ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու անցնող շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանին կողմէ։ Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի կեցուածքները յստակ են Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան գործընթացի վերաշխուժացման գծով եւ նշեց, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ծիրին մէջ հարկ է շարունակել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 եւ թիւ 425 բանաձեւերուն գործադրութիւնը, այսինքն՝ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքին գործադրութիւնը։
Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ՝ Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան եւ անոր մատուցած օժանդակութիւններուն համար։
Իր կարգին, Տաւութօղլու նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակները՝ շեշտելով, որ այցելութեան հիմնական նպատակն է լիբանանեան-թրքական երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւններու ամրապնդումը:
Տաւութօղլու նշեց, որ հարաւային Լիբանանի ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին մէջ ծառայող թրքական զօրամասը պիտի շարունակէ մաս կազմել միջազգային ուժերուն, այնքան ատեն, որ Լիբանան անոր կարիքը կը զգայ։ Տաւութօղլու հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ընթացաւարտ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ֆաուզի Սալլուխի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:
Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ ասիկա Լիբանան տրուած իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, սակայն անկէ առաջ ան աւելի քան 13 գաղտնի այցելութիւններ տուած է Լիբանանի մայրաքաղաք։ Ան աւելցուցած է, որ 34 գաղտնի այցելութիւն ալ տուած է Դամասկոս, եւ այդ այցելութիւններէն ոմանց ընթացքին քննուած է Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը: