ՊԱՔՈՒ.- «News.am» Երեքշաբթի, Օգոստոս 25ին հաղորդեց, թէ Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսը Քըլըչ անգամ մը եւս յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացը կախեալ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ արձանագրուելիք յառաջխաղացքէն, աւելցնելով, որ անկարելի պիտի ըլլայ Երեւան-Անգարա բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելը, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու աշխատանքները սառեցուած մնան:
Ակնարկելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, թէ՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի ցամաքային ճամբով միայն Թուրքիա պիտի այցելէ, Քըլըչ յանձնարարեց նախագահին, որ ընտրէ օդային ճամբան:
Միւս կողմէ, «Թուտէյ.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ ատրպէյճանցի քաղաքական վերլուծաբան Վաֆա Կիւլիւզատէ, անդրադառնալով 14 Հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերու ետ դարձի մրցումին շուրջ տիրող կացութեան՝ յայտնած է, որ «Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պիտի բացուի, երբ Հայաստան-Թուրքիա եւ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւնները բնականոնանան»։
Ան նաեւ ըսած է, թէ «Թուրքիա որեւէ զիջում պիտի չկատարէ եւ նուազագոյն ջանքը պիտի չթափէ, որպէսզի Սարգսեան երկիրը (Թուրքիա) այցելէ։ Հայաստան չենթարկուիր «ճամբու քարտէս»ի պայմաններուն։ Ան պէտք է հրաժարէր Ցեղասպանութեան ամբաստանութիւններէն եւ համաձայնէր այս հարցը թուրք մասնագէտներու հետ միասնաբար քննարկելու։ Սակայն ան այդ մէկը երբեք պիտի չկատարէ, որովհետեւ այդ ձեւով Ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ կ՛առնէ։ Ուստի կը շարունակէ մերօրեայ Թուրքիոյ թշնամի մը ըլլալ։ Միւս կողմէ, Հայաստանի շահերուն չի համապատասխաներ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել, որովհետեւ այդ մէկը Հայաստանէն կախեալ չէ։ Բռնագրաւուած հողամասերուն քսան առ հարիւրին վերադարձը կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ կախեալ է միայն անկէ։ Հայերը՝ թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ Սփիւռքին դիմաց տկար են։ Սփիւռքը սահմաններուն բացումը չ՛ուզեր եւ չ՛ուզեր Թուրքիան Ցեղասպանութեամբ ամբաստանելու քաղաքականութենէն հրաժարիլ։ Հայաստան այս կացութեան հանդէպ ոչինչ կրնայ ընել։ Ընդհանրապէս, Հայաստանի մէջ պետութիւն չկայ։ Երբ Հայաստանի մասին կը խօսինք, մենք զմեզ կը խաբենք»։
Կիւլիւզատէ կ՛աւելցնէ. «Ուստի կը կարծեմ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուրքիա պիտի չերթայ։ Սարգսեան այդտեղ պարզապէս ոչինչ ունի կատարելիք»։