ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Նոյեան Տապան».- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութեամբ մը դիմած է ԵԱՀԿին՝ մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի իշխանութեանց ռազմական ծախսերուն անհամեմատ աճի առնչութեամբ, մատնանշելով, որ նման քայլեր ամբողջ շրջանին եւ յատկապէս Հայաստանի համար ապահովական լուրջ սպառնալիքներ են:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ սպառազինութեան ոլորտին մէջ հսկայական ծախսերը եւ Ատրպէյճանի նախագահի վերջին յայտարարութիւնները կրնան անիմաստ դարձնել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կողմէ առաջ տարուող Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերը:
«Հաշուի առնելով այս ամէնը եւ (Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ) Ալիեւի վարչակարգի սպառնալիքները, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, որ Ատրպէյճան խախտած է միջազգային բանակցութիւններու հիմնական սկզբունքները, լրջօրէն գերադասութիւնը տալով հակամարտութեան ռազմական լուծման, միաժամանակ շուարեցնելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները: Յանձնախումբը կը յորդորէ միջնորդներուն, որ իրենց ջանքերը ուղղեն ապահովութեան լուրջ սպառնալիքներուն դէմ, որոնք կը բխին Ատրպէյճանէն: Ատրպէյճանին պէտք է արտօնել բանակցիլ ռազմական սպառնալիքի դիրքերէն, որովհետեւ հայկական կողմը բարեխղճօրէն կը մասնակցի բանակցութեանց գործընթացին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
«Մենք կը դիմենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն, խնդրելով անոնցմէ, որ լրջօրէն ընկալեն Ատրպէյճանի ռազմական հաւակնութիւնները, միաժամանակ չյարձակելու հիմնաւորուած երաշխիքներ պահանջեն Պաքուէն, մինչ ԵԱՀԿ շրջանակներէն ներս բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այս պայմաններուն տակ, չյարձակելու մասին պայմանագիրը, որ խաղաղութիւն պիտի պարտադրէ Ատրպէյճանի, միակ նշանակալի նպատակն է ԵԱՀԿի համար, յառաջիկայ բանակցութիւնները շարունակելէ առաջ: Հայաստանն ու ԼՂՀն իրաւունք ունին իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու Ատրպէյճանի շարունակուող սպառնալիքներուն հետեւանքով: Բացի ատկէ, ապագային բանակցային գործընթացը պէտք չէ շարունակուի առանց ԼՂՀի մասնակցութեան, իբրեւ ինքնուրոյն բանակցող կողմ: Ատրպեճանական սպառնալիքները ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, որ պէտք է անկախ քաղաքականութիւն վարէ բանակցութեանց ընթացքին», յայտարարեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան: