ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի Ազգային վիճակագրութեան ծառայութիւնը սկսած է 2011ի մարդահամարի նախապատրաստական աշխատանքներու: Օգոստոս 5ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, ծառայութեան նախագահ Ստեփան Մնացականեան յայտնած է, թէ ՀՀ կառավարութիւնը որոշած է հանրապետութեան մէջ հերթական մարդահամար իրականացնել 2011ի Հոկտեմբեր 12-21, իսկ փորձնականը՝ 2010ի Ապրիլ 14-23՝ Հայաստանի տարբեր համայնքներու մէջ:
Ծրագիրի նախապատրաստման եւ իրականացման համար ստեղծուած է յատուկ յանձնաժողով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.