ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Վերջերս, Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանը կը գտնուէր մեր վաղեմի բարեկամներէն յայտնի գրագէտ, գրական քննադատ, «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրութիւնը առաջին չորս տասնամեակներուն վարած եւ երկոտասնեակ մը գրական գիրքերու հեղինակ Պօղոս Սնապեան, որուն հետ մեր յաճախակի հանդիպումներուն ընթացքին խօսակցութիւններուն գլխաւոր առանցքը կը կազմէին մեր ազգային մտահոգութիւնները, մեր երիտասարդութեան ապագան այս ափերուն, հայրենի ժողովուրդին ներկայ իրավիճակը, Արցախի կարգաւորման հարցը, արտագաղթի հոսքը, եւայլն, եւայլն։
Այդ բոլոր հարցերուն մասին գաղափարներու փոխանակութիւններ ունենալէ ետք, մեր զրոյցը աւելի կեդրոնացաւ Պօղոս Սնապեանի գործած ասպարէզներուն վրայ,
գրական ու կրթական հարցերու առնչութեամբ։
Ստորեւ մեր վերջին զրոյցին ամփոփումը։
Ն.Տ.- Տարիներէ ի վեր յաճախ կը տեսնենք ձեզ խաղաղականի այս ափերը, երբեմն իբրեւ պարզ եւ երբեմն հանրային ու մշակութային ձեռնարկներու մասնակցելու առաքելութեամբ։ Հետաքրքրական է գիտնալ այս անգամ ինչ շարժառիթով դարձեալ մեր մէջ կը գտնուիք։
Պ.Ս.- Ինչպէս երեք տարի առաջ, այս անգամ եւս նոյն պատճառները ունէի այս ափերը սաւառնելու, ու պատճառներէն գլխաւորը՝ մեծ աղջկանս երկրորդ զաւկին,
Գռուզեան-Զաքարեան ամէնօրեայ վարժարանի աւարտական դասարանէն ստացած վկայականը ծափահարելու։ Անշուշտ նաեւ մերձաւորներու, ազգականական կապերու, մտաւորական, գաղափարական ու գրական բարեկամներու հետ քաղցրագին պահեր ապրելու կարօտով։ Աւելորդ է ըսել, որ ամէն հայու կը մաղթեմ նման հոգեշահ պահեր ապրելու երջանկութիւն։
Ն.Տ.- Գիտենք, որ աւելի քան քառասուն տարիներ «Բագին» գրական հանդէսը խմբագրելէ ետք, շուրջ վեց-եօթը տարի առաջ դադրեցաք անոր խմբագրապետութիւնը վարելու պաշտօնէն։ Այդ դադարէն ետք, հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ ինչպէս լեցուցիք ձեր ժամանակը անցնող այդ տարիներուն։
Պ.Ս.- Ըսեմ մէկ բառով՝ նոյն զբաղումներով, թերթի եւ գիրքերու խմբագրութեամբ ու հրատարակչութեամբ։ Անհամեստաբար աւելցնեմ, որ 2003էն ասդին, միայն Պօղոս Սնապեանի հեղինակութեամբ լոյս ընծայուած են շուրջ տասը հատոր, միջին հաշուով երկու հարիւր էջերու սահմաններուն,- «Կրկէսին մէջ» – երեք հատոր, «Աղքատներուն աւանդութիւնը – Գ.», ««Ես իմ անուշ Հայաստանի»ի ոդիսականը», «Մեր փարախէն ներս», «Թիւրիմացութեամբ եւ մասամբ նորին», «Պատիժներ», «Անընդունելի», «A room in Paris», եւ «Հարցազրոյցներ Պօղոս Սնապեանի հետ»։
Ասոնց հետ վերահրատարակուեցան նաեւ մեր հեղինակութեամբ, այլեւս սպառած երեք ուրիշներ, «Ես այդ շունն եմ», «Կորստական թոյներ» եւ «Յեղափոխութեան համար»։ Պարտ է ինձ յիշեցնել, որ այս բոլոր գործերը լոյս տեսած են շնորհիւ գրասէր բարեկամներու մեկենասութեամբ։ Հրատարակչական այս աշխատանքներուն ընթացքին անկարելի պիտի ըլլար չյիշել մեր խմբագրութեամբ լոյս տեսած երեք-չորս ուրիշ հատորներ,- Եդուարդ Պօյաճեանի «Դուն» եւ «Միտք պահէ» հատորները, Յակոբ Օշականի «Անգղին կտուցին տակ»ը, Կարինէ Առաքելեանի «Միսաք Մեծարենցի քնարերգութեան լեզուն եւ ոճը» եւ Եղիսաբէթ Մանկասարեանի «Կեանքը դռնփակ աշխարհում»։ Իբրեւ գրական գործունէութիւն յիշեցնեմ, որ 2007էն ի վեր կը խմբագրեմ «Ազդակ գրական» պարբերաթերթը, որուն մասին, ցաւօք, այս ափերուն, ոչ ոք տեղեկութիւն ունի։ Հրատարակչական ու խմբագրական այս աշխատանքները ընթացքի մէջ են ու կը շարունակուին նոյն կշռոյթով։ Չհաշուած «Ազդակ գրական»ի հերթականութիւնը, լինելութեան մէջ կը գտնուին մէկական հատոր Յ. Օշականէն, Կ. Սասունիէն, Մ. Իշխանէն, Պ. Սնապեանէն եւ ժողովածու մը Արեւմտահայ գրականութենէն։
Ն.Տ.- «Բագին»ի խմբագրութիւնը վարած տարիներուդ ստանձնած էիք նաեւ ուսուցչական պաշտօններ։ Մինչեւ այսօր կը շարունակէ՞ք ուսուցման այդ գործը։
Պ.Ս.- Ոչ։ Ճիշդ այն տարին, այսինքն՝ 2003ին, «Բագին»ի խմբագրութենէն դադրելուս հետ, դադրեցայ նաեւ ուսուցչական պաշտօններ վարելէ։ Հիմա տրամադրելի բոլոր ժամանակս կը յատկացնեմ քիչ առաջ յիշատակած գործերուն։
Ն.Տ.- Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ Լիբանանի ազգային վարժարաններուն ուսուցման վիճակը այսօր։
Պ.Ս.- Իրականութեան հետ ըլլալու նախանձախնդրութեամբ ըսեմ, որ մամուլին մէջ լոյս տեսած պաշտօնական տեղեկութիւններէն ու թղթակցութիւններէն աւելի բան մը չեմ համարձակիր ըսել այդ մասին։ Ի հարկէ, դպրոցները կան, կը գործեն, դասարանները լեցուն են, անգամ զուգընթաց դասարաններ ունին մեր ազգային կարգ մը վարժարանները, բայց երկրորդական վարժարանները, որպիսիք էին Սփիւռքի մէջ Լեւոն Շանթի Հայ Ճեմարանը, Յակոբ Օշականի Ժառանգաւորացը, Շահան Պէրպէրեանի Անթիլիասի դպրեվանքը, Վահան Թէքէեանի Մելքոնեանը, այսօր, որքան գիտեմ, անոնցմէ ստացուածները ատոք հասկեր չեն։ «Համազգային»ի Հայագիտական Հիմնարկը ունեցաւ հարիւրէ աւելի շրջանաւարտներ, որոնցմէ իննսունհինգը կը գործեն մեր փարախին մէջ։ Այս հաստատութիւնը, ցաւօք, վերջին տարիներուն փակուեցաւ եւ ըսեմ ամենայն անկեղծութեամբ, որ այդ դադարին հետ անձնապէս ես երբեք չեմ հաշտուած։
Ն.Տ.- Վերադառնանք Ամերիկա։ 1900էն ի վեր ամերիկահայութեան հոգեւոր պէտքերուն գոհացում տալու համար դիմուած է Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ կազմուած ուժերուն,- տեղափոխութիւններու պատճառով կամ ուղղակի հրաւէրներով եկած ու գործի լծուած են կրօնականներ, ազգային գործիչներ, ուսուցիչներ, ուսուցչուհիներ։ Այդ պարագան պատճառ դարձած է, որ տեղւոյն բնակչութիւնը չկարենայ լրիւ բաւարարութիւն տալ իր իւրայատուկ պահանջներուն։ Այդ մասին ձեր մօտ գործող պատկան մարմինները աւելի նպաստաւոր ելքեր կ՛որոնե՞ն արդեօք։
Պ.Ս.- Ճիշդ է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կազմաւորուած տարրերը ատեն մը եւս ազգային, կրօնական, կրթական ու մշակութային դերեր կրնան եւ պէտք է վերցնեն երկու ովկիանոսներուն միջեւ ապրող մեր հարազատներուն մէջ, բայց կը խորհիմ, թէ այդ հեռանկարներուն օգտին աւելի պէտք է մտածեն տեղւոյն մարմինները։ Համապատասխան ուժեր ձեւաւորելու հրամայականը աւելի քան երբեք այժմէական է այսօր։
Շաբաթական հերթականութեամբ գործող դպրոցները անբաւարար համարելով, երբ միջնակարգ վարժարաններու հիմերը նետեցին երկու երիտասարդներ, բոլորը թերահաւատութեամբ դիմաւորեցին այդ նախաձեռնութիւնները, բայց այսօր փաստ է Ամերիկայի մէկ ծայրէն միւսը առկայ է ամէնօրեայ դպրոցներուն ցանցը։ Պէտք է մտածել այս մասին եւ առանց աջ ու ահեակ խոտորելու յանդգնիլ, ունենալ առնուազն լիարժէք երկու երկրորդական վարժարան այս ափերուն մէջ, մէկը Արեւելեան շրջանին՝ միւսը Արեւմտեան։ Այնքան ատեն, որ Հայաստանը չի կրնար Լուսաւորչի աստղին տակ մէկտեղել մեզ, նման ձեռնարկները կենսական նշանակութիւն ունին մեզի համար։ Տնտեսական շատ ձեռնտու վիճակի մէջ չենք գտնուիր այսօր, բայց հազար անգամ աւելի լաւ ենք հիմա, քան անցեալ դարու երեսնական թուականներուն, երբ հիմնուեցաւ Պէյրութի Հայ Ճեմարանը, որուն հետ զուգահեռաբար նոր շունչով համակուեցան երկրորդական մեր միւս վարժարանները, Բարեգործականի հովանաւորութիւնը վայելողները, «Հայ սքուլ»ներն ու Մխիթարեան կրթական օճախները, որոնք, ամէն ոք գիտէ այսօր, քառասունական-յիսունական թուականներուն հրաշալի հունձքեր տուին մեր տարագիր ժողովուրդին։
Ն.Տ.- Այսօր, Սփիւռքի մէջ եւ մանաւանդ այս ափերուն Շանթեան Ճեմարանին կամ Մելքոնեանին պէս դպրոցներ ստեղծելը հսկայ ծախս կ՛ենթադրէ. չէ՞ք կարծեր, որ դժուար է նման գործերու ձեռնամուխ ըլլալ հիմա։
Պ.Ս.- Բայց ո՞ր գեղեցիկ գործը դիւրին ստացուած է մեր պատմութեան մէջ։ Մեր տաճարնե՞րը դիւրութեամբ հրաշակերտուած են, մեր բերդե՞րը դիւրին կառուցուած են, մեր դպրատունե՞րը, մատուռնե՞րը, Միջնադարու համալսարաննե՞րը։ Հակառակ տնտեսական ներկայ աննպաստ պայմաններուն, այսօր մեր ժողովուրդը աւելի քան երբեւիցէ ի զօրու է պսակելու մեր հոգեւոր պէտքերուն գոհացում տուող ձուլարանները։ Կարեւորը զգալ անոնց կենսական անհրաժեշտութիւնը եւ ապա յանդգնիլ։ Այս մտածումները, ի հարկէ, իբրեւ օրինաց գիրք չեմ բանաձեւեր, բաղձանքներ են անոնք, նաեւ մաղթանքներ, որոնց ճշմարտութեան ջերմօրէն կը հաւատայ այն անձը, որ կը պատասխանէ ձեր հարցումներուն։