ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռեկնում».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավութօղլու հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ անոր տեղեկութիւններ փոխանցելով հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու վերջին զարգացումներուն մասին: Ան նաեւ խնդրած է, որ Ռուսիա աշխուժացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու եւ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու ջանքերը։