ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի հրամանով, Հայաստանի պետական գիւղատնտեսական համալսարանին թոյլատրուած է կազմակերպել ընդունելութիւն մը ԼՂՀ Ստեփանակերտի մասնաճիւղին մէջ: Նախարարութեան կողմէ սահմանուած է վճարովի 175 տեղ՝ առանց պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչէն ժամանակաւոր ազատման իրաւունքի: Ընդունելութիւնը պիտի կազմակերպուի մրցոյթով:
Մասնաճիւղը պիտի գործէ Շուշիի մէջ, ուր արդէն իսկ կ՛իրականացուին ուսումնական մասնաշէնքերու շինարարական աշխատանքներ:
Նշուած կարգավիճակով ընդունուածներուն չի թոյլատրուիր տեղափոխուիլ այլ համալսարաններ, նոյնիսկ եւ ոչ՝ Հայաստանի պետական գիւղատնտեսական համալսարան:
Նշենք, որ որոշումը կայացած է հիմք ընդունելով Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի միջնորդութիւնը, եւ նպատակ ունենալով՝ նպաստել Արցախի գիւղատնտեսութեան ու կրթական համակարգի զարգացման: