«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Մարմարա» թերթի խմբագրապետի սիւնակն է, որ Օգոստոս 4ին, 28 տարեկան եղաւ:
Կը շնորհաւորենք Ռ.Հ.ին (Ռոպեր Հատտէճեան), հայկական մամուլի պատմութեան մէջ հազուագիւտ այս իրագործման համար: Կը շնորհաւորենք անոր յարատեւութիւնը, անոր կարգապահութիւնը, որ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութենէ կու գայ, պատասխանատուութիւն՝ հանդէպ իր գործին, իր թերթին, իր ընթերցողին:
«Ասպարէզ» պարբերաբար հրատարակած է Հատտէճեանի «Յուշատետր»երը, որոնք հաճոյքով կը կարդացուին եւ կը փնտռուին նաեւ թերթիս ընթերցողներուն կողմէ:
Նկատելով, որ խմբագրապետը ի՛նք լաւագոյնս բնութագրած է իր գործը առանձին գրութեամբ մը, զոր տեղաւորած է իր հերթական սիւնակի հարեւանութեամբ, կը նախընտրենք «Յուշատետր»ը ներկայացնել՝ իր հեղինակին ոսպնեակէն դիտուած:
«Մտերմիկ զրոյց «Յուշատետր»ի ընթերցողներուն հետ» խորագիրով, Հատտէճեան հետեւեալ միտքերը կը կիսէ մեզի հետ.
«Յուշատետր» սիւնակի իմ սիրելի ընթերցող,
Այսօր իմ «Յուշատետր» սիւնակը կը դառնայ 28 տարեկան։ Ասիկա կը նշանակէ, որ այս սիւնակը ամէն օր, կամ ըսենք՝ շաբաթը հինգ օր, կը հրատարակուի 28 տարիէ ի վեր։
4 Օգոստոս 1981 թուականը կեանքիս ամէնէն բախտորոշ ու բախտաբեր քանի մը թուականներէն մէկն է անկասկած։ Այս օր է, երբ այս թերթին առաջին էջին վրայ կը բանայի սիւնակ մը, զոր կ՛ուզէի կոչել «Յուշատետր», որպէսզի պաշտօնական բնոյթ մը տուած չըլլայի ու մնայի գրական մտածումներու, առօրեայ ապրումներու ու ազգային հարցերու վրայ մտորումներու շրջանակի մը մէջ։ Բայց 4 Օգոստոս 1981 թուականին, կրնայի՞ ենթադրել, որ այս սիւնակը սա առաջին էջին վրայ այսքա՛ն ամուր տեղ պիտի գրաւէր յառաջիկայ ո՛չ թէ տարիներու, այլ տասնամեակներու տեւողութեան, կրնայի՞ ենթադրել, որ «Յուշատետր» բառը հայոց լեզուի բառարանի իր աւանդական իմաստէն պիտի անջատուէր ու այլեւս պիտի նոյնանար իմ գրիչիս ու իմ ապրումներուս հետ։
Ասիկա հանգրուան մըն է եւ կ՛արժէ, բնականաբար, որ այս սիւնակը սիրող մեր ընթերցողներուն հետ միասին ողջունենք այդ հանգրուանը եւ միասնաբար մտածենք անգամ մը, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հասած ըլլալ այսպիսի հանգրուանի մը։
28 տարի, շաբաթը հինգ օր։ Մօտաւոր հաշիւով մը՝ ասիկա կը նշանակէ 7000 յօդուած։ Գիրքի էջի հասակով մօտաւորապէս 28 հազար էջ, կոշտ հաշիւով՝ 300 էջնոց մօտաւորապէս 90 հատոր գիրք։
Չեմ գիտեր թէ հայ մշակոյթի, գրականութեան ու մամուլի պատմութեան մէջ ուրիշ խմբագիր մը կամ գրող մըն ալ կրցա՞ծ է այսքա՛ն երկար ժամանակ, այսպէս ամէն օր նմանօրինակ մթնոլորտի մը մէջ գլուխ գլխի մնալ իր ընթերցողներուն հետ եւ ապրիլ այսպիսի միասնութեան մը երջանկութիւնը։ Բախտը իմ անձիս շնորհեց այդ երջանկութիւնն ու պատիւը, եւ ատոր համար շնորհակալ եմ անշուշտ ո՛չ միայն բախտին, այլ նաեւ իմ շատ սիրելի ընթերցողներուս։
Ինծի համար տխուր է բնականաբար մտածել, թէ իմ սիւնակի առաջին օրերու ընթերցողներէս շատեր ու շատեր չկրցան այսքա՛ն երկար ժամանակ ընկերանալ ինծի եւ սա կամ նա հանգրուանին վրայ հրաժեշտ առին, գացին։ Սիրտս միշտ կը կոտտայ՝ անոնց բացակայութիւնը զգալով։ Բայց հաւատալով, որ կեանքը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ պիտի կարենանք քալեցնել զայն, եւ որոշապէս փառք տալով նաեւ բարի նախախնամութեան՝ ես եւ գործակիցներս միշտ մնացինք պատնէշին վրայ ու պիտի մնանք այնքա՛ն ատեն, որ մեզի կարելիութիւն պիտի տրուի հոն մնալու։
«Յուշատետր» անունը կրնայ ոմանց կարծել տալ, թէ այս սիւնակը անձի մը առօրեայ ապրումներուն օրագրութիւնն է պարզապէս։ Անշուշտ որ այդ սիւնակին մէջ իմ անձս կայ, իմ ապրումները կան, բայց ես առանձին չեմ, եւ տետրակը միայն իմ սեփական ապրումներուս տետրակը չէ։ Աշխարհի վրայ ոչ մէկը առանձինն ապրում ունի, ոչ մէկը առանձին կեանք կ՛ապրի, ամէն մարդ կ՛ապրի ուրիշներու հետ ալ, ուրիշներէ առաջ ու ուրիշներէ վերջ, կ՛ապրի ուրիշներու շնորհիւ, կ՛ապրի ուրիշներու հետ միաժամանակ, նաեւ կ՛ապրեցնէ ուրիշներ, եւ մարդ, ինչպէս ամէն ինչ, նոյնպէս եւ ժամանակ կոչուածը կը բաժնէ իր անմիջական շրջանակը լեցնող անհամար մարդոց հետ։ Մենք մեր կեանքը այնքան յաջողցուցած կ՛ըլլանք, որքան շատ մարդու հետ կը բաժնենք զայն, որքան շատ մարդու հետ կը հաղորդուինք եւ որքան շատ մարդու համար գոյութիւն կ՛ունենանք։
«Յուշատետր»ը 28 տարեկան է եւ կը շարունակէ նայիլ դէպի ապագայ, առանց հարց տալու, թէ ինչպիսի՞ ապագայ մը կը մնայ մեզի։ Ապագան մեզի համար գոյութիւն չունենար, եթէ չհաւատանք այդ ապագային։ Եւ մենք կը հաւատանք։ Կը հաւատանք նաեւ գոյատեւման հրաշքին եւ նոր ընթերցողներու հետ ժամադրուելու կախարդանքին։ Կը հաւատանք մարդոց հետ ապրում ու կարծիք բաժնելու, նաեւ ապրում ու կարծիք փոխանակելու հաճոյքին։ Աշխարհը, մինչեւ իսկ փոքրիկ ժողովուրդներու համեստ ու մինուճար մարդոց համար հրաշալիօրէն ընդարձակ ու հրաշակերտ տարածութիւն մըն է, մարդ ո՛ւր որ նայի, կեանքը կը տեսնէ, ուրիշ մարդ կը տեսնէ, ապրում կը տեսնէ, կը տեսնէ նաեւ խորհուրդ, նաեւ կը տեսնէ ուրիշ մարդ մը, որ հոն կը սպասէ որպէսզի սեղմէ անոր ձեռքը եւ ըսէ. «Մենք միասին ենք»։
Այսպիսի մտածումներով է, որ այսօր կը փակեմ իմ յուշատետրիս 28րդ տարուան էջը ու կը բանամ նոր էջ մը՝ երջանկօրէն ու անհամբերութեամբ հարց տալով, թէ վաղը ի՞նչ պիտի գրեմ հոն։