ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանէն դուրս հայկական հրատարակութիւններու, որոնց շարքին, առաջին հերթին՝ թերթերու վիճակը, անմխիթար ըլլալու ճակատագրուած է ընդհանրապէս:
Այս իսկ պատճառով, այս հրատարակութիւններուն մէջ, տեղ մը միշտ, սեւով ճերմակով արձանագրուած կ՛ըլլայ չքմեղանք մը, արդարացում մը, պատճառաբանութիւն մը՝ թէ ինչո՞ւ այդ հրատարակութեան մէջ առկայ են թերութիւններ, քիչ կամ շատ, թէ ինչո՞ւ արտադրուած աշխատանքը հեռու է գոհացնելէ երբեմն նոյնիսկ նուազագոյն պահանջերը, ալ ուր մնաց՝ բծախնդիր բաժանորդները:
Արդարացումները մեծաւ մասամբ ընթերցող կամ բաժանորդ չունենալն է, որուն իբրեւ հետեւանք, նիւթական անցուկ կացութիւն կը ստեղծուի, որուն իբրեւ հետեւանք, անհրաժեշտ անձնակազմը կարելի չըլլար ապահովել, որուն հետեւանքով որակը աւելի կ՛իյնայ, եւ որուն իբրեւ հետեւանք, աւելի վատ նիւթական վիճակ մը դիմագրաւելու պարտադրանքը կը ստեղծուի:
Տակաւին չենք խօսիր այլ բարդութիւններ դիմագրաւելու հարցերուն մասին. այսինքն՝ երիտասարդները հրապուրող նիւթ ճառելու կամ չճառելու հեքիաթը, որուն ուղղութեամբ ամէն պատրուակ ունինք ոչինչ ընելու՝ վերը նշուած բոլոր արդարացումներով, անոնց վրայ աւելցնելով տեսիլք ու ստեղծագործական մօտեցում չունենալու մեր պակասութիւններն ու պակասաւորութիւնները:
Այս բոլորով հանդերձ, դիմացած ու տակաւին իր առաքելութիւնը շարունակելու վճռակամութիւնը ունեցող հայկական, հրատարակութեան մը ներսէն խօսելու շռայլքը ունինք մենք, այդ ալ՝ շնորհիւ հաւատաւոր ընթերցողներու, հայերէն թերթի զօրակից մնալու հազարաւոր մարդոց նուիրումին, նեցուկին:
Այս հոյակապ նեցուկին իրաւունքով, այս մարդիկ մեր վրայ բարոյական պարտք կը դնեն՝ առանց լալկանութիւն ընելու, առանց ողբ ու կոծի եւ առանց խեղճանալու գործել, աշխատիլ ու տալ, արտադրել մեր լաւագոյնը:
«Ասպարէզ» հարիւր տարին բոլորեց, հարիւրմէկերորդ տարեդարձն ալ այսօր կը նշէ՝ երկիւղածութեամբ խոնարհելով անցեալի ու ներկայի իր բոլոր աշխատողներուն առջեւ, գնահատելով անոնց զոհաբերութիւնը, անոնց արժանապատուօրէն տարած աշխատանքը, անոնց համեստութիւնը: Կը նշէ հարիւրմէկամեակը՝ խոնարհելով նաեւ հայ թերթի ակնածանքով ու հաւատարմութեամբ փարած տասնեակ հազարաւոր բաժանորդներուն առաջ, առանց որոնց անհնար պիտի ըլլար այս արժանապատիւ երթը նոր հարիւրամեակ մըն ալ շարունակելու յոյսը փայփայել: