ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ըստ Հայաստանի մէջ գործող ԱՄՆ դեսպանատան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի տեղեկութիւններուն, Սեպտեմբեր 2ը օրն է ԱՄՆ Ռազմաօդային ուժերուն պատկանող «C-130» օդանաւի կործանման, որ պատահեցաւ 1958ին, Ներքին Սասնաշէն գիւղին մօտ։
Դէպքին 51րդ տարեդարձին առիթով, Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան կազմակերպած պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, ԱՄՆ զինուորական կցորդ, փոխգնդապետ Ռոպերթ Վեպսթըր շնորհակալութիւն յայտնած է Ներքին Սասնաշէն գիւղի բնակչութեան, որոնք 50 տարի շարունակ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին զոհուած զինուորական ծառայողներուն։ Ռ. Վեպսթըր իր ելոյթի աւարտին յայտարարած է, թէ գիւղի մանկապարտէզին եւ շրջակայ տարածքին վերանորոգան նպատակին համար կը տրամադրեն 140,000 տոլար, իսկ ԱՄՆ դեսպանատան աշխատակիցներուն կողմէ մանկապարտէզի սաներուն կը նուիրուի 80 դպրոցական պայուսակ եւ գրենական պիտոյքներ:
Նշենք, որ վերոյիշեալ օդանաւը, 17 օդաչուներէ բաղկացած անձնակազմով ոչնչացած էր Խորհրդային Հայաստանի օդային տարածքին վրայ։ Ներքին Սասնաշէնի բնակչութիւնը, նոյն վայրին վրայ տեղադրած է յուշաքար մը՝ ի յիշատակ զոհուած օդաչուներուն։