«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22ին Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի «Հէրիմըն» հիմնարկին մէջ իր արտասանած ճառին մէջ յայտնած է, որ Ատրպէյճան կը ձգտի դրացիներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու, սակայն Հայաստան եւս այս ուղղութեամբ քայլեր պէտք է առնէ։ Մամէտեարով իր ճառին մէջ մասնաւորաբար արծարծած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Ան յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է եւ պնդած, թէ Ատրպէյճան աշխարհաքաղաքական այնպիսի դիրք մը ունի, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը ոչ միայն իր զարգացման համար կարեւոր է, այլեւ՝ ամբողջ շրջանին։
Մամէտեարով շեշտած է, որ «Ատրպեճանական հողամասերուն քսան առ հարիւրը բռնագրաւուած է եւ աւելի քան մէկ միլիոն հոգի գաղթական դարձած է. միայն այդ անձերու վերադարձէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ որեւէ բանակցութիւն կարելի կը դառնայ»։
Ան ըսած է, որ այս առումով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ ու Ֆրանսայի նման երկիրներու ներդրումը շատ կարեւոր է։ Մամէտեարով յայտնած է, որ Ատրպէյճան կը գտնուի շրջանի մը մէջ, որ Արեւելքը Արեւմուտքին կը միացնէ, եւ որ իր աշխարհաքաղաքական դիրքը օգտագործելով՝ ան միշտ ջանացած է շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.