Լեւոն Չորպաճեան ծնած է Միացեալ Նահանգներ, Ցեղասպանութիւնը վերապրած մարաշցի զոյգէ մը։ Ան ընկերաբանութեան դասախօս է Մասաչուսեցի Լոուէլ համալսարանին մէջ։ Անոր գրիչին կը պատկանին «Կովկասեան հանգոյցը. Լեռնային Ղարաբաղի պատմութիւնն ու աշխարհաքաղաքականութիւնը» (Մութաֆեանի եւ Տօնապետեանի հետ) եւ «Լեռնային Ղարաբաղի կազմութիւնը. անջատումէն մինչեւ հանրապետութիւն» գիրքերը։
«Ազդակ»ի աշխատակից ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ունեցած է հետեւեալ հարցազրոյցը փրոֆ.Չորպաճեանին հետ։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման ջանքերը պիտակուած են իբրեւ զուգընթաց, բայց անջատ գործընթացներ։ Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը։
ՓՐՈՖ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ.- Այդ կեցուածքը ընդունիլը ռազմավարական լուրջ սխալ մըն է, որ ժխտական հետեւանքներ ունի Հայաստանի եւ Ղարաբաղի համար։ «Զուգընթաց, բայց անջատ գործընթացներ»ը տագնապներ լուծելու արեւմտեան բանաձեւն է. այլ խօսքով՝ հրաժարեցէք պատմութենէն, պարզացուած եւ պարզ լուծումներ փնտռեցէք, քաջալերեցէք «քիչ մը հոս» եւ «քիչ մը հոն» տուողներու ջատագովները, թող անոնք կէտադրուած տողերուն վրայ ստորագրեն եւ իրարու մետալներ տան լաւապէս կատարուած գործի մը համար։ Չեմ ուզեր հեգնողի մը տպաւորութիւնը ձգել, բայց երկարակեաց տագնապ մը գոյութիւն ունի Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ 1915ի Ցեղասպանութիւնը առաջին հանգրուանն էր այդ տագնապին եւ անով կատարուեցաւ Փոքր Ասիան հայերէն պարպելու փորձ մը։ Անոր շուտով յաջորդեց զինեալ տագնապ մը Կովկասի մէջ՝ Թուրքիոյ, հայերուն եւ ատրպեճանական ուժերուն միջեւ, խնդրայարոյց շրջաններուն հակակշիռին համար։ Այդ պայքարներուն իբրեւ հետեւանք՝ Հայաստան Նախիջեւանն ու Ղարաբաղը զիջեցաւ Ատրպէյճանին, æաւախքը՝ Վրաստանին եւ Կարսն ու շրջակայ տարածքները՝ Թուրքիոյ։ Միայն Հայաստանի հարաւը գտնուող Սիւնիք նահանգն էր, որ վերադարձուեցաւ հայերուն՝ իբրեւ արդիւնք Գարեգին Նժդեհի եւ իր զինեալներուն նախաձեռնութեան։ Այդ յաղթանակը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անիկա արգելք հանդիսացաւ, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ձեռք ձգեն այն, ինչ որ խորապէս կը ցանկային օրին եւ տակաւին՝ մինչեւ այսօր, որն է՝ հողային կամուրջ մը իրենց տարածքները իրարու կապելու համար։ Սխալ է Ղարաբաղի տագնապը համարել ցեղային եւ հողային տագնապ մը, որ սկսաւ 1988ին։ Այդպիսով Ղարաբաղը իր պատմական պարունակէն հանած կ՛ըլլաս երկու ձեւերով. առաջին՝ այն իրականութենէն, որ Ղարաբաղը անվիճելիօրէն հայկական հող է, եւ երկրորդ, թէ՝ ներկայի տագնապը երկրորդ եւ հաւանաբար վերջին արարքն է տագնապի մը, որ սկսաւ 1915ին եւ արմատներ ունի կէս դար առաջուան մէջ։ Սակայն իբրեւ «զուգահեռ գործընթաց» Ղարաբաղը անջատելով՝ Ատրպէյճան կրնայ ներկայացուիլ իբրեւ անկեղծ միջնորդ մը եւ Թուրքիան իբրեւ չէզոք դիտորդ մը, մինչ հայկական շահերուն եւ պատմական ճշմարտութեան ծախուիլը կարելի կ՛ըլլայ պատշաճօրէն ներկայացուիլ իբրեւ «զիջում» մը։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Ի՞նչ է «ֆութպոլի դիւանագիտութեան» ձեր գնահատումը։
ՓՐՈՖ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ.- Սկզբունքով ես դէմ չեմ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման, ըլլայ անիկա «ֆութպոլի դիւանագիտութեամբ» կամ այլ միջոցներով։ Հարցումը հետեւեալն է. ի՞նչ գինով ձեռք կը ձգուի ան։ Թուրքիա քաղաքական եւ զինուորական ամբողջական դաշնակցութիւն ունի Ատրպէյճանի հետ, Թուրքիան կը մարզէ Ատրպէյճանի բանակը, Թուրքիան շրջափակման տակ կը պահէ Հայաստանը, Թուրքիան կը մերժէ 1991էն ի վեր դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի ջանքերը, Թուրքիա աշխուժ աշխատանք կը տանի Ցեղասպանութեան ուրացման համար եւ Թուրքիա իր տրամադրութեան տակ եղող դիւանագիտական բոլոր մատչելի աղբիւրները կ՛օգտագործէ յառաջ տանելու համար Ղարաբաղին տիրանալու Ատրպէյճանի պահանջը։ Այս բաներէն ոչ մէկը փոխուած է՝ իբրեւ արդիւնք «ֆութպոլի դիւանագիտութեան» եւ ոչ ալ պիտի փոխուի։ Ատոր փոխարէն՝ Թուրքիա կը պահանջէ պատմագէտներու յանձնախումբի մը ստեղծումը՝ քննելու համար Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնները, մինչ իրականութիւնները արդէն իսկ ծանօթ են եւ ճանչցուած՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Կիւլի Երեւան այցելութենէն եօթը ամիս ետք, Հայաստան 22 Ապրիլին համաձայնեցաւ Թուրքիոյ հետ յաւելեալ երկխօսութեան նախագիծի մը՝ այդպիսով Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու համար փախուստի ճամբայ մը բանալով նախագահ Օպամային դիմաց, որ իսկոյն գործածեց զայն։ Ընդհանուր առումով, ես կը կարծեմ, որ պէտք է յանգինք հետեւեալ եզրակացութեան, թէ՝ «ֆութպոլի դիւանագիտութիւնը» ձախողութիւն մըն է։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Ի՞նչ կրնաս ըսել Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած բանակցային ռազմավարութիւններուն մասին։
ՓՐՈՖ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ.- Իրենց տրամադրութեան տակ եղող պատմական եւ գաղափարաբանական աղբիւրները առաւելագոյնս չօգտագործելով կամ կարգ մը պարագաներու զանոնք բնաւ չգործածելով, Հայաստանի բանակցային ռազմավարութիւնները Հայաստանն ու Ղարաբաղը անկիւն բերած են։ Եւ այս իմաստով անոնք ընդհանրապէս ձախողութիւն եղած են։ Այս ձեւը չէ, որ կ՛որդեգրուի Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի կողմէ։ Անոնք երկուքն ալ առաւելագոյն դիրքեր ձեռք կը ձգեն եւ կը դժկամին որեւէ զիջում կատարելու։ Այդուհետեւ այնպէս կը թուի, թէ Հայաստան միշտ տկար եւ պաշտպանողական դիրքի մէջ է։ Օրինակի համար՝ ինչո՞ւ Երեւանի զանազան կառավարութիւնները պէտք զգացած են վստահեցնելու Թուրքիան, թէ որեւէ պահանջ չունին անկէ։ Կարծես մե՛նք ենք մեղաւոր կողմը եւ, հետեւաբար, պէտք է միւսներուն վստահեցնենք մեր բարի մտադրութիւններ ունենալը։
Ես կը կարծեմ, որ հայ բանագնացները պէտք է հետեւեալ կէտերուն վրայ շեշտը դնեն.
Առաջին կէտը կը վերաբերի միջազգային օրէնքին։ Ամէն անգամ որ նշուի, թէ միջազգային օրէնքին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը նուազ կարեւոր է, քան՝ հողային ամբողջականութիւնը, պէտք է բուռն կերպով եւ իրաւացիօրէն պնդել, թէ այդ մէկը ճիշդ չէ։ Երկու օրէնքները հաւասար են միջազգային օրէնքին մէջ։ Ես համաձայն եմ, որ ինքնորոշման իրաւունքը բարձր չափանիշ կը պահանջէ, բայց հողային ամբողջականութիւնը պէտք է նոյն բարձր չափանիշը լրացնէ։ Հողային ամբողջականութիւնը չի կրնար ինքնաբերաբար նախընթաց ստանալ եւ, ըստ օրէնքին, ինքնորոշման իրաւունքը կարելի չէ ուրանալ, պարզապէս որովհետեւ կ՛ըսուի, թէ հողային ամբողջականութիւնը խախտուած է։
Այսպիսի պարագայի մը Արեւմուտքը կը պնդէ, որ ինքնորոշման իրաւունքը կը կիրարկուի միայն այն ատեն, երբ հողային ամբողջականութեան հետ բախում գոյութիւն չ՛ունենար։ Սակայն իրականութեան մէջ Արեւմուտքը նեցուկ կը կանգնի նոր պետութիւններու ստեղծման, որոնց անկախութիւնը կը խախտէ գոյութիւն ունեցող երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը։ Արեւմուտքը ճանչցած է նախկին Արեւելեան Փաքիստանը իբրեւ Պենկլատեշ, ինչպէս նաեւ՝ Էրիթրիան եւ ներկայիս նաեւ Քոսովոն։ Ես կը կարծեմ, որ բնաւ անպատշաճ չէ դիմակալել արեւմուտքցի բանագնացներուն եւ պնդել, որ պատասխանեն հետեւեալ ձեւի հարցումներու, թէ՝ ինչո՞ւ երկու չափ երկու կշիռը, եւ ինչո՞ւ ոչ՝ Ղարաբաղը։
Երկրորդ՝ հայկական կողմը պէտք է մնայուն կերպով դիտել տայ, թէ խնդրայարոյց հողային պահանջատիրութիւնը աւանդաբար լուծուած է երեք մարզերու հիման վրայ.
1. Ո՞վ բնակած է շրջանին մէջ պատմականօրէն։
2. Ո՞վ կը բնակի հոն այսօր։
3. Հոն բնակող ժողովուրդը ի՞նչ կ՛ուզէ։
Իրականութեան մէջ արտասովոր երեւոյթ է, որ երեք պատասխաններն ալ ի նպաստ կողմերէն մէկուն ըլլան։ Բայց Լեռնային Ղարաբաղի պարագային, երեք պատասխաններն ալ ի նպաստ հայերուն են եւ ոչ՝ ատրպէյճանցիներուն։ Բաղդատենք Ղարաբաղի պարագան ուրիշ խնդրայարոյց եւ գաղութայնացուած շրջանի մը հետ՝ Հիւսիսային Իրլանտայի։ Պատմականօրէն ասիկա իրլանտական կաթողիկէ տարածք մըն է, բայց 1920էն ի վեր իրլանտացիները մեծամասնութիւն չեն շրջանին մէջ։ Երբ համաշխարհային տեսանկիւնէ դիտենք խնդրայարոյց տարածքները, յստակ կը դառնայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը ներկայացնէ աշխարհի ամէնէն աւելի անկախութեան արժանի պարագաներէն մէկը։ Այս կէտը պէտք է շարունակ շեշտուի եւ ոչ մէկ զիջում կատարուի անոր վերաբերեալ։
Երրորդ հարցը կը վերաբերի սահմաններուն։ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայի սահմանները կը պարփակեն շատ աւելի փոքր տարածք մը, քան՝ 1923ի տարածքը։ Այն ատեն Ղարաբաղն ու Հայաստանը սահման ունէին իրարու հետ։ Այսինքն անոնք ֆիզիքապէս կը դիպչէին իրարու։ Տարածքներ առնուեցան Ղարաբաղէն եւ հարաւային Հայաստանէն (Սիւնիքը հիմակուընէ աւելի լայն էր այն ատեն)՝ կազմելու համար Կարմիր Քիւրտիստանը՝ Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ։ Հայերով բնակուած Շահումեանի հիւսիսային շրջանները եւս անջատուեցան Ղարաբաղէն՝ վերածուելու համար Ատրպէյճանի մէկ մասին։ Հայաստանէն եւ Ղարաբաղէն դէպի Նախիջեւան եւ Ատրպէյճան հողատարածքներու փոխանցումը շարունակուեցաւ մինչեւ 1930ական թուականները։ Հայաստանէն Ատրպէյճանին փոխանցուած այդ տարածքները կը ներառեն երեք լեռնային գետեր Իսթիսու գիւղին մօտ, ինչպէս նաեւ՝ Իսթիսու, Զար եւ Զիվէլ գիւղերը, բայց սահմանափակուած չեն անոնց մէջ։ Առաւել Քելբաջարի եւ Լաչինի միջանցքին մէջ գտնուող հայկական գիւղեր, կրնանք ըսել, ցեղային մաքրագործման ենթարկուեցան։ Կը կարծեմ, որ հայ բանագնացներ պէտք է սերտեն 1920ական եւ 1930ական թուականներու քարտէսներ եւ փաստագրեն այդ փոփոխութիւնները։ Անդադար պէտք է շեշտուի, թէ այսպէս կոչուած գրաւեալ տարածքները, առնուազն Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ գտնուող տարածքները, իրականութեան մէջ հայկական են եւ պէտք է մնան հայկական։ Ինչպէս նաեւ ասիկա կենսական է Հայաստանի ազգային ապահովութեան համար։
Չորրորդ կէտը կը վերաբերի այն իրականութեան, թէ Ատրպէյճան շարունակ կը կատարէ անընդունելի յայտարարութիւններ, որոնց դէմ հայկական կողմը հակազդեցութիւն չ՛ունենար, ինչ որ անոնց կու տայ վստահելիութիւն մը, որուն արժանի չեն։ Ատրպէյճանցի պատմաբաններու այդ ամբողջ պատմութիւնը, թէ՝ ազերիները սերած են կովկասցի ալպանացիներէն եւ, հետեւաբար, հինէն եկող ազգ մըն են եւ տէրը՝ Ղարաբաղի տարածքին, ամբողջութեամբ անհիմն է եւ սխալ։ Պէտք է անոր դէմ դնենք բուռն կերպով, ամէն անգամ որ այդ նիւթը մէջբերուի։ Կամ եկէք նկատի առնենք այն թեզը, թէ Շուշին ատրպեճանական քաղաք մըն է։ Անիկա ատրպեճանական հակակշիռի տակ եղած է կարճ ժամանակուան մը համար, տասնութերորդ դարուն, բայց տասնութերորդ դարուն մէկ մասը միայն մէկ փոքր բաժինն է պատմութեան։ Մինչեւ 1900 թուական Շուշին Պաքուէն եւ Թիֆլիսէն ետք երրորդ մեծագոյն քաղաքն էր Անդրկովկասի մէջ, եւ անոր քառասուն հազար հաշուող բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին։ Շուշիի հայերը ունէին մամուլ, դպրոցներ եւ թատրոնի համալիր։ Պոլշեւիկեան յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին քաղաքին մէջ լոյս տեսնող քսանմէկ օրաթերթերէն տասնինը հայատառ էին, իսկ երկուքը՝ ռուսատառ։ Եւ տեսէք, թէ Շուշի հայկական քաղաքը ինչպէ՛ս ազերիական քաղաքի վերածուեցաւ 1920ի Մարտին եւ Ապրիլին. քաղաքի հայկական բաժինը կործանեցաւ թուրք եւ ազերի զօրքերու կողմէ, եւ քսան հազար հայեր սպաննուեցան։ Այդ շէնքերուն աւերակները լուռ վկաներն էին ատրպեճանական միտումներուն, մինչեւ որ վերջնականապէս հիմնայատակ եղան 1960ականներուն։
Ատրպէյճան նաեւ գրաւ դրած է գաղթականներու եւ ներքին տեղահանումի ենթարկուած մարդոց հարցին վրայ, եւ Հայաստանը լուռ կը նստի եւ կ՛արտօնէ, որ անոնք յաջողին սխալ տպաւորութիւն ստեղծելու մէջ։ Արդեօք միայն Ատրպէյճա՞նը գաղթականներ ունի։ Հապա՞ այն շուրջ կէս միլիոն հայերը, որոնք Ատրպէյճանի մէջ կը բնակէին Պաքուի եւ Գանձակի նման քաղաքներու մէջ, եւ որոնք իրենց կեանքը փրկելու համար փախուստ տուին: Ինչո՞ւ անոնք հաւասարութեան մէջ տեղ չունին։ Արդեօք եթէ անոնք փափաքին, կրնա՞ն իրենց տուները վերադառնալ, իրենց կալուածներուն վերատիրանալ եւ խաղաղ կեանք մը վարել հոն։ Կամ արդեօք միայն ազերի գաղթականներն ու տեղահանուածնե՞րն են, որոնք պիտի վերահաստատուին։ Ամէն անգամ որ ազերի գաղթականներուն նիւթը կը բացուի, հայ բանագնացները պէտք է պնդեն, որ հաւասարապէս նկատի առնուին իրենց գաղթականները եւս։
Կան շարք մը այլ նիւթեր ալ, որոնց կարելի է անդրադառնալ հայկական բանակցութիւններուն եւ հանրային յարաբերութիւններու ձախողութիւններու վերնագիրին տակ, բայց ժամանակը բաւարար չէ այդ բոլորին մասին խօսելու այս առիթով։ Այս բաժինը պիտի աւարտեմ նշելով այն ամբաստանութիւնը, թէ Հայաստանը յարձակող երկիրն է, որ ազերիական տարածքներուն քսան տոկոսը կը հակակշռէ։ Այս ստաբանութիւնը հանրային խօսակցութիւններուն մէջ մտած է իբրեւ ճշմարտութիւն։ Անիկա յաճախ կը նշուի Ղարաբաղի մասին օրաթերթերու տեղեկագիրներու եւ ուսումնասիրական հրատարակութիւններու մէջ։ Դարձեալ Հայաստան չէ մատնանշած, թէ նախ եւ առաջ այդ քսան տոկոսի պատկերը ենթադրել կու տայ, թէ Ղարաբաղ մէկ մասն է Ատրպէյճանի, հաշուարկ մը, որ մերժուած է հայերուն կողմէ, եւ երկրորդ գրաւեալ տարածքի գաղափարը ինքնին քննարկման առարկայ է եւ բանակցային բաց նիւթ։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Մատրիտեան սկզբունքներուն եւ անոնց այժմէականացուած տարբերակին մասին։
ՓՐՈՖ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ.- Այս բանակցութիւններուն ամբողջ պատմութեան ընթացքին գոյութիւն ունեցած է հասկացողութիւն մը, թէ Ղարաբաղ հող պիտի զիջի Ազրպէյճանին։ Հայաստանը երբեք ազդու կերպով դէմ չէ դրած ատոր, եւ 1997ին անոնց բանակցութիւններէն դուրս դրուելէն ի վեր Ղարաբաղի պաշտօնատարներուն զլացուած է այն բեմը, ուրկէ անոնք պիտի կարենային ուղղակիօրէն արտայայտել իրենց շահերը այնպէս, ինչպէս իրենք կը տեսնեն։ Միեւնոյն ատեն երբեք չէ եղած Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման համար ամուր յանձնառութիւն մը։ Մենք այս մէկը կը տեսնենք 10 Յուլիս 2009ի յայտարարագիրին մէջ՝ հրապարակուած նախագահներ Մետվետեւի, Օպամայի եւ Սարքոզիի կողմէ, որուն մէջ անոնք յստակ յղում կ՛ընեն Մատրիտեան սկզբունքներուն եւ կոչ կ՛ուղղեն Ղարաբաղի շուրջ գտնուող տարածքները վերադարձնելու, ազերի գաղթականներուն եւ ներքին տեղահանումի ենթարկուածներուն վերադարձին եւ Ղարաբաղի ապագայի վերջնական կարգավիճակի որոշման՝ առանց նշելու ինքնորոշման իրաւունքը։
Իրագործուելու պարագային, այդ մէկը ռազմավարական աղէտ մը պիտի ըլլայ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի համար, որովհետեւ տարածքները պիտի լեցուին թշնամական ազերի վերադարձածներով, Ատրպէյճանի քաղաքական եւ զինուորական հիմնարկները ոտք պիտի ունենան այդ տարածքներուն մէջ, Հայաստան թշնամի տարածք մը պիտի ունենայ իր հարաւարեւելեան սահմանին վրայ,եւ Հայաստանն ու Ղարաբաղը ստիպուած պիտի ըլլան պաշտպանելու աւելի երկար սահմաններ։ Մենք չենք կրնար հանգիստ ըլլալ «խաղաղապահ գործողութիւն ներառող միջազգային ապահովութեան երաշխիքներ»ու խոստումով, որովհետեւ համաշխարհային խաղաղապահ գործողութիւններու պատմութիւնը հանելուկ մըն է, լեցուն՝անարդիւնաւէտութեամբ եւ փտախտի երեւոյթներով։
Մատրիտեան սկզբունքները հիմքն են ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի դիրքին։ Ինչպէս Մետվետեւի, Օպամայի եւ Սարքոզիի յայտարարագիրի հրապարակման ժամանակ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մաթիու Պրայզան դիտել տուաւ. «Մատրիտեան սկզբունքներուն օրակարգի վրայ ըլլալու կամ չըլլալու հարցը լուծուեցաւ այս յայտարարագիրով։ Այս տագնապի լուծման համար գործի լծուած բոլոր ջանքերը ասկէ ետք հիմնուած պիտի ըլլան այդ հիմնական սկզբունքներուն վրայ»։
Այլ խօսքով, Մատրիտը կը սեղմէ խեղդակապը։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Վերջերս տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին դուք ըսիք. «Բանակցային գործընթացէն Լեռնային Ղարաբաղի զանցառումը միակ մեծագոյն սխալն է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացին մէջ։
ՓՐՈՖ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ.- 1997էն Ղարաբաղը ուղղակի կարծիք չունի բանակցային գործընթացին մէջ, որ պիտի որոշէ իր ճակատագիրը։ Օրինակի համար՝ բանակցութեան բառապաշարին մէջ Արեւմուտքը կ՛ակնարկէ գրաւեալ տարածքներուն։ Ղարաբաղի ժողովուրդը ազատագրուած տարածք կը համարէ ատիկա։ Ասոնք կը ներկայացնեն շատ տարբեր մեկնաբանութիւններ՝ շատ տարբեր նշանակութիւններով կամ հետեւանքներով։ Սակայն տեսակէտները անոնց, որոնք ամէնէն ուղղակի կերպով կ՛ազդուին բանակցութիւններուն արդիւնքէն, ներկայ չեն։ Ղարաբաղի ժողովուրդը ամէնէն աւելի գիտակից է իր պատմութեան, իր զգացումներուն եւ վիճակներուն, ինչպէս նաեւ՝ իր կարողականութիւններուն եւ պէտքերուն։ Հայաստան նուազ տեղեակ է այդ բոլորէն, հակառակ անոր որ Հայաստանի ներկայի եւ նախկին նախագահները Ղարաբաղէն են։ Հիմա արդէն անոնք տարբեր պարունակի մէջ կը գործեն, վերագրումներու տարբեր կառոյցի մը մէջ։ Ղարաբաղի ժողովուրդին դիրքը օրինական դիրք մըն է, եւ անիկա պէտք ունի ձայնի մը՝ բանակցութեան սեղանին վրայ։
Ատկէ անդին, որեւէ «լուծում» Ղարաբաղի հարցին առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան՝ կարելի չէ։ Չես կրնար Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներս առնել վերջին պահուն՝ ստորագրելու համար համաձայնութիւն մը, որուն բանակցութիւնը ուրիշներու կողմէ կատարուած է, եւ ակնկալես, որ անիկա յաջողի։ Այդ ձեւի լուծում մը անխուսափելիօրէն պիտի ձեւակերպուած ըլլայ դրսեցիներու օրակարգերուն համաձայն, որոնց շահերն ու մտահոգութիւնները տարբեր են Ղարաբաղի ժողովուրդին շահերէն ու մտահոգութիւններէն։ Եթէ Մետվետեւ, Օպամա, Սարքոզի միացեալ յայտարարագիրը ցուցանիշ մըն է, ուրեմն անոնք կ՛ակնկալեն, որ Ղարաբաղը բանակցութեան սեղան բերուի օրուան վերջաւորութեան՝ ստորագրելու համար իր մահուան վճիռը։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Դուք նաեւ ըսիք, թէ համաթրքութիւնը լուսանցքային գաղափարաբանութիւն մը չէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ։ Կրնա՞ք լուսաբանել։
ՓՐՈՖ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ.- Ասիկա այսքան նեղ ժամանակի մէջ դժուար պատասխանելի հարցում մըն է, որովհետեւ Թուրքիոյ իշխող քաղաքական դէմքերը զգուշ են, որ բացայայտօրէն չխօսին համաթրքութեան մասին։ Անիկա ընդհանրապէս միայն բացայայտօրէն կ՛արծարծուի ծայրայեղական ազգայնական խումբերու կողմէ։ Ասիկա կը կազմէ այն պարունակը, որ «Սի.Այ.Էյ.»ը կը կոչէ՝ «ընդունելի ուրացութիւն»։ Համաթրքութեան մասին ակնարկներ ընելէ խուսափելով՝ թուրք քաղաքական անձնաւորութիւնները կրնան վարուիլ այնպէս, թէ կարծես համաթրքութիւնը լուսանցքային գաղափարաբանութիւն մըն է, անցեալին պատկանող բան մը, որ այլեւս դեր չունի արտաքին քաղաքականութեան բանաձեւման եւ կիրարկման մէջ։ Բայց համաթրքութիւնը ունի երկար պատմութիւն մը եւ ան կը գոյատեւէ իբրեւ հոսանք մը թրքական քաղաքական մտածողութեան մէջ։ Երբեմն այդ հոսանքը զօրաւոր է եւ երբեմն առկախ, բայց ան երբեք ամենեւին չ՛անհետանար։ Դժուար չէ պատկերացնել, օրինակի համար, այն հեղինականութիւնը, որ համաթրքութիւնը պիտի ունենայ փոխուած շրջանային կառոյցի մը մէջ, ուր Ռուսիան լրջօրէն տկարացած վիճակի մը մէջ կը գտնուի իբրեւ քաղաքական եւ զինուորական ուժ, եւ ուր Թուրքիան այլեւս վախ չունի անկէ՝ իբրեւ մրցակից Կովկասի մէջ։
Ատրպէյճանցիները հաւանաբար հանրային յարաբերութեան մարզին մէջ այդքան հմուտ չեն, որքան, իրենց թուրք դաշնակիցները եւ հետեւաբար, երբեմն աւելի բաց եղած են իրենց տեսակէտներուն մէջ։ Յետադիմական ազրպէյճանցի պատմաբաններ, օրինակի համար, Սիւնիքի մասին արտայայտուած են իբրեւ «բնիկ ատրպեճանական հող» եւ նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւ խօսած էր «ներկայի այսպէս կոչուած Հայաստան»ի մասին եւ նկարագրած էր Հայաստանը իբրեւ գրաւեալ ատրպեճանական հող։ Այդ ձեւի յայտարարութիւններու նշանակութիւնը այն է, թէ Հայաստանը ապօրինի պետութիւն մըն է։
Ես վստահաբար չեմ ուզեր ձգել այն տպաւորութիւնը, թէ բոլոր թուրքերը եւ ազրպէյճանցիները այդ ձեւի տեսակէտներ ունին, բայց կ՚ուզեմ շեշտել, թէ վտանգաւոր է համաթրքութեան նայիլ իբրեւ թրքական եւ ատրպեճանական ընկերութիւններուն լուսանցքին մէջ գործող խումբերու կողմէ յառաջ մղուող գաղափարաբանութիւն մը։ Վտանգը կը սաստկանայ այս ներկայի պահուն, երբ լուրջ խօսակցութիւններ կ՛ընթանան Ղարաբաղի հարցին լուծման համար եւ թրքական սահմանին հաւանական բացման համար, որ չափազանցուած լաւատեսութեամբ մը կը դիտուի միայն առեւտուրի պարունակին մէջ։ Երկու հարցերն ալ լուրջ ազգային ապահովութեան հետեւանքներ ունին եւ միամտութեան գագաթնակէտ պիտի ըլլայ հաւատալը, թէ համաթրքութեան փափաքները դեր չունին հարցին մէջ։
Անգլերէնէ թարգմանեց՝
ՏԻԳՐԱՆՈՒՀԻ ՔԻՒՍՊԷԿԵԱՆ
Օգոստոս 2009