ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութեան նախարար Թանէր Եըլտըզ յայտնած է, որ Թուրքիա բնական կազ գնելու նոր առաջարկ մը ներկայացուցած է Պաքուին։ Ան նշած է, որ Թուրքիա կը յուսայ, թէ Ատրպէյճան առաջարկին վերաբերեալ գնահատական մը տայ մօտիկ ապագային։
Թուրք նախարարը ըսած է, թէ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ բնական կազի առուծախի քննարկումներու մթնոլորտը աւելի լաւ է, քան նախապէս։
«Շրջանին մէջ կացութիւնը կը փոխուի։ Ամէն բան իր եղանակին լաւ է։ Ինչպէս ասացուածքը կ՛ըսէ՝ «Երկաթը տաք-տաք կը ծեծեն»։ Այժմ ճիշդ ժամանակն է երկաթը ծեծելու։ Եթէ ուշանայ, կողմերը կրնան շփոթի մատնուիլ», ընդգծած է ան։