ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Պոլսաբնակ հրեայ ուսումնասիրող Ռիֆաթ Պալի երկար տարիներէն ի վեր կ՛ուսումնասիրէ հակասեմականութիւնը Թուրքիոյ մէջ։ Ան ստորագրած է շարք մը գիրքեր եւ յօդուածներ Թուրքիոյ հրեաներուն պատմութեան մասին։ Անոր նորագոյն գիրքը՝ «Թուրքիոյ Հրեաները եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը», հոյակապ գիրք մըն է, որ կը փաստագրէ, թէ ինչպէս թրքական կառավարութիւնը ճնշում բանեցուց ոչ միայն Թուրքիոյ հրեաներուն վրայ այլեւ՝ իսրայէլեան կառավարութեան եւ ամերիկեան-հրէական կազմակերպութիւններուն վրայ՝ լոպպիինկի աշխատանք տանելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան քոնկրէսական օրինագիծներուն դէմ։
Այն իրականութիւնը, որ Թուրքիա շանթաժի կ՛ենթարկէ հրեաները Թուրքիոյ մէջ եւ անկէ դուրս, նորութիւն չէ մեր ընթերցողներուն համար։ Նորութիւն չէ նաեւ այն իրականութիւնը, թէ՝ լայնատարած հակասեմականութիւն գոյութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ տասնամեակներէ, եթէ ոչ դարերէ, ի վեր։ Յուլիսին Երուսաղէմի մէջ հրէական համաշխարհային հարցերու հիմնարկին կողմէ հրատարակուած երկար յօդուածի մը մէջ պրն. Պալի բծախնդրօրէն կը փաստագրէ այն իրականութիւնը, թէ՝ այդ ձեւի ցեղապաշտական կեցուածքներ գոյութիւն ունին թրքական ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ։
Իր յօդուածին մէջ՝ «Ներկայ Օրերու Հակասեմականութիւն Թուրքիոյ Մէջ», պրն. Պալի կ՛ամփոփէ իր վերլուծումը չորս բանալի կէտերու մէջ.
* «Թուրք մտաւորականները միշտ ալ պաղեստինամէտ եւ հակա-Իսրայէլ կեցուածք որդեգրած են։ Իսլամականները «Պաղեստինեան հարց»ը կը կապեն այսպէս կոչած հրէական միջամտութեան հետ՝ թրքական աշխարհականութեան բարձրացումով։ Ձախակողմեանները Իսրայէլը կը տեսնեն իբրեւ կայսերական պետութիւն մը եւ ամերիկեան մենատիրութեան ընդարձակումը Միջին Արեւելքի մէջ։ Իրարու շատ մօտիկ նիւթեր կարելի է գտնել ազգայնական մտաւորականներու մօտ։
* «Լիբանանի դէմ 2006ի եւ Կազայի դէմ 2009ի պատերազմներուն դէմ թրքական հակազդեցութիւնները յաճախ թափեցան հակասեմականութեան մէջ։
Գաղափարաբանական այլազան հոսանքներու պատկանող օրաթերթերու յօդուածագիրներ, ոմանք՝ ակադեմականներ, նպաստեցին Իսրայէլի եւ հրեաներուն դէմ հանրային զգացումներու գրգռման։ Ըսուեցաւ, թէ Իսրայէլ կը շահագործէր ողջակիզման խղճահարութիւնը եւ «Ամերիկեան հրէական լոպպիին» ծառայութիւնները՝ յառաջ տանելու համար իր սեփական եղեռնագործ նպատակները։
* ««Պաղեստինեան հարցին» նկատմամբ թրքական մօտեցումները գրեթէ չեն ելլեր թրքական ժողովրդային մշակոյթի քլիշէներէն դուրս։ Թրքական հրատարակչատուները, որ հարցին շուրջ թարգմանական աշխատանքներ կը հայթայթեն, զգոյշ կ՛ըլլան չվիրաւորելու ժողովրդային զգացումները։ Իբրեւ արդիւնք, թէ՛ թուրք յօդուածագիրները եւ թէ՛ ընթերցողները նիւթին շուրջ միայն սահմանափակ աղբիւրներ կը գործածեն, որոնք գլխաւորաբար հակա-իսրայէլեան կամ հակա-սեմական են։
* «Թուրքիոյ հրեայ ղեկավարութեան կողմէ թրքական ընկերութեան հակասեմական տրամադրութեան դէմ դնելու որեւէ փորձ հաւանական է, որ հակադարձութիւն ունենայ եւ աւելի եւս սրէ հարցը։ Այս իրականութիւնը նկատի առնելով՝ Թուրքիոյ հրեայ համայնքին կը մնայ կա՛մ շարունակել ապրիլ Թուրքիոյ մէջ լայնատարած հակասեմական տրամադրութիւններու մէջ, կա՛մ ալ գաղթել»:
Պրն. Պալին կը փաստագրէ իր պնդումները՝ մէջբերելով վերջին տարիներուն շարք մը թրքական օրաթերթերու մէջ հրատարակուած տասնեակ մը հակասեմական հաստատումներ։ Ստորեւ՝ կարգ մը օրինակներ.
* Թոքթամիս Աթես. դասախօս Պոլսոյ եւ Պոլսոյ Պիլճի համալսարաններուն մէջ, օրաթերթի յօդուածագիր եւ ականաւոր մտաւորական, որ յաճախ ելոյթ կ՛ունենայ հեռատեսիլէն, հրեաները նկարագրած է իբրեւ՝ «առաջին եւ ամէնէն ցեղապաշտ ժողովուրդը ամբողջ պատմութեան մէջ» («Պուկիւն», 20 Յուլիս 2006)։
* Այհան Տէմիր. իսլամական «Միլլի Կազէթ»ի յօդուածագիրը, գրեց. «Առաջին բանը, որ պէտք է կատարուի Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի ապահովութեան համար, ձերբազատիլն է ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին այս «հիւղակներու քաղաքէն»էն, որ սկսած է վնասել մարդկութեան ամբողջ աշխարհին, եւ որ նոյնքա՛ն անարգական է սիրտին, որքա՛ն աչքին։ Զայն գրաւողները պատմութեան աղբանոց ղրկելը, իրենք եւ իրենց շաղակրատութիւնը, կ՛ըլլայ ամէնէն վեհանձն արարքը, որ կ՛իրականացուի մարդկութեան անունով։ Անկասկած, որ աշխարհը առանց Իսրայէլի պիտի ըլլայ շատ աւելի խաղաղ եւ ապահով աշխարհ մը», («Միլլի Կազէթ», 30 Դեկտեմբեր 2008)։
* Նուհ Կէօնիւլթաս. հանրածանօթ յօդուածագիր մը, նշեց, թէ Հիթլեր արդարացի էր հրեաներուն հանդէպ իր վարմունքին մէջ, տրուած ըլլալով, որ «Իսրայէլի պետութիւնը շատ աւելի մեծ բռնատէր մըն է քան Հիթլերը», («Պուկիւն», 1 Օգոստոս 2006)։
* Իսլամական ընկերաբան Ալի Պուլաճ, որ հանրածանօթ յօդուածագիր մըն է «Զաման»ի մէջ, Կազան նկարագրեց իբրեւ համահաւաքման ճամբար մը, որ իրականութեան մէջ կը գերազանցէ նացիներու ճամբարները», («Զաման», 29 Դեկտեմբեր 2008)։
Պարզապէս ցնցիչ է, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ եւ հրեայ ղեկավարներ ամբողջ աշխարհի մէջ գրեթէ ոչ մէկ հակազդեցութիւն կ՛ունենան, առնուազն ոչ հրապարակաւ, Թուրքիոյ մէջ այս ձեւի լայնատարած եւ չարամիտ հակասեմական պոռթկումներու դէմ։ Ինչո՞ւ համար Ռիֆաթ Պալին կ՛եզրակացնէ, թէ «Թուրքիոյ հրեայ համայնքին կը մնայ կա՛մ շարունակել ապրիլ Թուրքիոյ մէջ լայնատարած հակասեմական տրամադրութիւններու մէջ, կա՛մ ալ գաղթել»։ Ասիկա հիմնական հարցում մըն է, որուն իրենք՝ հրեաները, պէտք է պատասխանեն…
Լուռ մնալով, հրեայ ղեկավարները պարզապէս կը քաջալերեն թուրք յօդուածագիրներուն, որպէսզի շարունակեն ցեղապաշտական եւ վարկաբեկիչ ակնարկութիւններ կատարել։ Եթէ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզ եւ Ընդդէմ վարկաբեկման դաշինքի Ազգային տնօրէն Ապրահամ Ֆոքսման զբաղած չըլլային Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումով, ապա անոնք հաւանաբար աւելի ժամանակ պիտի կարենային տրամադրել հակասեմականութեան դէմ պայքարին…
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր