ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Անգլերէնով կ՛ըսեն՝ Adding insult to injury. Այսինքն՝ ոչ միայն վէրք պատճառել, այլեւ վիրաւորանք հասցնել: Այսպէս կարելի է բնութագրել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուած Էդուարդ Նալբանդեանի՝ Չորեքշաբթի օրուան մամլոյ ասուլիսը:
ՆԱԽ ՀՈՐԹԸ
Այս ասուլիսի ընթացքին, Նալբանդեան փորձեց պնդել, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը «երբեք» պիտի չդրուի «պատմական հարթութեան» վրայ կազմուելիք ենթայանձնաժողովի սեղանին: «Թաքնուած բաներ մի՛ փնտռէք», ըսաւ ան:
Սակայն եւ այնպէս, Նալբանդեանի մամլոյ ասուլիսը դիտելով եւ ապա իր արտասանած խօսքերը կարդալով՝ չկրցանք հասկնալ, թէ «պատմական հարթութեան» հարցերու «յստակացումով» (յստակացումով եւ ո՛չ թէ լուծումով) զբաղող հայ եւ թուրք ժողովականները ովքե՞ր պիտի ըլլան, կօշկակարնե՞ր, թէ թաքսիի վարորդներ: Այս հարցականը ակամայ ստեղծուեցաւ մեր միտքին մէջ, որովհետեւ անցնող ամիսներու ընթացքին թէ՛ Նալբանդեան եւ թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը փորձէին «յստակացնել», թէ՝ ստեղծուելիք յանձնաժողովը պատմաբաններու յանձնաժողով չէ, որ պիտի ըլլայ: Այսինքն, երբ արդարացի մտահոգութիւն կը յայտնուէր, թէ՝ թրքական կողմը պատմաբաններու յանձնաժողով առաջարկելով, կը փորձէր պարզապէս կասկածի տակ առնել Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական փաստը, Սերժ Սարգսեան եւ հիմա ալ Նալբանդեան մեզի կը պատասխանեն ըսելով, որ «չէ՛ եղբայր, նման բան չկայ, եզան տակ հորթ մի՛ փնտռէք»:
Սակայն յիշեցում կատարելը միշտ օգտակար է: Քանի մը տարի առաջ, երբ Հայաստանի նախագահը Ռոպերթ Քոչարեանն էր, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը, Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը վճռահատելու ազնուագոյն մտահոգութենէ թելադրուած՝ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու գրաւոր եւ պաշտօնական առաջարկ մը յղեց Երեւան: Ի պատասխան, Քոչարեան առաջարկեց հայեւթուրք միջ-կառավարական խառն յանձնաժողով մը կազմել, որպէսզի սկսի քննել երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական հարցերը: Էրտողան լռեց: Յետոյ նաեւ ստեց ըսելով, թէ իր նամակին պատասխանը չէ ստացած: Էրտողանի սուտին նպատակն էր Եւրոմիութեան իր գործընկերներուն ցոյց տալ, թէ ինք երկխօսութեան կողմնակից է, եւ չի խորշիր նոյնիսկ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններու մակարդակի վրայ քննարկելէ, սակայն տեսէ՛ք, երկխօսութիւն մերժողը դարձեալ հայերը իրենք են:
Հայաստանի ներկայ նախագահը եւ արտաքին գործոց նախարարը եթէ իրենց օգնական-քարտուղարներէն խնդրեն, անոնք կրնան արխիւներու թղթապանակներէն հանել թէ՛ Էրտողանի եւ թէ՛ Քոչարեանի փոխանակած նամակները:
Վերադառնալով «պատմական հարթութեան» յանձնաժողովին. պարոն Նալպանդեան արդեօք մեզի կրնա՞յ ըսել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլան անոր օրակարգի հարցերը: Արդեօք Եւրոպայի Հարիւր տարուան պատերազմի ներքին ծալքերու բացայատու՞մը, Ժան տÿԱրքի մահապատիժին մէջ դաւադիր ֆրանսացիներու խաղցած տխուր դե՞րը, կամ՝ աւելի այժմէականը, արդեօք ո՞վ սպաննեց նախագահ Ճան Քենէտին: Այնշթայնի նման հանճարեղ ուղե՞ղ պէտք է ունենալ գիտնալու, որ ընդունելով «պատմական հարթութեան» առնչուող թրքական առաջարկը, հայկական կողմը ի՛նք խնդրոյ առարկայ դարձուցած կ՛ըլլայ պատմական այն անուրանալի ճշմարտութիւնը, որ կը կոչուի Հայկական Ցեղասպանութիւն:
Պարոն Նալբանդեան, ձեր պատճառած վէրքը արդէն իսկ մահացու է Հայաստանին ու հայութեան համար, վրան ալ վիրաւորանք մի պատճառէք, որովհետեւ փաստօրէն դուք էք, որ տեղեակ չէք, թէ ուր կը գտնուին եզն ու հորթը (*):
«ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԸ»
Եւ այսպէս, Նալբանդեանի վարած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Հայաստան ոչ մէկ պահանջ պիտի ունենայ Թուրքիայէն, Հայաստան-Թուրքիա բարեկամական յարաբերութիւններու ոգիին հակասող ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ կամ քաջալերէ (մեր գիտցած հայերէնով՝ պիտի հրաժարի Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն): Եթէ Հայաստան յարգէ իր այս յանձնառութիւնը, այն ատեն սահմանը պիտի բացուի:
Սակայն Նալբանդեան իր ասուլիսի ընթացքին այնպիսի ոճով մը կը խօսի, թէ կարծէք հսկայական եւ աննախընթաց զիջումներ կորզած է Թուրքիայէն («այդ ալ նայինք, պիտի յարգէ՞ իր խոստացած զիջումները, հապա՞ եթէ չյարգէ, ձեռքերնիդ դրէք ձեր սրտերուն, կամ ինչպէս կ՛ըսեն ամերիկացիները՝ cross your fingers!»): Խօսքը տանք իրեն. «Խնդիրն այն է, որ նախաստորագրուածը դեռ պէտք է ստորագրուի եւ յետոյ պէտք է ուղարկուի խորհրդարաններ՝ համապատասխան վաւերացման: Միւս հանգրուանն այն կը լինի, երբ մենք այն կը վաւերացնենք թէ՛ Թուրքիայում, թէ՛ Հայաստանում: Սա բարդ պրոցէս է, որը երկու կողմից պահանջում է մեծ ջանքեր: Երկու կողմից էլ ցանկութիւն կայ եւ յայտարարուել է, որ պէտք է կարգաւորել յարաբերութիւնները, բացել սահմանը: Այս յայտարարութիւններին սատարում է ամբողջ աշխարհը: Մենք պատրաստ ենք գնալ այս ճանապարհով եւ պէտք է սպասել, թէ ինչպէս այն կ՛իրականացնի Թուրքիան»:
Եւ այսպէս, Հայաստանի ու հայութեան փայլուն ու պայծառ ապագայ մը խոստացող տեսանողի մը նման, Նալբանդեան կարծէք մեզի կ՛ըսէ, թէ գիտէ՞ք, Սեւրի սահմանները վերականգնելու վրայ ենք, առաւել՝ Թուրքիա պատրաստ է հատուցումներ կատարելու հայութեան, միայն թէ համբերէցէք, «սա բարդ պրոցէս է», որ երկու կողմերէն մեծ
ճիգ ու ջանք կը պահանջէ:
Եւ տրուած ըլլալով, որ այս յայտարարութիւններուն սատար կանգնած է «ամբողջ աշխարհը», խօսքը ուղղելով հայ լրագրողներուն ու անոնց ճամբով՝ հայութեան, Նալբանդեան կ՛ըսէ, թէ կարելի չէ հակադրուիլ, կարելի չէ չստորագրել, կարելի չէ չվաւերացնել Հայաստանին ու հայութեան ձեռքերը վեր վիճակի մէջ յանձնուիլը պահանջող այս փաստաթուղթերը, որովհետեւ, ըստ իրեն, «եթէ ամբողջ աշխարհ տրամադրուած է մէկ ուղղութեամբ եւ եթէ կողմերից մէկը մէկ այլ ուղղութեամբ գնայ, հակադրուելու է ոչ թէ մի կողմին, այլ ամբողջ աշխարհին»:
Այսինքն, պարզ հայերէնով, չհամարձակիք հակադրուիլ այս մշակուած արձանագրութիւններուն, որովհետեւ հակառակ պարագային, «ամբողջ աշխարհի» զայրոյթին կրնանք արժանանալ: Չհասկցանք, Նալբանդեան «ամբողջ աշխարհի՞ն», թէ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու կոչուած արտաքին գործոց նախարար է: Նալբանդեան այս ձեւով եւ հիանալի կերպով արդարացուց Դաշնակցութեան այն կեցուածքը, որ կը պահանջէր իր հրաժարականը քանի մը շաբաթ առաջ: Որովհետեւ կարելի չէ այսքան նախնական մտածողութեամբ արտաքին գործոց նախարար մը պահել պաշտօնի գլուխ, որ արհամարհելով իր հանգամանքին պարտադրած լրջութիւնը, իր լսարանին կը խօսի «եզ-հորթ»ի օրինակով եւ «ամբողջ աշխարհ»ի զայրոյթի ուրուականը ի՛ր իսկ ժողովուրդին դիմաց ցցելու տրամաբանութեամբ:
(*) Այս առիթով ինչպէ՞ս չյիշել նորանկախ Հայաստանի ՀՀՇական վարչապետներէն մէկուն ակնարկութիւնը «էգ կովերու» մասին: Մակարդակի տարբերութի՞ւն, դժուար թէ:
ԵԶԻ ՏԱԿ ՀՈՐԹ ՉԵՆՔ ՓՆՏՐՈՒՄ, ԱՅԼ ՀԵՆՑ ԻՐԵՆ՝ պարոն ՆԱԼԲԱՆԴՅԱՆԻՆ