ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14ին, Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի ՀԵԴի ներկայացուցիչներ այցելեցին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանը, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով առաջադրուած արձանագրութիւններուն նկատմամբ՝ կազմակերպութեան ընդդիմութիւնը փոխանցելու համար հիւպատոսին:
Գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ հանդիպման ընթացքին ՀԵԴի վարիչ գործավար Սերուժ Աբրահամեան յայտնեց, թէ հանդիպումը կարեւոր է՝ համայնքին ձայնը ամբողջ հայ ժողովուրդին ճակատագրին ազդող որոշումներ տուողներուն լսելի դարձնելու համար, եւ աւելցուց, թէ համայնքը մէկ ձայնով պէտք է խօսի՝ լուսարձակի տակ առնելու համար արձանագրութեանց մէջ գտնուող վտանգաւոր կէտերը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ փոխհիւպատոս Մեսրոպ Շապոյեան: Գլխաւոր հիւպատոսը պահանջած էր, որ հանդիպում ունենայ պատուիրակութեան միայն մէկ անդամին հետ:
Յայտնենք, թէ անցեալ Ուրբաթ օր ՀԵԴի պատուիրակութիւն մը հիւպատոսարան այցելած էր նոյն նպատակով, սակայն գլխաւոր հիւպատոսին բացակայութեան պատճառով, հանդիպում մը ունեցած էր հիւպատոս Սահակ Սարգսեանի հետ:
Երկուշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին, Աբրահամեան շեշտեց, թէ պատմական հարցերը քննելու նպատակով կազմուելիք յանձնախումբը Թուրքիոյ կողմէ պիտի շահագործուի՝ իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ առնելու գործիք: Ան մտահոգիչ գտաւ նաեւ արձանագրութեանց մէջ տեղ գտած այն նախապայամնները, որոնք կրնան Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը վտանգել: Քննուեցան նաեւ Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու եւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու հարցերը:
Յովհաննիսեան վստահեցուց, թէ պատմական հարցեր քննող յանձնախումբը հարցականի տակ պիտի չառնէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, մատնանշելով, թէ Ցեղասպանութեանց հարցը չէ նշուած արձանագրութեանց մէջ: Ան աւելցուց, թէ Արցախի հարցը եւս չէ նշուած արձանագրութեանց մէջ, որպէսզի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները անոր հետ ուղղակի կապ չունենան: Ըստ գլխաւոր հիւպատոսին, ներկայ հանգրուանին, բանակցութիւնները լաւագոյն ընտրանքն են եւ վստահեցուց, թէ իր պաշտօնէն պիտի հրաժարի, եթէ նկատէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հայութեան ազգային շահերը կը վտանգեն:
Այնուամենայնիւ, ՀԵԴի պատուիրակութեան անդամները անբաւարար գտան նման երաշխիքներ՝ պնդելով, թէ նման արձանագրութեանց հրապարակումն իսկ Հայ Դատին համար նահանջ մըն է: Անոնք խոստացան մօտէն հետեւիլ այս իրադարձութեանց ու շարունակել արձանագրութեանց ստորագրութեան առաջքը առնելու ջանքերը:
ՀԵԴի եւ վերոյիշեալ արձանագրութեանց ստորագրութիւնը ձախողութեան մատնելու նպատակով առնուած քայլերուն մասին տեղեկութեանց համար, հեռաձայնել (818) 507-1933 թիւին կամ դիմել ayf@ayfwest.org համացանցային հասցէին: