ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան եւ վերամշակման վարչութեան պետ Գէորգ Ղազարեանի, Հայաստանի պտուղ-բանջարեղէն վերամշակող աւելի քան 40 ընկերութեան կողմէ առ այժմ մթերուած է 4020 թոն համախառն պտուղ եւ 3320 թոն բանջարեղէն։
Վարչութեան պետի հաւաստումով, նշուած պտուղի եւ բանջարեղէնի հիմնական մասը մթերած են «Արտաշատի պահածոներ»ու, «Բորտինօ հայկական», «Եւրոթերմ» եւ «ՄԱՊ» վերամշակման ձեռնարկութիւնները: Խաղողի մթերումները կը սկսին Սեպտեմբերին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.