ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5ին աննախընթաց հանդիպում մը ունեցաւ քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ահմէտ Թիւրքի եւ անոր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամներուն հետ։
2007ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը ապահոված էր իր թեկնածուներէն 21 երեսփոխանի ընտրութիւնը, սակայն Էրտողան ցարդ կը մերժէր հանդիպում ունենալ Թիւրքի եւ անոր խմբակցութեան հետ՝ դատապարտելով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան ունեցած ենթադրեալ կապերը։
Հանդիպումէն ետք Էրտողան յայտնեց, որ վստահութիւն կերտող քայլեր պիտի առնուին։ Ան նաեւ համոզում յայտնեց, որ թէեւ ապստամբներուն հետ խաղաղութեան ճիգերը մօտ ապագային պիտի չլուծեն հարցերը, սակայն միջին եւ երկար տեւողութեան վրայ, յարատեւ աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել զանոնք։
Թիւրք, որուն կուսակցութիւնը կրնայ արգիլուիլ քիւրտ անջատողականներուն հետ ունեցած կապերուն պատճառով, ողջունեց վարչապետին դրական մօտեցումը, ընդգծեց ճկունութեան կարեւորութիւնը եւ հարցերու լուծման ճիգերուն մէջ բոլոր առնչակից կողմերու մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
«Գոհունակութեամբ հաստատեցինք, որ երկխօսութեան տրամադրութիւն մը գոյացած է եւ յոյս ունինք, որ այս մթնոլորտը ամրապնդուի։ Յստակօրէն ներկայացուցինք խաղաղութեան գործընթացին մասին մեր պատկերացումը՝ ընդգծելով, որ ընկերութեան բոլոր շերտերուն տեսակէտները պէտք է նկատի ունենալ», ըսաւ Թիւրք։
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Տէնիզ Պայքալի կրկնեց, թէ քրտական հարցին նկատմամաբ Էրտողանի որդեգրած նոր քաղաքականութիւնը «ազգային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիք է»։ Անոր կարծիքով, «ահաբեկչութեան պատասխանատուներուն հետ կատարուած բանակցութիւնները նպաստաւոր ազդեցութիւն պիտի չունենան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.