ՊՈԼԻՍ.- Ըստ Թուրքիոյ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Նիք Պէրտի, Կիպրոսի, քրտական եւ հայկական հարցերու լուծումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման։ Պէրտ յառաջիկայ ամիս պիտի ստանձնէ բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Եւրոպայի եւ համաշխարհայնացման ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը։
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ «Եթէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին կարենանք այս երեք մեծ հարցերը լուծել, ապա շրջանը շատ աւելի լաւ դիրքի վրայ պիտի գտնուի»։
«Կը կարծեմ, որ հայկական «ճամբու քարտէս»ին մէջ յառաջխաղացք արձանագրելու համար, հաւանաբար պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրենք», ըսաւ Պէրտ։
Ինչ կը վերաբերի այդ երկու հարցերը իրարու կապելու Անգարայի մօտեցումին, ապա Պէրտ ըսաւ. «Անկեղծօրէն չեմ կարծեր, որ անոնք այլընտրանք մը ունին։ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի եւ կը փորձէ հայերուն հետ ալ լաւ յարաբերութիւններ կառուցել։ Երկուքին միջեւ ընտրանք մը չես կրնար ընել։ Ըսել կ՛ուզեմ, որ հիմնականին մէջ, շրջանային կայունութեան համար այս հարցերը միասնաբար յառաջ պէտք է տանիլ»։
Ան աւելցուց, որ «Մենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լուծումի մը համար միջնորդութիւն կատարող Միացեալ Նահանգներուն եւ Մինսկի խումբին ուժեղ կերպով կոչ պիտի ուղղենք, արագ համաձայնութեան մը հասնելու»։