ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ժամանակին, լուսահոգի հայրս պատմութիւն մը պատմած էր, երբ փոքր տղայ էի. անցեալները դէպք մը պատահեցաւ, որ պատճառ դարձաւ դարձեալ յիշելու հօրս պատմած պատմութիւնը:
Կայ եղեր, չկայ եղեր, ժամանակին մեր գիւղին պէս կայ հայկական գիւղ մը, որ մեզի պէս ան ալ հայկական եկեղեցի մը ու հայկական դպրոց մը ունի. մեծ հայրիկ մը, ամէն Չորեքշաբթի, կանոնաւոր կերպով կ՛երթայ եղեր դպրոց, ժամը 3:30ին, իր երկու թոռները առնելու ու ճաշի տանելու. օր մըն ալ պզտիկ թոռնիկը կ՛ուշանայ դասարանէն դուրս ելլելու, մեծ հայրիկը քիչ մը մտահոգուելով՝ կ՛ուղղուի դէպի դասարան ու ապակեայ դուռէն կը տեսնէ, որ պզտիկները տակաւին կ՛աղօթեն. մեծ հայրիկը քիթին տակէն մրթմրթալով կ՛ըսէ, ի՜նչ լաւ բան է եղեր զաւակներդ հայկական դպրոց ղրկելը, աշակերտները դասարան մտնելէ առաջ կ՛աղօթեն, դասարանէն ելլելու պահուն կ՛աղօթեն. տակաւին այս մտածումներու մէջ, մեր ծերուկը կ՛անդրադառնայ, որ սխալ բան մը կար հոն, աղօթքի պահուն, դարձեալ կ՛ուղղուի դէպի դասարան ու կը տեսնէ, որ աշակերտները դէպի արեւմուտք դարձած կ՛աղօթեն, փոխան՝ արեւելքի… գլուխը կը շարժէ, ապա թոռները կ՛առնէ ու ըստ սովորութեան կ՛երթան ուտելու:
Օրեր կ՛անցնին, օր մը այս մեծ հայրիկը առիթով մը կը հանդիպի դպրոցի տնօրէնին: Առիթը պատեհ նկատելով՝ կը հարցնէ տնօրէնին. «Պրն. տնօրէն, անցեալները թոռնիկս առնելու եկած էի, տեսայ որ կ՛աղօթեն դասարանին մէջ, շատ ուրախացայ, բայց նոյն ատեն շատ տխրեցայ տեսնելով, որ արեւմուտք դարձած կ՛աղօթեն, արդեօք արեւելք պէտք չէ՞ դառնային»: Տնօրէնը կը պատասխանէ. «Այդ մէկը շատ ԹԷՔՆԻՔԱԼ հարց է, պէտք է տէր հօր հարցնես այդ մէկը». ծերուկը դարձեալ կը հարցնէ, թէ՝ «Պրն. տնօրէն, դուք որ հայկական դպրոց կ՛երթայիք ձեր մանկութեան, ո՞ր կողմը կը դառնայիք աղօթելու պահին»: Պատասխանը կ՛ըլլայ՝ «Այդ մէկը, շատ ժամանակ է անցել, չեմ յիշում»:
Ժամանակը կ՛անցնի ու օր մըն ալ մեր մեծ հայրիկը կը հանդիպի գիւղի քահանային. աջէն-ձախէն խօսակցութեան ընթացքին կը հարցնէ տէր հօր արեւելքի ու արեւմուտքի ԹԷՔՆԻՔԱԼ հարցին մասին, եւ այս պարագային, ամէնէն տրամաբանական պատասխանը կը ստացուի քահանայ հօրմէն. «Որ կողմ ուզեն դառնալ, թո՛ղ դառնան, կարեւորը՝ աղօթելն է, Աստուած որեւէ պարագայի ալ կը լսէ»: