ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մինսկի քաղաքապետ Նիքոլա Լատութքոյի Սեպտեմբեր 10ին ընդունած է Պելոռուսի մօտ Հայաստանի դեսպան Օլեգ Եսայեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Մինսկի եւ Երեւանի միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան խորացման եւ յառաջիկային Մինսկ քաղաքին մէջ, Պելոռուսի մէջ յանուն Մեծ Յաղթանակին նահատակուած հայ ժողովուրդի աւելի քան 33 հազար որդիներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարի մը տեղադրման հարցերը:
Դեսպանը նշած է, թէ 2002ի Յունիս 6ին, Երեւան եւ Մինսկ քաղաքներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական, արհեստագիտական եւ մշակութային համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիրի կնքումով անհրաժեշտ է ընդլայնել գործընթացը:
Նշելով, որ Մինսկը կը հանդիսանայ Եւրոպայի ամենախնամուած քաղաքներէն մէկը իր իւրօրինակ ճարտարապետութեամբ՝ դեսպան Եսայեանը շնորհաւորած է Նիքոլա Լատութքօն՝ 2009ին զուգադիպող Մինսկ քաղաքի 942ամեակին առթիւ, եւ յոյս յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ Պելոռուսի պաշտպանութեան եւ ազատագրման պայքարին մէջ զոհուած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարը կը գտնէ իր տեղը Մինսկի մէջ: