ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ծանօթ է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեծաթիւ փաստաթուղթեր կա՛մ փճացուեցան կա՛մ ալ պահուեցան թրքական կառավարութեան կողմէ։ Սակայն վճռական ուսումնասիրողներ տակաւին կրնան գտնել Օսմանեան արխիւներուն մէջ նիւթեր, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն այդ ողբերգական ժամանակահատուածի կարեւոր դէպքերը եւ անձնաւորութիւնները։
Վերջին տարիներուն թրքական կառավարութիւնը ընտրովի ձեւով հրատարակած է անվնաս օսմանեան արխիւներէն ոմանք՝ հերքելու համար այն քննադատութիւնները թէ՝ ան անբացայայտ կը պահէ Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ մեղադրանք բացայայտող փաստեր։ Այդուհանդերձ միլիոնաւոր ուրիշ փաստաթուղթեր դիւրամատչելի չեն հանրութեան համար, որովհետեւ ուսումնասիրողներէն կը պահանջուի երթալ Պոլիս եւ յատուկ դիմում կատարել՝ թղթածրարին թիւը ներկայացնելով, ինչպէս նաեւ գումար մը վճարելով։ Նոյնիսկ երբ փաստաթուղթերը ձեռք կը ձգուին, քիչեր, Թուրքիոյ մէջ թէ անկէ դուրս կը հասկնան զանոնք, տրուած ըլլալով, որ անոնք Օսմանեան թրքերէնով գրուած են եւ դժուար է արաբերէն ձեռագիրները առեղծանելը։
Վերջերս «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ը կրցաւ Օսմանեան արխիւներէն ձեռք ձգել կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին ՀՅԴի (դաշնակցական) ականաւոր գործիչ Է. Ակնունիի ողբերգական ճակատագրին։ Ան ծնած էր շուրջ 1865ին Մեղրիի մէջ, Հայաստան։ Ան յաճախած է Ժընեւի համալսարանը եւ աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հայկական քաղաքական շարժումներուն մէջ։ 1904ին Փարիզ գտնուած ժամանակ, Ակնունի նեցուկ կանգնեցաւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտը տապալելու Երիտասարդ թուրքերու ջանքերուն։ Կոստանդնուպոլիս (Պոլիս) վերադառնալէն ետք, ան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Երիտասարդ թուրքերու յեղափոխութեան մէջ՝ 1908ին։ Ապա ան շրջեցաւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքները։ Ակնունի ձերբակալուեցաւ Պոլսոյ մէջ 24 Ապրիլ, 1915ին, հարիւրաւոր ականաւոր հայերու կողքին, եւ սպաննուեցաւ։
Նախքան իր ձերբակալութիւնը Ակնունին սրտաճմլիկ յօդուած մը գրած էր, որ 16 Ապրիլ, 1915ին հրատարակուեցաւ Ֆրեզնոյի հայատառ օրաթերթ «Ասպարէզ»ի կողմէ։ Յօդուածը կը նկարագրէր անհանգստացնող պատկերներ իրարու դէմ կռուող հայ զինուորներու, որոնք մաս կը կազմէին թշնամի երկու բանակներուն՝ Ռուսիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան։ Իր յօդուածին մէջ Ակնունի կոչ ուղղած էր ամերիկահայերուն, որ հասնին տառապող իրենց հայրենակիցներուն օգնութեան։
Զարմանալի չէ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը հետեւած ըլլար Ակնունիի իւրաքանչիւր շարժումին։ Ատոր փաստը այն է, որ մենք վերջերս անոր 1915ի այդ յօդուածին թրքերէն թարգմանութիւնը գտանք Պոլսոյ արխիւներուն մէջ։ Թարգմանողը հայ պաշտօնատար մըն է, Արթին անունով, որ կը գործէր թրքական կառավարութեան մէջ իբրեւ «հայկական օրաթերթերու գրաքննի»չ։
Գրաքննիչ Արթինը հետեւեալ յայտնաբերիչ ակնարկութիւնը կատարած է.
«Այս թարգմանուած յօդուածը կը պատկանի Է. Ակնունիի գրիչին։ Ան անդամ է Դաշնակ կուսակցութեան։ Անոր իսկական անունն է Խաչատուր Մալումեան։ Ան Ռուսիոյ քաղաքացի է։ Ան Պոլիս եկաւ պատերազմի ընթացքին եւ մինչեւ վերջերս իր կուսակցութեան համար քարոզչութիւն ընելէ բացի, ուրիշ գործ չէ ըրած։ Պոլիս կեցութեան ընթացքին ան մէկ կամ երկու ճամբորդութիւն կատարած է դէպի Եւրոպա։ Ան մաս կը կազմէ այն վերջին խումբին, որ տեղահանուեցաւ եւ արտաքսուեցաւ»։
Եպիսկոպոս Գրիգորիս Պալաքեան, որ 24 Ապրիլ, 1915ին թրքական կառավարութեան կողմէ հաւաքուածներուն մաս կը կազմէր, Ակնունիի ձերբակալութեան մասին հետեւեալ սահմռկեցուցիչ պատմութիւնը կը պատմէ, իր երկու հատորանոց յուշագիրին մէջ՝ «Հայ Գողգոթա» վերնագիրով.
Երբ թուրք ոստիկանները եկան իր տունը զինք ձերբակալելու, Ակնունի ցնցուած հարցուց. «Թալիաթը տեղեա՞կ է ասկէ»։ Ակնունի անխօս դարձած էր երբ ոստիկանները ցոյց տուած էին Թալիաթի ստորագրութիւնը իր ձերբակալման հրամանագիրին վրայ։ Ան ըսաւ. «Ես այսօր տակաւին ճաշեցի Թալիաթի հետ. ինչո՞ւ բան մը չըսաւ ինծի»։
Ակնունի ցնցուած էր իր ձերբակալումին պատճառով, որովհետեւ ան չէր կրնար հաւատալ, որ Թալիաթ կրնար դաւաճանել իրեն, տրուած ըլլալով, որ ինք անոր կեանքը փրկած էր Երիտասարդ թուրքերու 1908ի յեղափոխութեան ատեն՝ զայն պահելով իր տան մէջ, վտանգելով իր կեանքը։
Ըստ Պալաքեանի, երբ Ակնունի վերջապէս կ՛անդրադառնայ, որ մահուան կ՛առաջնորդեն զինք, ան իր բանտակիցներուն կ՛ըսէ. «Ես չեմ զղջար մեռնելուս, որովհետեւ գիտէի, թէ մահը անխուսափելի է։ Միակ զղջումս այն է, որ մենք խափուեցանք այս չարակամ թուրքերուն կողմէ»։ Պալաքեան կ՛արտայայտէ իր խորունկ ցաւը այն բանին համար, որ այդ հայերը, որոնք վստահութիւն ընծայեցին թուրքերուն, շատ ուշ անդրադարձան իրենց սխալին, երբ արդէն կ՛առաջնորդուէին դէպի մահ…
Օսմանեան արխիւներէն ձեռք ձգուած շարք մը նոր փաստաթուղթեր առաջին անգամ ըլլալով կը բացայայտեն, թէ Սպանիոյ թագաւորը բազմիցս փորձեց ազատ արձակել տալ Ակնունին, Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթոն եւ այլ անուանի հայեր։ Յայտնի չէ, թէ ի՛նչն էր, որ սպանացի թագաւորը մղեց այդ ձեւի մարդասիրական նախաձեռնութիւն մը յանձն առնելու։
24 Ապրիլ, 1916 եւ 10 Մայիս, 1916 թուակիր երկու նամակներու մէջ, Սպանիոյ դեսպան Ժիւլիէն տէլ Արրոեօ նամակ մը գրեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հալիլ Պէյին՝ յայտնելով անոր, թէ Նորին վսեմութիւն Ալֆոնսօ Ը. թագաւորը Սուլթան Մէհմէտ Ե.էն կը խնդրէր, որ խնայէ կեանքերը վերոնշեալ հայ բանտարկեալներուն։ Դժբախտաբար սպանացի թագաւորը տեղեակ չէր, որ այդ հայերը արդէն իսկ սպաննուած էին իր դրուատելի միջամտութենէն շատ առաջ։
Զանազան թուրք պաշտօնատարներու միջեւ վերջերս ձեռք ձգուած գաղտնի յուշագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ներքին գործոց նախարար Թալիաթ, վերջապէս սուտ պատմութիւն մը յօրինած է այդ ականաւոր հայերուն ճակատագիրին մասին։ 25 Յուլիս, 1916ին Թալիաթ նամակ մը գրեց արտաքին գործոց նախարար Հալիլ Պէյին՝ խնդրելով, որ սպանացի դեսպանին բացատրէ, թէ այդ հայերը, Տիարպէքիրի զինուորական ատեան փոխադրուելու ճամբուն վրայ խոշտանքած էին իրենց ընկերակցող պահակները եւ փախուստ տուած դէպի Ռուսիա։ Թալիաթ ծածկեց այն իրականութիւնը, թէ հայ բանտարկեալները Սպանիոյ թագաւորին հետապնդումներէն ամիսներ առաջ արդէն սպաննուած էին։ Այս դէպքը ցոյց կու տայ, թէ Թալիաթ կը ծածկէր իր ոճիրները զանոնք գործելու ընթացքին իսկ։
Թուրք ղեկավարներուն կողմէ գրուած այդ նոր յայտնաբերուած յուշագրութիւնները կը փարատեն ամէն կասկած Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագրուած ըլլալուն շուրջ։ Ներքին գործոց նախարար Թալիաթ հրահանգեց տեղահանումն ու մահապատժումը հայերուն եւ մանրամասն տեղեկագրութիւն պահանջեց անոնց շարժումներուն ու պայմաններուն մասին։ Կարգ մը պարագաներու, Թալիաթ անձնապէս գրեց նամակներ՝ հետաքրքրուելով շարք մը ականաւոր հայերու ո՛ւր ըլլալուն մասին։
Հակառակ մեղադրանք բացայայտող փաստաթուղթերը մաքրագործելու թրքական բոլոր փորձերուն, Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ թրքական մեղսակցութիւնը տակաւին կը մնայ Օսմանեան արխիւներուն մէջ…
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր
Abriss haroutioun
Dear Mr.SASSOUNIAN!
THANK YOU VERY MUCH FOR YOUR NICE COLUMNS!!!!