէն դուրս գալու առաջին պատճառը Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած սխալ քաղաքականութիւնն էր։ Ան իբրեւ հիմնական պատճառ ներկայացուց նաեւ 22 Ապրիլին Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն ստորագրած միացեալ յայտարարութիւնը։ Առ այդ, Դաշնակցութիւնը ուրիշ քայլ չէր կրնար առնել, բացի հրաժարելէ՝ սթափեցնելու համար իշխանութիւնները եւ կանխելու համար անոնց սխալ ընթացքը։ Ըստ Մարգարեանի, Թուրքիա առաւելագոյն չափով օգտագործեց վերոյիշեալ յայտարարութիւնը՝ դադրեցնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային գործընթացը։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց Ստեփանակերտի խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը՝ հետեւեալ պատճառներով. առաջին՝ կարելի եղաւ համազգային մակարդակով քննել թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ թէ՛ Ղարաբաղի հարցը։ Երկրորդ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտօնական հովանաւորութիւնը եւ գործակցութիւնը վայելելով՝ այս խորհրդաժողովը մղեց Լեռնային Ղարաբաղի աւելի աշխոյժ դերակատարութիւն ունենալու։ Երրորդ՝ Ղարաբաղը նուազ հետաքրքրուած էր հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդիրով, եւ խորհրդաժողովը առիթ մը եղաւ այդ հարցը դարձնելու համահայկական քննարկման առարկայ։ Վերջապէս՝ խորհրդաժողովի թուականը ճշդուած էր նկատի ունենալով Օպամա-Մետվետեւ հանդիպումի եւ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու նախագահներու ծանօթ յայտարարութիւններուն թուականները։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը այս խորհրդաժողովին ընթացքին փորձեց ներկայացնել իր տեսակէտը, որ պաշտօնական Երեւանի տեսակէտէն տարբեր էր ու աւելի խիստ, եւ իշխանութիւններուն կարելիութիւն տրուեցաւ այդ տեսակէտը օգտագործելու։
Ըստ Մարգարեանի, ասիկա նաեւ իշխանութիւններուն ահազանգ մըն էր, որ ցոյց կու տար, թէ հակառակ իր ունեցած բոլոր դժուարութիւններուն, հայութիւնը անտարբեր չի կրնար մնալ ազգային հարցերուն նկատմամբ պաշտօնական Երեւանի կեցուածքին գծով։
Անդրադառնալով ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ ներկայացուած՝ Էդուարդ Նալբանդեանի հրաժարականի պահանջին՝ Մարգարեան ըսաւ, թէ այդ մէկը խորհրդաժողովի հիմնական բանաձեւին մէջ չէր կրնար ներառուիլ, հակառակ անոր, որ այս մասին տարբեր առաջարկներ ներկայացուեցան։ Ան շեշտեց, որ այդ պահանջը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի պահանջն էր եւ համաժողովրդական ցոյցով պիտի ներկայացուէր արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ։
Մեկնաբանելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, որ վերջինս Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի խաղը դիտելու համար աշնան Թուրքիա պիտի մեկնի այն ժամանակ միայն, երբ սահմանները բացուին կամ՝ երբ Հայաստան ապաշրջափակման նախասեմին գտնուի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ Հայաստան միշտ ապաշրջափակման նախասեմին կը գտնուի եւ Թուրքիա սահմանը յաւիտենականօրէն փակ պիտի չպահէ։ Հետեւաբար, այս յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ վճռակամութեան աստիճանի նուազում եւ սխալի շարունակութիւն։