Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Բարձր Տրամադրութեան մէջ ըլլալը կը նպաստէ ձեր առողջութեան: Ուրեմն սկսէք ժպտելու եւ ամէն ինչ ուրիշ պատկեր պիտի ստանայ:
«Բժշ. Ուրախութիւն»ը իրականութիւն մըն է:
Եթէ այս անունով իսկական բժիշկ մը գոյութիւն ունենար, վստահաբար պիտի փութայիք զայն տեսնելու ու անոր խորհուրդները լսելու: Յատկապէս պիտի հետեւէիք անոր խորհուրդներուն, եթէ անիկա պիտի պարգեւէր զուարթութիւն, ներքին խաղաղութիւն՝ առանց կողմնակի ազդեցութիւններու: Անկասկած պիտի ուզէիք նման դեղագիր մը անմիջականօրէն գործադրութեան անցընել, առանց տատամսելու: Ուրեմն զուարճութիւնը կրնաք ապրիլ անկասկած, որովհետեւ այս բժիշկը գոյութիւն ունի եւ իրականութիւն է: Հոգեբանութեան մասնագէտները կը հաւաստեն թէ, զուարճութիւնը եւ ներքին խաղաղութիւնը կը զօրացնեն մարմնին դիմադրողականութիւնը եւ կը պայքարին հիւանդութիւններու դէմ: Այդ հիւանդութիւնները կրնան ըլլալ պարզ անցողական հիւանդութիւններ, կամ նոյնիսկ ծանրագոյն կամ անդարմանելի կոչուած հիւանդութիւններ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը ապրումներ ու զգացումներ, որոնք իրենց դրական ու օգտակար ազդեցութիւնը կ՛ունենան մեր մարմինին վրայ: Ահա այդ պատճառով, մարմինը իր լաւագոյնը կը կատարէ:
Խնդուք.- «Լիաթոք խնդացէք ու ձեր երակները շնորհակալ պիտի ըլլան ձեզի»: Այսպէս կը վկայեն Մէրիլէնտի համալսարանի բժիշկները: Առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի յայտարարութիւն մը կը կատարեն համալսարանի դասախօսները եւ գիտական հետազօտողները: Ուսումնասիրութիւնը գործուեցաւ հետեւեալ ձեւով.
Խումբ մը առողջ մարդոց պիտի ներկայացուին երկու տարբեր շարժապատկերներէ բաժիններ: Առաջինը շատ ծիծաղաշարժ, իսկ երկրորդը՝ չափազանց վայրագ ու ողբերգական: Երբ շարժապատկերին տխուր պատկերները կը ցուցադրուին, մասնակիցներուն արեան հոսքը երակներէն ներս կը նուազի 35 տոկոս համեմատութեամբ: Մինչ, երբ անոնք կը դիտեն ծիծաղաշարժ պատկերներ ու կը խնդան անոնց հետ, արեան հոսքը երակներէն ներս կը զօրանայ մօտաւորապէս 22 տոկոս համեմատութեամբ: Այս յաւելումի տոկոսային պատկերը նոյն ձեւով մարմինին մէջ կը բարձրանայ, երբ ենթական մարզանք կ՛ընէ (aerobics): Արեան հոսքը մարմինին մէջ կը չափուի գերձայնային գործիքներու միջոցաւ:
Իսկ մասնագէտները, հաստատօրէն չեն եզրակացներ, թէ այս բարեբեր արդիւնքը կը պարտինք diaphragm-ի շարժումներուն եւ կամ զանազան օգտակար քիմիական նիւթերու առատ արտադրութեան՝ մեր մարմիններէն ներս:
Սէր.- Ամուսիններու՝ իրարու հանդէպ ունեցած սէրը կ՛առողջացնէ ձեր սիրտը: Կրկին վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, թէ այն կիները, որոնք իրենց սեռային յարաբերութիւնը կը գնահատեն իբրեւ բաւական գոհացուցիչ, նուազ հակամետ են սրտանօթային հիւանդութիւններ ունենալու, քան միւսները, որոնք չունին այդ յաջող յարաբերութիւնը: Ուրախ ամուսնական կեանք վայելող կանանց մօտ լաւ քոլեսթէրոլի մակարդակը բարձր կ՛ըլլայ, իսկ վատ քոլեսթէրոլը՝ ցած: Նաեւ, այս պարագային, արեան ճնշումը աւելի նուազ կ՛ըլլայ՝ բաղդատաբար ամուրի եւ կամ ոչ ուրախ ամուսնական կեանք վայելող կանանց հետ: Նման պարագաներու նկատելի է նաեւ, որ այսպիսի կանայք իրենց դաշտանադադարէն ետք արեան գերճնշման հարցեր կ՛ունենան:
Ինչո՞ւ համար ձեր միացումին եղանակը պիտի ազդէ ձեր քոլեսթէրոլի մակարդակին վրայ:
Առաջին հերթին, սիրով կատարուած յարաբերութիւնը կը նուազեցնէ գերլարուածութիւնը, որ ինքնին կը նշանակէ քորթիզոլ հորմոնին նուազ արտադրութիւն: Յիշեալ հորմոնը հիմնական պատասխանատուն է յաւելեալ կշիռքի: Իսկ պակաս կշիռքը կը նուազեցնէ սրտի անհանգստութեան վտանգները: Ամերիկայի կանանց մահերուն մեծ տոկոսին պատասխանատուն կը համարուի սրտի անհանգստութիւնը: Ուսումնասիրութիւն մը կատարուած է շուրջ 500 կիներու մօտ, 13 տարիներու տեւողութեան վրայ, 42-50 տարիքի սահմաններուն մէջ: Ուսումնասիրութեան արդիւնքը հաստատած է, թէ ուրախ ամուսնութիւն կնքած կիները յաւելեալ կշիռքի հարցեր չունին: Մինչ ամուրի կանայք կամ ոչ ուրախ ամուսնութիւններ կնքածները, տարուէ տարի աւելիով կշիռք աւելցուցած են իրենց մարմինին վրայ: Այս մէկը վտանգաւոր կը համարուի, որովհետեւ ծանր կշիռքը զանազան անհանգստութիւններու պատճառ կը դառնայ, ինչպէս շաքարախտ, քաղցկեղ կամ սրտի անհանգստութիւն:
Ամուսինէն ալ ստացուած քաջալերանքը բաւական գործ կը կատարէ հրաժարելու համար մոլութիւններէ: Օրինակ, կրնայ ամուսին մը քաջալերել, որ փոխանակ հեռատեսիլ դիտելով ժամանակ սպաննելու, միասին մարզասրահ յաճախեն ու օգտակար ժամեր ունենալ միասին՝ թէ՛ տրամադրութիւն բարձրացնելով եւ թէ միասին յարաբերութիւնը զարգացնելով:
42 տարեկան քարտուղարուհի մը կը հաստատէ, թէ ամուսինը հրաշքի համահաւասար գործ կատարած է իր կեանքին մէջ: Ան կ՛ըսէ. «Նախքան ամուսնութիւնը, հիմնականօրէն իմ զբաղմունքը հեռատեսիլն էր, իսկ ամուսնութենէն ետք, ամուսինս իր յաճախած մարզասրահը անդամագրեց զիս եւ միասնաբար, շաբաթական երեք անգամ մարզանք կը կատարենք: Հիմա աւելի երիտասարդ եւ ուրախ եմ քան նախապէս: Նաեւ աւելի ինքնավստահ եմ ու հանգիստ կը քնանամ, որովհետեւ գիտեմ, որ զիս սիրող ամուսին մը ունիմ»: