ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայ հրապարակագրութիւնը վաղուց լաւ ըմբռնած է արդէն, որ խմբագրական, առաջնորդող յօդուած, ակնարկ կամ նմանատիպ որեւէ գրութիւն, սոսկ հայատառ մամուլի ընթերցողներուն սեփականութիւնը չի մնար։ Կը բաւէ, որ տուեալ պետութեան, կառավարական կամ ոչ կառավարական այս կամ այն կազմակերպութեան հետաքրքրութեան ընդհանուր դաշտին վերաբերող որեւէ հիմնական եւ դիտարժան երեւոյթ լոյսին բերող գրութիւն յանձնես հայկական մամուլին, անմիջապէս, անկախ քու կամքէդ, կը թարգմանուի եւ կը տեղադրուի տուեալ կայքէջին վրայ։ Քիչ անց, համակարգչային որոնողական որեւէ ծրագիրի միջոցով եթէ համապատասխան յղումներ ուզես նկատի ունենալ, յանկարծ կը նկատես, որ կայքէջէ-կայքէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է գրութիւնը, երբեմն բնագրային հարազատութիւնը պահելով, երբեմն պարունակէն դուրս ինկած հատուածներով, երբեմն ալ միտումնաւոր կամ ակամայ ապամեկնաբանութեամբ։
Այսօրուան տեղեկատուական դաշտին մէջ նման արագութեամբ եւ տարողութեամբ գրութիւններու թարգմանութիւն եւ շրջանառութիւն զարմացնող երեւոյթ չէ։ Որքան կը նուազի տպագիր մամուլի տարածումը, այնքան օրէ-օր կ՛աւելնայ ելեկտրոնային մամուլի հասանելիութիւնը։ Մարդ չի կրնար իրողական պատկերացում ունենալ համացանցի տուեալ կայքէջին յանձնած իր յօդուածին հասանելիութեան տարողութեան մասին։
Այս նախաբանը այսօրուան իրականութեան տեսութիւն է։ Հարցը, զոր պէտք է արծարծել այս առիթով, նրբանկատ անկիւններ կը պարփակէ։ Այսպէս։ Հայ հրապարակագիրը հայութեան հրատապ խնդիրներուն մասին գրելու պահուն, նկատի պէտք է առնէ անպայման, որ իր պատգամները (ոչ հռետորական իմաստով) ուղղուած չեն միայն հայ հասարակութեան։ Նոյնքան արագութեամբ, մանաւանդ կարգ մը հարցերու պարագային, անոնք տրամադրելի են արդէն այս պարագային թրքական պետութեան, ատրպեճանական քաղաքական շրջանակներուն, թուրք եւ ատրպէյճանցի հասարակութիւններուն։ Եւ ոչ միայն, անշուշտ։ Այս երկու հարթութիւնները կ՛ընդգծուին, որովհետեւ նիւթերու մշակման պարագային ամէնէն առաջ հակամարտող կողմերը պէտք է նկատի առնուին։
Լուրջ երկընտրանքներ կը ստեղծուին օրինակ ռազմավարական խնդիրներու ներկայացման ընթացքին հայկական կողմի բացթողումները լուսարձակի տակ առնելու կամ շրջանցելու առումով։ Մանաւանդ, բացթողումները նկատի առած հետագայ ընելիքներուն մասին գրաւոր մտորումներ հրապարակելու պահուն։ Հարցը այն չէ անպայման, որ հակառակորդը դիմացի կողմին ռազմավարական բացթողումները, երեւցած հակասութիւնները քարոզչական շահարկումի կ՛ենթարկէ։ Բացթողումներու եւ հակասութիւններու համայնապատկերը յստակացնելը համապատասխան քայլերու որդեգրման կ՛առաջնորդէ հակառակորդը։
Նուրբ ձեւով կը դրուի խնդիրը։ Միջին Արեւելքի մէջ թրքական գերաշխուժութեան դիմաց համախմբուելու, հետեւելու եւ հակակշիռ քաղաքական եւ քարոզչական գործողութիւններ կազմակերպելու առաջնահերթութիւնը պէ՞տք է հրապարակայնօրէն արծարծել եւ ընդգծել, թէ՞ լուռ ձեւով նախապատրաստուիլ այդ ուղղութեամբ։ Կամ՝ թուրքեւատրպէյճանական համակարգչահէններու դիմաց հայկական անպաշտպանուածութեան մասին մամուլով ահազանգե՞լն է ճիշդը, թէ՞ առանց այդ մասին խօսելու նոյն ոճով հակահարուած տալը թրքական եւ ատրպէյճանական կայքէջերուն։ Պատասխանները կրնան միանշանակ չըլլալ այս պարագային։ Մանաւանդ որ եթէ առաջադրուած աշխատանքներուն ուղղութեամբ նախապատրաստութիւն չկայ, նախ պէտք է միտք պատրաստել, մտածողութիւն յառաջացնել եւ կարծիք ձեւաւորել։ Իսկ այդ բոլորին իրականացումը, առանց մամլոյ նման հրապարակումներուն, դժուար է պատկերացնելը։
Այս հարցերը պէտք է արծարծուին, քննարկուին եւ եզրակացութիւններ հանուին։ Կայ անհրաժեշտութիւնը. չկայ միջավայրը։ Համահայկական լրատուադաշտը շատ այլ խնդիրներ լուծելու կողքին այս հարցերը եւս յստակացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ է։
Թրքական կողմը աւելի ձեռնհասութիւն կը ցուցաբերէ իր տեղեկատուական քաղաքականութեան մէջ։ Թրքական լրատուադաշտը ունի իր հասարակութեան ուղղուած բաժին, միջազգային հանրային կարծիքին եւ լրատուամիջոցներուն ուղղուած օտարալեզու բաժին եւ կը նախապատրաստուի ունենալու հայ հասարակութեան ուղղուած հայատառ բաժին։ Թրքական լրատուադաշտի իւրայատկութիւններու վերլուծումը ձգենք այլ առիթի եւ անպայման համեմատական կարգով չընկալենք թրքական դասակարգումը։
Պարզ է, որ ժամանակակից տեղեկատուական դաշտը ձեւաւորած է յատուկ մեքենականութիւններ եւ անոնց համապատասխան խաղի կանոններ, որոնք համացանցի վրայ նիւթերու շրջանառութեան ձեւերու եւ տեսակներու առումով կատարեալ լափիւրինթոս մը յառաջացուցած են։ Մինչեւ այդ բոլորը՝ պարզապէս ի մտի ունենանք, որ այսօր հայատառ յատկապէս ելեկտրոնային մամուլի բովանդակած նիւթերը ուղղուած են նաեւ հակառակորդ կողմին։ Անշուշտ որ նոր չէ երեւոյթը։ Այսօր պարզապէս հասանելիութիւնը շատ արագ է եւ շատ աւելի տարածուն։
Այս բացը հրապարակային ձեւով լուսարձակի տակ առնելը նուրբ երկընտրանքներու շղթային մաս չի կազմեր անշուշտ։ Թէեւ չէ բացառուած, որ այս գրութիւնը, ինչպէս շատ ուրիշներ, ենթարկուելով համացանցային խաղի կանոններուն, յանկարծ յայտնուի թրքատառ կայքէջի մը վրայ։
Նոյնը կրնայ պատահիլ անշուշտ հակառակ ուղղութեամբ՝ թրքական բնագիրէ մը դէպի հայկական կայքէջ հանգրուանիլը։ Խօսքը արագութեան, համակարգաւորուածութեան եւ հասանելիութեան նոր տարողութիւններ նուաճելու մասին է։ Իսկ այս առաջնահերթութիւնը համահայկական տեղեկատուադաշտի ներկայացուցիչներու համատեղ քննարկում կը պահանջէ։
Այս հարցը արդէն ամիսներէ ի վեր յատուկ ուշադրութեան կ’արժանանայ հայ պետական թէ կուսակցական շրջանակներու կողմէ: կասկածէ վեր է, որ թրքական ու ատրպէյճանական կողմերն ալ նոյն մտահոգութիւններէն մեկնած այս հարցով կը ցբաղուիլն: Իրականութեան մէջ, բաց մամուլի ու անոր ելեքտրոնային արագութեամբ տարածուիլը դեմոկրատական բնոյթ ունի եւ պէտք է այնպէս ձգուի:
Միւս կողմէ, ինչու չմտածել նաեւ այն ուղղութեամբ որ այս արագնդաց տարածման նոր «զէնքը» կարող է գործածել հակառակորդին դէմ ռազմավարական թէ թաքթիքային առաջնութիւն ձեռք ձգելու համար: Անշուշտ երկոիւ կողմերն ալ այս մասին կը մտածեն: Կը շահի ան՝ որ այս գծով ազդու քաղաքականութիւն կը մշակէ ու զայն լաւագոյնս կ’օգտագործէ: Հայութիւնը պետական ու ժողովրդական մակարդակներու վրայ այս հարցի նկատմամբ ինքնորոյն քաղաքականութիւն յառաջացնելու հրամայականին առջեւ կը գտնուին