ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ մեծագոյն ջրելեկտրակայանին մէջ տեղի ունեցած է արկած մը, որուն հետեւանքով եօթը աշխատողներ մահացած են։ æրելեկտրակայանը ժամանակաւորապէս փակուած է:
Սիպերիոյ Ենիսէյի գետին վրայ գտնուող «Սայանօ-Շուշինսքաիա» ուժանիւթի կայանը դադրեցաւ, երբ խողովակ մը ճեղքուեցաւ։ Արձանագրուած է եօթը զոհ եւ ութ վիրաւոր։
Արտակարգ կացութեանց նախարար Սերկէյ Շոյկու ըսաւ, որ ելեկտրականութեան նկատառելի ընդհատումներ չեն նախատեսուիր, որովհետեւ ելեկտրականութիւնը այլ գործարաններէ պիտի մատակարարուի։
Վնասուած ուժանիւթի գործարանը ելեկտրականութիւնը կը մատակարարէ ալիւմինիոմի շարք մը մեծ գործարաններու, ներառեալ՝ ալիւմինիոմի աշխարհի մեծագոյն գործարան «Ռուսալ»ի պատկանող գործարաններու։
«Ռուսալ» կը յայտնէ, որ իր ձուլարանները ներկայիս ուժանիւթի այլ կայաններէ ելեկտրականութիւն կը ստանան եւ սովորական կերպով կը գործեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.