ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Երեւանի կեդրոնը գտնուող Քասքատի տարածքին վրայ «Քաֆէսճեան» հիմնադրամը տեղադրած էր երկու արձաններ՝ յայտնի արուեստագէտ Պոթերոյի գործերէն: Կատուին եւ Զինուորին արձանները անցեալ շաբաթավերջին վերցուած են այդ տարածքէն: «Քաֆէսճեան» թանգարան-հիմնադրամին, քաղաքապետարանին եւ մշակոյթի նախարարութեան տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, պատճառը Քաֆէսճեաններուն նեղացած ըլլալն է, սակայն յստակ չէ, թէ ո՞վ է զիրենք նեղացնողը։
Նշենք, որ «Քաֆէսճեան» հիմնադրամը նուազագոյնի իջեցուցած է իր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ. թանգարանի կառուցման աշխատանքները բոլորովին դադրած են: