Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ծերութիւնը բնական երեւոյթ է մեր կեանքի ընթացքին։ Ան մեր կեանքի վերջին հանգրուանն է։ Ծերութիւնը ունի յատկանշական եւ հիմնական երեւոյթներ ու փոփոխութիւններ, որոնք կը ձեւաւորուին եւ կը դրսեւորուին կենսաբանական եւ հոգեբանական ներդաշնակութեամբ, ինչպէս նաեւ ընկերային փորձառութիւններով։
Ծերերուն մեծամասնութիւնը կ՛ունենայ կենսաբանական փոփոխութիւններու կողքին նաեւ ընկերային, հոգեբանական եւ զգացական որոշ յատկութիւններ ու համոզումներ։ Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ միայն ընկերային, հոգեբանական եւ զգացական յատկութիւններուն ու համոզումներուն, զանց առնելով կենսաբանական փոփոխութիւնները։
Ընկերային յատկութիւններէն կարելի է յիշել կարեւորագոյնները.
1. Ընտելանալու դժուարութիւն, կեանքի եւ ընկերութեան նոր պայմաններուն համակերպելու անկարողութիւն.
2. Ժխտական կեցուածք, վարուելակերպ եւ վերաբերմունք՝ շրջապատին, ընկերութեան եւ հարազատին նկատմամբ.
3. Մեկուսացում՝ շրջապատէն, հաւաքականութիւններէն, ընկերային կեանքէն.
4. Հետաքրքրութեան պակաս՝ քաղաքական անցուդարձերուն, ազգային եւ քաղաքացիական հարցերուն նկատմամբ.
5. Սպասում եւ ակնկալութիւն՝ շրջապատի ուշադրութեան եւ հոգածութեան.
6. Հոգեկան ապահովութիւն եւ հանդարտութիւն՝ տարեկան բժշկական մանրակրկիտ քննութիւններու կատարման գծով.
7. Առողջապահական եւ բժշկական կեդրոններու օրինաւոր ծառայութիւններու սպասում եւ գնահատում.
8. Անվստահութիւն եւ անհանդուժողականութիւն՝ երիտասարդներու հանդէպ.
9. Անհանդուժողականութիւն՝ երիտասարդներու ապրելակերպին եւ մտածելակերպին հանդէպ.
10. Համբերութեան նուազում եւ կամ չգոյութիւն.
11. Անհանդորժողականութիւն՝ փոքրիկներու խաղերուն եւ աղմուկներուն նկատմամբ.
Հոգեբանական եւ զգացական համոզումներուն եւ յատկութիւններուն կարեւորագոյններն են՝
1. Լուրջ հետաքրքրութիւն՝ անձնական մարմնական բոլոր գործարաններու կարողականութեամբ.
2. Մտահոգութիւն եւ անվստահութիւն՝ անձնական առողջական, ֆիզիքական եւ սեռային յարաբերութեան կարողականութեան վայրէջքէն.
3. Խուսափում կեանքի վերջակէտէն եւ մահուան իրականութենէն.
4. Անտեսում ներկայի, ժխտում ու մերժում նորի.
5. Հպարտութիւն անցեալով եւ պահպանողականութիւն անցեալի իրագործումներով.
6. Կասկածամտութիւն ուրիշներու նկատմամբ.
7. Անապահովութեան զգացում եւ շարժուձեւի զգուշաւորութիւն։
8. Շինծու մտադրութիւն՝ խօսակիցը եւ հարազատները չհասկնալու եւ կամ շճանչնալու.
9. Անձնական իրավիճակի օգտագործում՝ գրաւելու համար շրջապատին ուշադրութիւնը.
10. Վստահութեան ցուցաբերում իրենցմով հետաքրքրուողներուն.
11. Մերժողականութիւն՝ հանդէպ իրենց տարեցութեան.
12. Սեռային երազային ապրումներ, զգացումներ եւ փափաքներ.
13. Հաւատք՝ կեանքի բաժնեկցութեան եւ կողակցութեան.
14. Փափաք՝ կեանքի ընկեր մը ունենալու.
15. Մարմաջ՝ սիրելու եւ սիրուելու.
16. Բարեկամութեան, մտերմութեան, հոգատարութեան պէտք.
17. Շատախօսութիւն եւ կամ սակաւախօսութիւն.
Յառաջացած երկիրներու մէջ ծերերու կեանքին մակարդակը բաւական բարելաւուած է եւ որակաւորուած։ Ծերերը այս երկիրներուն մէջ կը վայելեն իրենց ապրած երկիրներուն բարիքները, ունին նիւթապէս մեծ ապահովութիւն եւ ինքնաբաւ են. կը վայելեն համեմատաբար առողջ կեանք եւ կը շարժին ազատօրէն. անոնցմէ շատերը կը տանին արտադրողական եւ արդիւնաբեր կեանք, ու կը գործեն ինքնավստահօրէն:
Զարգացող երկիրներու մէջ, ընդհակառակը, տարեցները կ՛ապրին թշուառութեան մէջ. անոնց կեանքի մակարդակը գոհացուցիչ չէ. անոնք կը տառապին զանազան հիւանդութիւններէ եւ կ՛ապրին բացարձակ անապահովութեան մէջ։
Շատ մը երկիրներու եւ հաւաքականութիւններու մէջ մարդիկ ունին ժխտական
պատկեր եւ մօտեցում ծերերու նկատմամբ։ Հոն ծերութիւնը համազօր է տկարութեան, հիւանդութեան եւ անշարժութեան։ Տարեցները նկատուած են մակաբոյծներ, անպէտքներ եւ ոչ արտադրողներ։ Այս ժխտական պատկերացումը կը տեսնուի ընդհանրապէս յառաջացած, տնտեսապէս հարուստ եւ արտադրող երկիրներու երիտասարդութեան մօտ։ Այս սխալ մօտեցումը հարկ է սրբագրուի եւ փարատի բոլոր հաւաքականութիւններուն մօտ։
Ծերերը իրաւունք ունին ապրելու ընկերութեան մէջ ոեւէ այլ անձի մը նման՝ հաւասար իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով, որոնք պայմանաւորուած կ՛ըլլան իրենց ֆիզիքական եւ մտային կարողականութենէն։
Տարեցներ պէտք է վարժուին եւ համակերպին իրենց կենսաբանական, հոգեբանական եւ ընկերային փոփոխութիւններուն ու պէտքերուն։ Այս գործընթացի յաջողութիւնը կ՛իրականանայ ընկերութեան ունեցած դրական կեցուածքէն՝ հանդէպ տարեցներու։
Ընկերութիւնը պէտք է գիտնայ, որ ծերութիւնը եւ կամ տարեցութիւնը կը յատկանշուի նաեւ կեանքի իմաստալից հասունութեամբ, խորունկ գիտակցութեամբ, հարուստ փորձառութեամբ եւ իրագործումներով։ Հետեւաբար, ընկերութիւնը, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, պէտք է ընդունի տարեցները՝ իբրեւ փորձառու ուսուցիչներ, կարող դաստիարակներ եւ անցեալի յիշատակներու շտեմարան, ու ըստ այնմ վարուի անոնց հետ։ Ընկերութիւնը պարտի բերել իր բարոյական եւ տնտեսական օժանդակութիւնը տարեցներուն եւ յարգել զանոնք ըստ արժանւոյն։
Ամէն ընկերութիւն պէտք է որդեգրէ տարեցներուն նպաստող գործելակերպ եւ մօտեցում, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1. Բարելաւել ծերերուն կեանքի մակարդակը.
2. Սիրաշահիլ անոնց վստահութիւնը.
3. Ստեղծել անոնց կեանքի յարմար պայմաններ եւ դիւրութիւններ.
4. Ցուցաբերել հետաքրքրութիւն եւ հոգածութիւն.
5. Յարգել անոնց անհատականութիւնը, կարծիքները եւ անձնական իրաւունքներն ու ազատութիւնը.
6. Տրամադրել բաւարար ժամանակ անոնց պէտքերուն.
7. Խօսիլ անոնց հետ հարազատօրէն.
8. Լսել անոնց գանգատները, բողոքները, մտածումները.
9. Հասկնալ անոնց սեռային երազները, զգացումները եւ հոգեկան ապրումները.
10. Ըլլալ անկեղծ բարեկամներ եւ ընկերներ անոնց.
Իսկ ընկերութեան որդեգրած գործելակերպին դիմաց, տարեցներն ալ պէտք է դիմեն ամէն միջոցի եւ զոհողութեան, որպէսզի՝
1. Ունենան իրենց տարիքին համաձայն հանգիստ եւ ընդունելի կեանք.
2. Ըլլան ինքնաբաւ եւ անկախ.
3. Մնան վտանգներէ հեռու.
4. Մնան արթուն եւ գիտակից բոլոր անցուդարձերուն.
5. Հետեւին շրջապատի յարափոփոխութիւններուն.
4. Ըլլան ընդունելի շրջապատին կողմէ.
5. Վայելեն հարազատներու գուրգուրանքը եւ յարգանքը.
Այս բոլորը կ՛իրականանայ, եթէ տարեցներն ալ որդեգրեն փոխադարձ յստակ գործելակերպ, ինչպէս՝
1. Չմերժել, այլ ընդունիլ նորը. միաձուլել հինը նորին եւ կապել անցեալը ապագային.
2. Ըլլալ իրատես եւ շրջահայեաց.
3. Ըլլալ համբերատար եւ մտիկ ընել բոլոր տարիքի խօսակիցներուն.
4. Մտերմանալ երիտասարդութեան հետ եւ փոխանցել անոր՝ իր անցեալի փորձառութիւնները.
5. Գնահատել զաւակներու եւ հարազատներու հոգատարութիւնը եւ նուիրումը.
6. Ապրիլ միշտ ուրախ.
7. Ընդունիլ ծերութիւնը սիրայօժար, առանց գանգատի.
8. Ներդաշնակել զգացական եւ հոգեկան ապրելակերպը՝ համաձայն ֆիզիքական եւ մարմնական կարողականութեան.