ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ «news.am»ի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով կը պատրաստուի հրաժարական տալու՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վիճակն ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ թոյլ տուած շարք մը սխալներուն պատճառով:
Ըստ նոյն աղբիւրին, հաստատ է նաեւ այն լուրը, թէ պաշտօնական Պաքուն համաձայն չէ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին վրայ տեսնել Մէթիու Պրայզան։
«Պրայզան չափազանց գործունեայ է Պաքուի համար: Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, ան պատրաստած է մատրիտեան փաստաթուղթի նոր տարբերակը, որուն համար նախապէս լիազօրուած է ԱՄՆ նախագահին կողմէ՝ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի համաձայնութեամբ», նշած է աղբիւրը: