Սան Ֆրասիսքոյի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, տարիներէ ի վեր կ՛այցելէ Հայաստան: Իր այդ փորձառութիւնը հրատարակած է տեսաժապաւէնով մը՝ «Armenia… A Homeland Discovered» խորագիրով, ուր անգլերէն լեզուով կը ներկայացուի Հայաստանը, հայութիւնը եւ անոր կրօնական ու ազգային պատկանելիութիւնը: Տեսաժապաւէնը հրապարակուած է Էնթընի Խաչատուրեանի ջանքերով:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել (415) 661-1142 թիւին կամ հետեւեալ հասցէին.
St. John Armenian Apostolic Church
275 Olympia Way, San Fracisco, CA 94131