ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն յառաջիկայ Երեքշաբթի երեկոյեան, ժամը 8ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ հրաւիրած է շրջանի ընկերական կազմը զեկուցական հանդիպումի մը:
Շրջանի դաշնակցական կազմակերպութեան ղեկավարը անցեալ Չորեքշաբթի երեկոյեան հանդիպած էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ կուսակցական միաւորներու, կոմիտէութիւններու ղեկավար կազմերուն, կոմիտէներուն հետ՝ անոնց ներկայացնելով քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ իր վերլուծումը ու անոնց հետ միասնաբար քննարկելով հետագայ կատարուելիքներուն ծրագիրը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն իր ներկայ պահու քաղաքական վերլուծումը նաեւ պիտի ներկայացնէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գործող Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ), Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ), Համազգայինի, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ու Հայ տարեցներու միութեան Շրջանային ղեկավար կազմերուն ու շրջաններու մասնաճիւղերու վարչութեանց հետ հանդիպումի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի երեկոյեան, ժամը 7:30ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ: